Դանիէլ Վարուժանի Նուիրուած Նիկոլ Պէզճեանի «Կաթ, Մեխակ Ու Երգ Րենական» Ժապաւէնի Անդրանիկ Ցուցադրութիւն

Ն. Բ.

2 հոկտեմբերին ընթացք առած Պէյրութի միջազգային շարժապատկերի փառատօնի ծիրին մէջ կիրակի, 6 հոկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, «Ապրաժ» շարժապատկերի սրահին մէջ (Սին Էլ Ֆիլ) տեղի պիտի ունենայ անդրանիկ ցուցադրութիւնը բեմադրիչ Նիկոլ Պէզճեանի «Կաթ, մեխակ ու երգ րենական» ժապաւէնին, որ Դանիէլ Վարուժանի միտքի, մշակոյթի, արուեստի, գրականութեան արժեւորումն է: Մուտքի սակը 5000 լ. ոսկի է, եւ զայն կրնան դիտել բոլոր փափաքողները:

Նոյն փառատօնի ծիրին մէջ, երկուշաբթի, 7 հոկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 5:30-ին նոյն վայրին մէջ պիտի ներկայացուի նաեւ Ն. Պէզճեանի «Կօշիկներս Պոլիս ձգեցի» ժապաւէնը:

«Դանիէլ Վարուժան բանալին է տեսնելու հայ մտքի թաւալքի հանգրուանները: Ժապաւէնը կամաց կամաց կ՛ընթանայ, կը կուտակուի, կը կուտակուի, արուեստի, մշակոյթի, գրականութեան, ստեղծագործութեան տարբեր հորիզոններ կը բացուին Դանիէլ Վարուժանի միջոցով: Ժապաւէնը կը սկսի հեթանոսական օրերէն մինչեւ 2010 թուական, ապրիլ 24, Պոլիս, ուր առաջին անգամ ըլլալով թուրքերը Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչում կազմակերպեցին», այս առիթով «Ազդակ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց ժապաւէնի բեմագիր, բեմադրիչ եւ արտադրող Նիկոլ Պէզճեանը:

Անոր համաձայն, նկատի ունենալով, որ ժապաւէնին տեւողութիւնը երեք ժամ է, թերեւս դժուար կը թուի անոր հետեւիլը, բայց ասիկա, շատ մը այլ ներկայացումներու նման, յատուկ աշխատանք է, տարբեր պատկերներ կան, տարբեր հորիզոններ: «Ժապաւէնը կը փոխադրուի քաղաքէ քաղաք, երկրէ երկիր, կը տեսնես հայութեան տարբեր խմբաւորումներ, նկատելի կ՛ըլլայ անոնց միջեւ տարբերութիւնը: Ամէն քաղաքի մէջ տեղացի աղջիկ մը Դանիէլ Վարուժանի «Հացին երգ»-ը գիրքէն բանաստեղծութիւն մը կը կարդայ իր լեզուով` արաբերէնով, ֆրանսերէնով, անգլերէնով եւ այլն: Քաղաքէ քաղաք երբ կ՛երթանք, իւրաքանչիւրին յատուկ խորհրդանիշներ կը հրամցուին դիտողին: Դանիէլ Վարուժանի առաջին բանաստեղծութիւնը կը կարդայ թրքուհի մը. ան մզկիթի մը առջեւ նստած՝ թրքերէնով «Անդաստանը» կը կարդայ: Իսկ վերջին բանաստեղծութիւնը նոյնն է, հայերէնով, Դանիէլ Վարուժանի յուշակոթողին առջեւ: Ասոնք մեծ փակագիծներ են… Երաժշտութիւնը ազդուած է կոմիտասեան գործերէն. ժապաւէնին երաժշտական բոլոր մշակումները կատարած ու նուագած է Յարութ Պէզճեան»:

Նիկոլ Պէզճեան կը հաստատէ, որ ժապաւէնը ամբողջական ըլլալ չի յաւակնիր, շա՜տ շա՛տ ըսուելիքներ եւ պրպտելիք բաներ կան Դանիէլ Վարուժան մեծութեան մասին, բայց կարելի եղածին չափ փորձ կը կատարուի  հիմնական ուղեգիծ մը ներկայացնելու:

«Այս ժապաւէնին մէջ Դանիէլ Վարուժանի ընդմէջէն Հայ դատը անպայման լուսարձակի տակ կու գայ, սակայն չկայ արդարութեան կամ դատի վերաբերող այլ պահանջ: Վերջաւորութեան լոյս կ՛արձակուի այն իրականութեան վրայ, որ այսպիսի ջարդեր, բռնութիւններ, պատերազմներ պատճառ կը դառնան, որ շատեր սպաննուին, արդեօք սպաննողը գիտէ՞, թէ այդ մարդը ի՛նչ արժէք կը ներկայացնէ մարդկութեան, մշակոյթին, մտքի զարգացման: Վարուժան օրինակ մըն է, մեծ կորուստ է, ժապաւէնին մէջ այդ մեծ անձնաւորութեան կորուստին տարողութիւնը լուսարձակի տակ կը բերուի», դիտել տուաւ Ն. Պէզճեան:

Ժապաւէնը բազմալեզու է` հայերէն, արաբերէն, թրքերէն, ֆրանսերէն, իտալերէն եւ անգլերէն. նկարահանուած է աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ` Երեւանի, Պոլսոյ, Պէյրութի, Հալէպի, Ալֆորվիլի, Փարիզի, Փատովայի, Վենետիկի, Նիւ Եորքի եւ Պոսթընի, անոր մէջ Վարուժանի մասին կը խօսին Մարկ Նշանեան, Պօղոս Սնապեան, Սեդա Տատոյեան, հայր Լեւոն Զեքիեան եւ այլ անձնաւորութիւններ:

Դանիէլ Վարուժան ներկայացնելու եւ «Կաթ, մեխակ ու երգ րենական»-ին ծնունդ տալու համար իրեն մղիչ ուժ եւ ուղեգիծ հանդիսացող տուեալներուն մասին խօսելով` բեմադրիչը ըսաւ.

«Միշտ ալ սիրած եմ այս նիւթով զբաղիլ, շատ մօտ եմ գրականութեան, գրական արուեստին եւ այլն: Զուգադիպութիւններու շարք մը տեղի ունեցաւ եւ տարիներու փնտռտուքս` բան մը ընելու, յայտնուեցաւ եւ ուրուագծուեցաւ: Պատասխանը ստացայ մտքիս մէջ առկայ հարցումներուն:

«Պոլսոյ մէջ երբ այլախոհ թուրքեր սկսան Հայ դատին հետեւիլ, արտայայտութիւններ ունենալ, մտքիս մէջ հարց մը ծագեցաւ, թէ արդեօք երբ այս մարդիկը կ՛ըսեն, որ ասիկա նաեւ մեր հարցն է, մեր ցաւն է, եւ կը խօսին նահատակներու, 1915-ին Պոլիսէն անհետացած մտաւորականներու մասին, գիտե՞ն արդեօք անոնց արժէքը, գիտէի՞ն, թէ որքան խորունկ եւ հեռու կ՛երթային այս նահատակուածները: Այս հարցումը նախադէպ եղաւ եւ պատճառ դարձաւ, որ ծագի այլ հարցում մը. թուրքերը, որոնք Պոլսոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման հաւաքին Դանիէլ Վարուժանի նկարը բռնած են, արդեօք Դանիէլ Վարուժանի գործերուն ծանօ՞թ են, անոր ստեղծագործութիւնները թրքերէնի թարգմանուա՞ծ են, այդ թուրքերը կարդալու առիթ ունեցա՞ծ են: Այսպէս սկսաւ մտքիս մէջ բան մը ձեւաւորուիլ: Պատահեցաւ, որ նոյն ատեն Պէյրութի մէջ կար համագումար մը` արուեստի ու մշակոյթի նուիրուած: Անոր փակման զեկուցողը Մարկ Նշանեանն էր. ան բաղդատական մը ըրաւ Մահմուտ Տարուիշին, Էտուարտ Սայիտին, Յակոբ Օշականին եւ Դանիէլ Վարուժանին միջեւ. բոլորն ալ դատերը ներառած են իրենց գրականութեան մէջ: Երբ աւարտեց զեկուցումը, մօտեցայ եւ ըսի, թէ կը մտածեմ Դանիէլ Վարուժանի մասին ժապաւէն մը պատրաստել եւ կ՛ուզեմ իրեն հետ խորհրդակցիլ. ան քիչ մը ժխտական մօտեցում ցուցաբերեց եւ ըսաւ, որ շատ դժուար է բանաստեղծին մասին ժապաւէն նկարահանել, որովհետեւ տեսնելու բան չկայ, նկարներ չկան, այլ բանաստեղծութիւնն է խօսքը: Անդրդուելի մնացի եւ ուզեցի իրեն հետ տեսակցիլ: Այդ պահուն արդէն իսկ որոշեցի, որ այս ժապաւէնը պէտք էր ծնունդ առնէր»:

Յաջորդող երկու շաբաթներուն Դանիէլ Վարուժանի աշխարհը թափանցելու արշաւ կատարելէ ետք, Ն. Պէզճեան կ՛ուղղուի Պոլիս, հանդիպումներ կ՛ունենայ Մարկ Նշանեանի հետ: «Ժապաւէնը սկսաւ զարգանալ նկարահանումներու ճամբով, իմ պրպտումներուս եւ պեղումներուս հետ քիչ քիչ յստակացաւ ուղին, եւ ժապաւէնը կազմեց իր նկարագիրը:  Ժապաւէնին պատրաստութիւնը տեւեց երկար, շուրջ 4 տարի, որովհետեւ պիւտճէի չգոյութեան պատճառով պէտք էր սպասէի առիթներու: Պէտք էր կարելիութիւններ ստեղծէի:

«Հետաքրքրական էր, երբ առաջին անգամ Պոլիս գացի, որովհետեւ անիկա մեզի` սփիւռքահայերուս համար յատկապէս, ներկայ, բայց բացակայ քաղաք մըն է. ներկայ` մեր մտքերուն մէջ, երեւակայած ենք անոր փողոցները մեր գրականութեան ընդմէջէն, բայց չենք տեսած զանոնք: Երբ հոն ներկան ու բացական իրարու կը հանդիպին շատ վերացական բան մը կը ստեղծուի, անբացատրելի ապրումներ կ՛ունենաս: Հոն եղած հանգրուանիս ինծի առաջարկ ներկայացուեցաւ հայ-թրքական շարժապատկերի բեմահարթակի ծիրին մէջ բան մը ներկայացնելու, առաջարկեցի, որ 1880-ին գրուած Յակոբ Պարոնեանի «Պտոյտ մը Պոլսոյ թաղերուն մէջ» գործին վրայ հիմնուելով` այսօր երթանք տեսնելու, թէ այդ թաղերուն պատկերը ի՛նչ է: Բնականաբար կարելի չէր Յակոբ Պարոնեանի գիրքին իւրաքանչիւր էջին ընդմէջէն քալել, ծրագիրը որոշ փոփոխութիւններ կրեց: Այս աշխատանքներուն ընդմէջէն ծնունդ առաւ «Կօշիկներս Պոլիս ձգեցի» ժապաւէնը, որուն զուգահեռ նաեւ մարմին սկսաւ առնել Դանիէլ Վարուժանին նուիրուած բազմաշերտ ժապաւէնը: Երկու ժապաւէնները իրարու զուգահեռ ընթացան. թէեւ անոնք անջատ են, սակայն իրարու կապուած են. մէկը Դանիէլ Վարուժանին կը վերաբերի, միւսը այն տեղն է, ուր Վարուժան եւ մեր մտաւորականները ապրած են: «Կաթ, մեխակ ու երգ րենական» ժապաւէնը կ՛աւարտի Բարսեղ Կանաչեանի «Օրօր»-ով, իսկ «Կօշիկներս Պոլիս ձգեցի»-ն կը սկսի նոյնով: Մէկը միւսին կ՛առաջնորդէ ձեւով մը»:

Նիկոլ Պէզճեան տեղեկացուց, որ «Կաթ, մեխակ ու երգ րենական» ժապաւէնին մէկ հատուածը` «Բանաստեղծ սգացողը» խորագիրով ներկայացուած է Յունաստանի մէջ կայացած արուեստի միջազգային փառատօնի մը եւ՝ մեծ ընդունելութիւն գտած:

«Արուեստի ցուցահանդէսներ կազմակերպող մը տեսաւ այս ժապաւէնները, գնահատեց զանոնք, բայց իրեն համար շատ կարեւոր էր «Կաթ, մեխակ ու երգ րենական» ժապաւէնը, որովհետեւ ան իր մտքին մէջ շատ հարցումներ ունէր այն մասին, որ ինչո՞ւ հայ արուեստագէտը, գրականութիւնն ու գրականագէտը այսպէս վարուած են ջարդէն ետք, այդ այսպէսը ինքնին հարց է, իսկ անոնց սպասումները եւ պատասխանները ինչ են, այդ ալ հարց է ինքնին: Ժապաւէնը պատասխաններ կու տար այդ չխօսուած, չյայտարարուած, մտքերուն մէջ առկայ հարցումներուն: Խնդրեց ինձմէ, որ 3 ժամնոց ժապաւէնէն առնել միայն առաջին 22 վայրկեանը, յատուկ մուտքով, որպէսզի տարբերի ընդհանուր ժապաւէնէն եւ կեդրոնանանք այն բաժինին վրայ, ուր Մարկ Նշանեանը կը խօսի այն մասին, թէ արուեստը սո՞ւգ է, բանաստեղծը ստագո՞ղն է, ինչո՞ւ կարեւոր է սուգը եւ ինչու կարեւոր է տեսնել Դանիէլ Վարուժանը իբրեւ սգացող բանաստեղծ` իր կարգ մը այլ յատկութիւններու կողքին:

«Բանաստեղծ սգացող» խորագիրը կրող այդ կարճ ժապաւէնը ցուցադրուեցաւ Թեսաղոնիկէի երկամեայ արուեստի փառատօնին, որուն բացումը տեղի ունեցաւ սեպտեմբեր 18-ին. ներկայ էին պաշտօնական անձնաւորութիւններ, շարժապատկերի աշխարհէն արուեստագէտներ, լրագրողներ, շուրջ 2000 հոգի, որոնք տեսան այս ժապաւէնը: Զարմանալի ընդունելութիւն եւ մեծ հետաքրքրութիւն գտաւ անիկա: Աշխարհի չորս ծագերէն փառատօնին կը մասնակցէին 56 արուեստագէտներ, սակայն  ժապաւէնս, որ իսկական եւ սովորական ժապաւէն ալ չէ, փառատօնին օրակարգը դարձած էր: Հաւանաբար առաջին անգամ ըլլալով է, որ Դանիէլ Վարուժան այսպէս միջազգային բեմի վրայ կը ներկայանայ, մարդիկ կէս ժամ հայերէն մտիկ կ՛ընեն, անգլերէն թարգմանութեամբ՝ բնականաբար, աւելին կ՛ուզեն գիտնալ, թէ Դանիէլ Վարուժան ո՛վ է, ի՛նչ գրած է:

«Ժապաւէնը ներկայիս օրական քանի մը անգամ կը ցուցադրուի` մինչեւ յունուար 31 2014, այսինքն աւելի քան 2000 անգամ: «Հետաքրքրականը այն էր, որ ցուցահանդէսին կային նաեւ ուրիշ երկու հայկական նիւթ ունեցող ժապաւէններ: Մէկը Հիւսէյն Քարապէին ժապաւէնն է, որ կը կոչուի «Ոչ մէկ մթութիւն մեզի մոռցնել պիտի տայ». Հրանդ Տինքի մասին է. կար նաեւ պրազիլահայ արուեստագէտ Իզապէլ Բալազեանին ժապաւէնը, որուն մէջ կը ներկայացուի, թէ մեծ մայրը ինչպէս Պրազիլ հասած է: Այս երեք գործերը ամբողջ փառատօնին տրամադրութիւնը որոշեցին:

«Շատ քիչ կը պատահի, որ նման փառատօներ հիմնական խորագիր ունենան, այս տարի հետաքրքրական էր, որ նիւթը Դանիէլ Վարուժանին նիւթն է, այսինքն` փնտռել ու գտնել միջոցը կորուստը կասեցնելու, անցեալը վերակերտելու վերջին ճիգ կատարելու: Արուեստագէտները մեծամասնութեամբ Միջին Արեւելքէն, Միջերկրականի շրջաններէն էին, ուր մեծ պատերազմներ կան, մեծ կորուստներ կան, միշտ կը պայքարին անցեալը պահելու, գոյատեւելու եւ այլն:

«Բանաստեղծ սգացող»-ին մէջ հիմնական է այն, թէ ինչո՛ւ կարեւոր է սգալ, եւ թէ՛ սուգը ի՛նչ կը նշանակէ` իբրեւ վերջին ճիգ մշակոյթ մը իր յաւիտեան կորուստէն փրկելու», եզրափակեց Ն. Պէզճեան:

Դանիէլ Վարուժանի նուիրուած այս իւրայատուկ ժապաւէնը դիտելու առիթը ներկայացուած է բոլորին, կը մնայ ընդառաջել եւ ըմբոշխնել Վարուժանը «Կաթ, մեխակ ու երգ րենական»-ին ընդմէջէն:

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (1)
  • Vicken Tarpinian 10 years

    Abrin Hay arvestakednere.

  • Disqus ( )