Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան
22-
րդ Տարեդարձին Նուիրուած
Ձեռնարկներ

Հռոմ

Սեպտեմբեր 19-ին Հռոմի «Փալացօ տէ լա Քանչելերիա» սրահներուն մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Աթոռին Հայաստանի դեսպանութեան բացման եւ Հայաստանի անկախութեան  22-րդ տարեդարձին  նուիրուած ընդունելութիւն եւ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ. քրիստոնէութեան ընդհանուր ժառանգութիւն» ցուցահանդէսի բացում:

Ընդունելութեան ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալբանդեան, որ խորհրդանշական համարեց այս օրը, որովհետեւ Հայաստանը` քրիստոնէութիւնը պետական կրօն հռչակած առաջին երկիրը,  դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն  կը  բանար Սուրբ Աթոռին մօտ:

Վատիկանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան բացման կապակցութեամբ Սուրբ Աթոռի անունով ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Արեւելեան եկեղեցիներու միաբանութեան ղեկավար եւ Արեւելեան պապական խորհուրդի նախագահ կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի:

Նոյն օրը Է. Նալբանդեան այցելեց նաեւ Վատիկանի մէջ Հայաստանի դեսպանատուն, ծանօթացաւ դեսպանութեան աշխատանքային պայմաններուն եւ  հանդիպում ունեցաւ  դեսպանութեան աշխատակիցներուն հետ:

 

Թեհրան

 

* Սեպտեմբեր 20-ին Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդանիստ Ս. Սարգիս մայր եկեղեցւոյ մէջ, Ս. պատարագի ընթացքին, նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի, կատարուեցաւ հանրապետական եւ գոհաբանական մաղթանք` Հայաստանի անկախ պետականութեան վերականգնման 22-րդ տարեդարձին առիթով: Օրհնուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եռագոյն դրօշը:

* Սեպտեմբեր 21-ին Թեհրանի «ԱՐԱՐԱՏ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 22-րդ տարեդարձին նուիրուած ընդունելութիւն:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Իրանի մէջ Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Առաքելեան, որմէ ետք ներկայացուեցան ազգային եւ ժամանակակից երաժշտութեան ստեղծագործութիւններ:

 

Ուքրանիա

 

Սեպտեմբեր 25-ին Ուքրանիոյ կառավարութեան ընդունելութիւններու տան մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ:

Հայաստանի դեսպան Անդրանիկ Մանուկեան իր ելոյթին մէջ նշեց, որ հակառակ բազմաթիւ դժուարութիւններու, հայ ժողովուրդը, շնորհիւ իր տոկունութեան, հաւատքի, կամքի, միասնականութեան եւ համախմբուածութեան, կրցաւ յաղթահարել դժուար հարցերը եւ այսօր վստահութեամբ կը կերտէ իր ապագան: Ան գոհունակութեամբ նշեց, որ ներկայիս հայ համայնքը իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ Ուքրանիոյ պետականութեան զարգացման ու ամրապնդման:

Գեղարուեստական բաժնով ելոյթ ունեցաւ «Քիեւ քլասիք» սիմֆոնիք նուագախումբը:

 

Ռումանիա

 

* Սեպտեմբեր 20-ին տեղի ունեցաւ «Ռումանիոյ հայկական ընտանիքները ամէն անգամ կ՛ապացուցեն իրենց համերաշխութիւնը, եւ տեղական համայնքներուն մէջ հայերը շատ յայտնի են» ձեռնարկը: Պոթոշան քաղաքի նախկին քաղաքապետ Ֆլորին Սիմիոն Ենկեր իր ելոյթին մէջ ընդհանուր գիծերու մէջ խօսեցաւ Հայաստանի Գ. հանրապետութեան պատմութեան, 1991-ին տեղի ունեցած անկախութեան հանրաքուէին, ինչպէս նաեւ հայ-ռումանական ներկայ յարաբերութիւններու մասին:

* Սեպտեմբեր 21-ին մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, որուն յաջորդեց 22 տարուան հնութիւն ունեցող թերթերու եւ փաստաթուղթերու ներկայացում: Ապա մարզային գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ բացում` «Հայերը. մի ազգի ճակատագիր» խորագրով ցուցահանդէսին, որուն ընթացքին այցելուները տարբեր գիրքերու, թերթերու, փաստաթուղթերու եւ լուսանկարներու միջոցով ծանօթացան Հայաստանի եւ ռումանահայ համայնքի պատմութեան:

* Սեպտեմբեր 24-ին Եաշ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Վասիլէ Փոկորէ գրականութեան թանգարանին մէջ կազմակերպուած «Ճանապարհ Հայաստանի միջով» լուսանկարներու ցուցահանդէս, իսկ երեկոյեան Եաշի «Ափոլլոնիա» համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ սեմինար` նուիրուած Հայաստանի անկախութեան օրուան:

 

Մոսկուա

Սեպտեմբեր 24-ին «Ռենեսանս Մոնարխ» հիւրանոցային համալիրի շքեղ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ:

Հայաստանի դեսպան Օլեկ Եսայեան իր ելոյթին մէջ նշեց անկախութեան օրուան խորհուրդի կարեւորութիւնը հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան մէջ: Ան նաեւ անդրադարձաւ հայ-ռուսական դարաւոր բարեկամութեան եւ երկու պետութիւններու միջեւ դաշնակցային գործընկերութեան զարգացման հեռանկարներուն:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Կրիկորի Քարասին իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ երկու բարեկամ ժողովուրդները ունին փոխգործակցութեան եւ աջակցութեան հարուստ անցեալ, իսկ պետական մակարդակով ռազմավարական գործընկերութիւնը այսօր եւս կը շարունակուի բարձր արդիւնաւէտութեամբ: Ելոյթ ունեցաւ «Հայորդիք» պարային համոյթը, նաեւ ներկայացուեցան անուանի հայ նկարիչներու աշխատանքներ:

 

Ֆրանսա

Սեպտեմբեր 21-ին Հայաստանի դեսպանութեան եւ Քոմպիէն քաղաքի համագործակցութեամբ տեղի ունեցաւ «Խաչքարերու արուեստ» ցուցահանդէսի բացումը:

Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեան իր ելոյթին մէջ ընդգծեց, որ Հայաստանի համար այս նշանակալի օրը Քոմպիէնի մէջ նշելու որոշումը հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու մէջ ապակեդրոնացուած համագործակցութեան կարեւորութեան վկայութիւնն է:

Նոյն օրը Ռոքպրիւն-սիւր-Արժանսի քաղաքապետարանին որոշումով եւ Հայաստանի դեսպանութեան հովանաւորութեամբ քաղաքի կեդրոնական հրապարակին մէջ տեղի ունեցաւ խաչքարի տեղադրման հանդիսաւոր արարողութիւն:

Անկախութեան տօնին նուիրուած ձեռնարկներ տեղի ունեցան նաեւ Մարսէյ, Լիոն, Վալանս, Ալֆորվիլ, Իսի լէ Մուլինօ եւ այլ հայաշատ քաղաքներուն մէջ:

 

Քուէյթ

Սեպտեմբեր 22-ին Քուէյթի «Մարինա» պանդոկի «Սալուա Սապահ»  սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ:

Հայաստանի դեսպանը ելոյթ ունենալով` անդրադարձաւ Հայաստան-Քուէյթ երկկողմ յարաբերութիւններու ներկայ ընթացքին եւ ապագայ ծրագիրներուն, Քուէյթի պետութեան հետ տարբեր մարզերէ ներս կատարուած աշխատանքներուն եւ փոխգործակցութեան խորացման հեռանկարներուն, ներկայացուց Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները եւ բարձր գնահատեց քուէյթահայ համայնքին դերը երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու կամրջման գործին մէջ:

Նոյն օրը կազմակերպուեցաւ նաեւ հայ արուեստի ստեղծագործութիւնները ներկայացնող ցուցահանդէս մը, նաեւ տեղի ունեցաւ Հայաստանի մասին տեսերիզի  ցուցադրութիւն:

 

Աւստրիա

Սեպտեմբեր 23-ին Վիեննայի Պորսայի հանդիսութիւններու մեծ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ:

Հայաստանի դեսպան, Վիեննայի միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արման Կիրակոսեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան 22 տարիներու անցած ուղին: Խօսելով հայ-աւստրիական երկկողմ բարեկամական յարաբերութիւններու մասին` դեսպանը անդրադարձաւ վերջին տարիներուն տեղի ունեցած բարձր մակարդակի փոխայցելութիւններուն: Ան նաեւ շեշտեց կարեւորութիւնը աւստրահայ համայնքի գործունէութեան, որ ազգային մշակոյթն ու արժէքները պահպանելու կողքին, կամուրջի դեր կը խաղայ երկու բարեկամ երկիրներու` Հայաստանի եւ Աւստրիոյ  ժողովուրդներուն  միջեւ փոխճանաչողութեան խթանման գործին մէջ:

 

Վրաստան

* Սեպտեմբեր 20-ին Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն:

Հայաստանի դեսպան Յովհաննէս Մանուկեան անդրադարձաւ 1991-ին հռչակուած հայկական պետութեան անկախութեան` որպէս վերջին մի քանի դարերու ընթացքին հայ ժողովուրդի   ամենանշանակալից ձեռքբերում: Ան նաեւ հաստատեց հայ-վրացական յարաբերութիւններու բարձր մակարդակը եւ շեշտեց զայն ամրապնդելու եւ խորացնելու համար երկու կողմերուն տարած աշխատանքին կարեւորութիւնը: Ապա շնորհաւորական խօսքով հանդէս եկաւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Մայա Փանճիկիծէ:

Գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցաւ «Հայարտուն» մշակութային կեդրոնին կից գործող պարային եւ երաժշտական խումբերը, նաեւ անհատ կատարողներ: Ներկայացուեցաւ նաեւ թիֆլիսահայ լուսանկարիչներ Եուրի Մեչիթովի եւ Եուրի Ակուլեանի` Հայաստանի գեղատեսիլ վայրերն ու կենցաղը պատկերող լուսանկարները:

* Նախաձեռնութեամբ վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կրթամշակութային եւ երիտասարդական կեդրոնին, աջակցութեամբ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան, համագործակցութեամբ Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, 21 սեպտեմբերին, Թիֆլիսի «Արթալ» համերգային սրահին մէջ նշուեցաւ վիրահայոց թեմի «Ճէյրան» պարային համոյթին 10-ամեակը:

 

Սան Փաւլօ

Սեպտեմբեր 21-ին Սան Փաւլոյի «Սոֆիզա» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: Ելոյթներով հանդէս եկան հիւպատոս Տիրուհի Պուրմայեան, քաղաքային կառավարութեան անդամ Ֆրանսիսքօ Փոսքոլօ եւ Վահագն Աթաբէկեան, որոնք ընդգծեցին անկախութեան դերը` որպէս ազգային վերածնունդի կարեւորագոյն գործօն, նշեցին Հայաստանի ձեռքբերումները` անցնող 22 տարիներու ընթացքին:

Գեղարուեստական բաժնով ելոյթ ունեցաւ «Էրեբունի» պարային խումբը, ցուցադրուեցաւ Սան Փաւլոյի նահանգապետ Ժերալտօ Ալկմինի կողմէ տրամադրուած լուսանկարչական ցուցահանդէսը, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի մասին պատմող տեսահոլովակներ:

Լոնտոն

Սեպտեմբեր 21-ին Լոնտոնի Կրինֆորտի քաղաքային սրահին մէջ տեղի ունեցաւ տօնական երեկոյ, որուն ընթացքին Լոնտոնի շաբաթօրեայ եւ կիրակնօրեայ դպրոցներու սաները ներկայացուցին համերգային ծրագիր եւ հանդէս եկան երաժշտական կատարումներով եւ ասմունքով:

Ձեռնարկին ելոյթ ունեցան` Արա Փալամուդեան, Հայաստանի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Արա Մարգարեան եւ բրիտանական խորհրդարանի երեսփոխան Սթիվըն Փաունդ:

Հարկ է նշել, որ Արա Մարգարեան բրիտանահայ համայնքային եւ եկեղեցական խորհուրդի գործադիր վարչութեան ատենապետ Վիգէն Հալաճեանին յանձնեց Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան ոսկի մետալը:

 

Թոքիօ

Սեպտեմբեր 21-ին «Հոթել Օքուրա» պանդոկի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: Դեսպան Հրանդ Պօղոսեան իր ելոյթին մէջ նշեց, որ հայ ժողովուրդը իր աշխատանքով ու նուիրուածութեամբ հաստատակամ է զարգացնել իր երկիրն ու աւելցնել Հայաստանի բարեկամներու թիւը աշխարհի տարածքին եւ ընդգծեց, որ Հայաստան եւ Ճափոն իրենց գործընկերութիւնն ու բարեկամութիւնը խորացնելու համար աշխուժ  օրակարգ ունին:

Այնուհետեւ շնորհաւորական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Ճափոնի խորհրդարանի անդամ Քազույուքի Համատա: Ան նշեց, որ ճափոնցիներուն համար Հայաստանը հետաքրքրական ու գրաւիչ երկիր եղած է իր պատմութեամբ, հարուստ մշակոյթով եւ աւանդոյթներով: Ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուեցաւ «Արմինիա, տը լենտ աֆ Նոա» խորագրով տեսերիզը:

 

Նորվեկիա

Սեպտեմբեր 21-ին Նորվեկիոյ Քրակերօ քաղաքին մէջ նշուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 22-ամեակը: Ձեռնարկը սկսաւ Քրակերոյի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած դասական երաժշտութեան համերգով: Ելոյթ ունեցան հանրայայտ երաժիշտներ Մարիանա Շիրինեան եւ Քրիսթիան Իհլէ Հատլանտ, որոնք մեկնաբանեցին Էտուարտ Կրիկի, Կապրիել Ֆորէի, Ֆրետերիք Շոփենի, Արամ Խաչատուրեանի, Սերկէյ Ռախմանինովի եւ Ալեքսանդր Յարութիւնեանի ստեղծագործութիւններէն կտորներ: Համերգէն առաջ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան  Քրակերոյի քաղաքապետ Քեարէ Փրեպեն Հետլանտ եւ Հայաստանի դեսպան Հրաչեայ Աղաճանեան:

Այնուհետեւ Քրակերոյի Գեղարուեստի դպրոցին մէջ ցուցադրուեցաւ դանիացի ճարտարապետ Փիոռն Եորկենսենի «Հայկական եկեղեցին Արեւելքի եւ Արեւմուտքի խաչմերուկի մէջ» խորագրով լուսանկարներու հարուստ հաւաքածոն` ներկայացնելով հայկական եկեղեցիներու ճարտարապետութիւնը:

Նշենք, որ նախքան ձեռնարկը` Հայաստանի դեսպան Հրաչեայ Աղաճանեան ծաղկեպսակ զետեղեց Պոտիլ Փիոռնի յուշաքարին դիմաց:

 

Յունաստան

 

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» կոմիտէութեան քարոզչական յանձնախումբին եւ Նէա Զմիռնիի քաղաքապետութեան, 21 սեպտեմբերին Նէա Զմիռնիի պուրակին մէջ  «Իոնիքես Եորթես» փառատօնի ծիրէն ներս նշուեցաւ Հայաստանի անկախութեան 22-ամեակը:

Երեկոյին բացումը կատարեց Թալին Ղեւոնդեան, որ անդրադարձաւ Նէա Զմիռնիի քաղաքապետութեան կողմէ շարունակաբար ցուցաբերուած յատուկ գուրգուրանքին, իր եղբայրակից  քաղաք` Սիսիանի հանդէպ:

Գեղարուեստական յայտագիրը կը ներառէր երաժշտութիւն, երգ ու պար: Համազգայինի «Նանոր» եւ «Նայիրի» պարախումբերը ներկայացուցին հայկական պարերու հարուստ շարք մը: Երգերու կատարումներով հանդէս եկան` Զօրիկ Սելիմեան, Մարալ Գույումճեան, Վիգէն Մինասեան, Թամար Պարսամեան, Արշալոյս Սափրիչեան եւ Յարութ Սպարթալեան: Նուագախումբին իրենց մասնակցութիւնը բերին` Կարօ Պարտաքճեան (երգեհոն եւ աքորտէոն), Թոմաս Մուսիալոֆսքի (սաքսոֆոն, սրինգ եւ քլարինեթ), Յովսէփ Թոփալեան (տհոլ եւ հարուածային գործիքներ), Սամուէլ Կարապետեան (ջութակ), Սիւզան Սարտարեան (քանոն), Յարութ Թորոսեան (կիթառ), Տիգրան Սարգիսեան (տուտուկ):

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )