Միջին Ականջի Հիւանդութիւններ

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Միջին ականջը եւ կամ թմբկախոռոչը կը տեսնուի հետեւեալ հիւանդագին երեւոյթներով.

Ա.- Միջին ականջի բորբոքումներ.

Միջին ականջի եւ կամ թմբկախոռոչի բորբոքումը կը պատահի որեւէ մէկ տարիքի, բայց եւ այնպէս ան շատ աւելի տեսնուած է երեխաներու մօտ: Անոր ախտապատճառը լսափողի, քիթի եւ քթաըմբանի (nasopharynx) վատառողջ վիճակն է, ինչպէս նաեւ` մանկական ժահրային զանազան հիւանդութիւնները: Քիթի, քթաըմբանի եւ լսափողի մանրէական բորբոքումները տարածուելով միջին ականջ` կը յառաջացնեն թմբկախոռոչի բորբոքում:  Մանկական ժահրային հիւանդութիւններուն մեծամասնութիւնը կը հարուածեն մանուկներուն միջին ականջը եւ կը յառաջացնեն միջին ականջի ժահրային բորբոքում:

Որեւէ մէկ հիւանդագին կացութիւն եւ կամ երեւոյթ, որ կը տեսնուի քիթի եւ քթաըմբանի մէջ, կ՛ունենայ իր վատ անդրադարձը լսափողին վրայ. ան կը խցուի եւ միջին ականջի օդաճնշաչափը (air pressure) կը բարձրանայ ու կարճ ժամանակաշրջանէ մը ետք կը յառաջանայ միջին ականջի բորբոքում: Քիթի եւ քթաըմբանի խցումը տեղի կ՛ունենայ գերզգայնութեամբ, զանազան տեսակի բորբոքումներով, խլիրդով, պարզ ուռերով, գեղձուռոյցքով (adenoids) եւ խորշապատի (nasal septum) ծուռութեամբ: Յաճախ նշիկներու (tonsils) եւ գեղձուռոյցներու բորբոքումը կը հարուածէ լսափողն ու միջին ականջը, եւ տեղի կ՛ունենայ լսափողաբորբ (eustation tube infection) եւ միջին ականջի բորբոքում: Լսափողի երկարատեւ բորբոքումը պատճառ կը դառնայ անոր խցումին: Մանուկներու մօտ լսափողին բորբոքումը յաճախակի է, որովհետեւ անոնց լսափողը, փոխանակ շեղակի ըլլալու, կը գտնուի հորիզոնական դիրքի վրայ, եւ այս իսկ պատճառով մանուկին քթաըմբանէն սննդանիւթերու կտորիկներ դիւրաւ կը մտնեն լսափող եւ կը յառաջացնեն լսափողաբորբ, ինչպէս նաեւ` միջին ականջի բորբոքում: Սրուակով սնանող մանուկներ աւելի հակամէտ են միջին ականջի բորբոքումներու:

Միջին ականջի բորբոքումները կրնան ըլլալ`

ա.- Թարախային եւ կամ ոչ թարախային.

բ.- Սուր եւ կամ մնայուն-երկարատեւ.

գ.- Մանրէական, սնկային եւ ժահրային.

Միջին ականջի պարզ բորբոքումը կրնայ զարգանալ եւ վերածուիլ հեղուկային բորբոքումի, որ կրնայ ըլլալ թարախային եւ կամ ոչ թարախային: Հեղուկային բորբոքումի զարգացումով թմբկախոռոչը կը լեցուի շիճուկային (serous) եւ կամ թարախային հեղուկով եւ օդի պղպջակներով. ականջաթաղանթը կը կորսնցնէ իր բնական երեւոյթը. անիկա կը կարմրի եւ կը ցցուի դէպի դուրս. հիւանդը կը տառապի ցաւէ, լսողական կորուստէ, ականջաբզզիւնէ, գլխապտոյտէ, ջերմութենէ, դողէ, փսխուքէ եւ ծամելու դժուարութենէ: Յաճախ միջին ականջին մէջ կուտակուած հեղուկին ճնշումով թմբկաթաղանթը կը ծակի եւ տեղի կ՛ունենայ շիճուկային, արիւնաշիճուկային (sirosanguinous) եւ կամ թարախային ականջածորանք-հոսք:

Սուր բորբոքումի պարագային, դարմանումը կ՛ըլլայ դեղերով` թմբկաթաղանթի ծակումով (myringotomy), միջին ականջի շիճուկային եւ կամ թարախային հեղուկի վերացումով եւ ստեղծուած թմբկաթաղանթի ծակին մէջ արուեստական պզտիկ խողովակի մը զետեղումով: Ստեղծուած թմբկաթաղանթի ծակը ընդհանրապէս կը սպիանայ եւ որոշ ժամանակ մը ետք ինքնաբերաբար կը գոցուի:

Միջին ականջի բորբոքումի եւ անոր ախտապատճառներու հիմնական դարմանումի ձախողութեամբ կը յառաջանայ մնայուն-երկարատեւ ականջաբորբ, որուն ախտանշաններն են` թմբկաթաղանթի մնայուն բացուածք-ծակ, յարատեւ թարախահոսք, միջին ականջի ոսկրիկներու անշարժացում եւ կամ փտում ու լսողական մնայուն կորուստ, նաեւ` ականջաբզզիւն եւ գլխապտոյտ: Մնայուն ականջաբորբի դարմանումը կը կարօտի երկարաշունչ եւ հետեւողական միջոցառումի` հակամանրէական դեղերու եւ վիրաբուժական գործողութեան: Թմբկաթաղանթի մնայուն ծակը կը վերակազմուի վիրաբուժական գործողութեամբ` կատարելով մաշկային պատուաստում (myringoplasty):

Մնայուն ականջաբորբը կրնայ տարածուիլ ներքին ականջ եւ հարուածել լսողական եւ հաւասարակշռութեան օրկանները, որոնք կը յառաջացնեն խլութիւն, գլխապտոյտ եւ ականջաբզզիւն: Քիչ պարագաներու բորբոքումը կը տարածուի պտկաձեւ ելուստ (mastoid) եւ կը յառաջանայ պտկաձեւ ելուստի բորբոքում ու փտում, որ կը դարմանուի միայն վիրաբուժական գործողութեամբ: Շատ քիչ պարագաներու նաեւ բորբոքումը կը տարածուի ականջի սահմաններէն դուրս եւ կը հասնի ուղեղ, ուր կրնայ տեղի ունենալ խելապատատապ (meningitis) եւ ուղեղատապ:

Երկարատեւ ականջաբորբի պատճառով միջին ականջի երեք ոսկրիկները կը փտին, կ՛անջատուին իրարմէ եւ կամ կ՛անշարժանան. այս բոլորին իբրեւ հետեւանք` հիւանդը կ՛ունենայ զանազան աստիճանի եւ զօրութեամբ լսողական փոխանցման կորուստ:

Միջին ականջի բորբոքումը կրնայ յառաջանալ նաեւ մեր շրջապատի օդաճնշումի անակնկալ փոփոխութեամբ, որ կը պատահի սուզուելու, ընկղմելու, լեռ մագլցելու եւ օդանաւով ճամբորդելու ընթացքին: Բոլոր պարագաներուն ալ լսափողը կը խցուի եւ կը յառաջանայ միջին ականջի անակնկալ սուր բորբոքում:

Միջին ականջի սուր բորբոքումը եւ երկարատեւ ականջաբորբը վերջնականապէս կը վերանան միայն ու միայն հիմնականօրէն դարմանելով լսափողի, քիթի եւ քթաըմբանի հիւանդագին երեւոյթները ու գերզգայնութիւնը:

Բ.- Միջին ականջի երեք ոսկրիկներու հարուածային վնասով տեղի ունեցած ձայնային ալիքներու հաղորդակցութեան խանգարում եւ լսողական կորուստ:

Այս կացութիւնը կարելի է դարմանել վիրաբուժական գործողութեամբ մը, ուր կը կատարուի ոսկրիկներու վերամիացում:

Գ.- Միջին ականջի ոսկրիկներու ոսկրապնդացում (otosclerosis).

Միջին ականջի երեք ոսկրիկները կրնան վնասուիլ ոսկրապնդացումով, սակայն առաւելաբար երրորդ ոսկրիկն է, որ կ՛անշարժանայ ձուաձեւ պատուհանին (oval window) վրայ, ապա տեղի չ՛ունենար ձայնային ալիքներու փոխանցումը դէպի ներքին ականջ ու կը յառաջանայ լսողական փոխանցման կորուստ: Ոսկրապնդացումը կը հարուածէ ժողովուրդին մէկ առ հարիւրին մէկ կամ երկու ականջները: Ան առաւելաբար կը տեսնուի միջին տարիքի մարդոց քով եւ հաւասարապէս երկու սեռերուն մէջ: Լսողական կորուստը կը վերականգնի վիրաբուժական գործողութեամբ մը, երբ անշարժացած ոսկրիկը կը փոխարինուի կերպընկալ արհեստական ոսկրիկով մը:

Դ.- Ոսկրիկներու ընդոծին անբնական արատներ, որոնցմէ կարելի է յիշել ոսկրիկներէն մէկուն կամ մէկէ աւելի ոսկրիկներու չգոյութիւնը, ինչպէս նաեւ` ոսկրիկներու անբնական եւ այլանդակ զարգացումը: Այս բոլորին իբրեւ հետեւանք` կը յառաջանայ լսողական փոխանցման կորուստ: Վիրաբուժական գործողութեամբ մը կարելի կ՛ըլլայ վերակազմել ոսկրիկներու բնական շարուածքը:

Ե.- Լաւորակ ուռեր, պոլոպներ (polyps), որոնք կը զարգանան միջին ականջի բորբոքումներով եւ գերզգայնութեամբ: Այս ուռերը արգելք կը հանդիսանան ոսկրիկներու ազատ շարժումներուն եւ ձայնային ալիքներու դէպի ներքին ականջ փոխանցման, որոնք պատճառ կը դառնան լսողական փոխանցման կորուստի:

Զ.- Չարաղէտ ուռեր-քաղցկեղ, որոնք կը գործեն լաւորակ ուռերու նման:

Վերոնշեալ բոլոր ուռերու վիրահատումով կարելի կ՛ըլլայ վերահաստատել լսողութիւնը եւ չէզոքացնել ականջաբզզիւնը:

Է.- Զարկերակային պզտիկ ուռեր, որոնք կը տեսնուին թմբկաթաղանթի ետին` իբրեւ բաբախուն ուռեր. անոնք կը յառաջացնեն ականջաբզզիւն եւ քիչ պարագաներու` լսողական կորուստ: Այս զարկերակային ուռերուն վիրահատումով կ՛անհետանայ ականջաբզզիւնը եւ լսողութիւնը կը վերադառնայ իր բնական վիճակին:

Ը.- Մթնոլորտի ճնշումի փոփոխութիւններուն պատճառով ստեղծուած խխունջի վնաս-հարուած, որ կը պատահի սուզուելու եւ կամ լեռ մագլցելու, ինչպէս նաեւ օդանաւային ճամբորդութեան ընթացքին: Ծովեզերեայ օդի ճնշումը կը կրկնապատկուի, երբ ծովու մակերեսէն 10 մեթր վար իջնենք, իսկ երբ ծովու մակերեսէն 600 մեթր վեր բարձրանանք, օդի ճնշումը կը նուազի կէսով: Այս փոփոխութիւններուն պատճառով կը յառաջանայ միջին ականջի սուր բորբոքում, ականջացաւ, լսողական փոխանցման եւ ընկալական կորուստ, գլխապտոյտ եւ ականջաբզզիւն:

Օդանաւային ճամբորդութեան ընթացքին տեղի կ՛ունենան երկու տարբեր կացութիւններ`

ա.- Ելքի ընթացքին միջին ականջի ճնշումը կամաց-կամաց կը բարձրանայ, թմբկաթաղանթը կը ցցուի դէպի դուրս եւ միջին ականջի օդը եւստաքեան խողովակէն կ՛ուղղուի դէպի քթաըմբան:

բ.- Էջքի ընթացքին միջին ականջի ճնշումը կամաց-կամաց կը նուազի, թմբկաթաղանթը կը քաշուի դէպի ներս եւ օդը դժուարութեամբ կ՛անցնի եւստաքեան խողովակէն:

Երկու պարագաներուն ալ ենթական կրնայ ունենալ ականջացաւ, միջին ականջի սուր բորբոքում, թմբկաթաղանթի պատռուածք եւ շիճուկային եւ կամ արիւնաշիճուկային ականջահոսք: Այս բոլորը աւելի զգալիօրէն կը տեսնուին էջքի ընթացքին: Օդանաւային ճամբորդութեան առնչութեամբ յանձնարարելի է ճամբորդութեան ընթացքին շարունակ կլլելու փորձ ընել եւ կամ ձիւթ ծամել. իսկ հարբուխ եւ զանազան պատճառներով քիթի խցում ունեցողներ օդանաւով պէտք չէ ճամբորդեն:

Մոնրէալ

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )