Թարգմանչաց Տօնի Սեմին Նոր Հրատարակութիւն. Լոյս Տեսաւ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի Անտիպ Թատրերգութիւնը. «Հայ Գիրը Կամ Ոսկի Դաշտը»

Պատրիարքական աթոռոյս «Արմաշ» մատենաշարէն, որպէս եօթներորդ հատոր լոյս տեսաւ արմաշական հայրերէն երանաշնորհ Գարեգին պատրիարք Խաչատուրեանի` մեծանուն Տրապիզոնցիի «Հայ գիրը կամ ոսկի դաշտը» խորագրեալ անտիպ թատրերգութիւնը:

Հետաքրքրական, նոյնքան գեղեցիկ զուգադիպութեամբ սոյն հրատարակութիւնը լոյս կը տեսնէ Ս. Թարգմանչաց տօնի նախօրեակին ու Հայ մշակոյթի շաբթուան սեմին: Այս հատորը հեղինակութիւնն է հայ գիրերու սիրահար մեծանուն հովուապետին: Ընթերցողը այս նիւթին աւելի պիտի համոզուի, երբ սկսի կարդալ գիրքը:

Սրբազան հեղինակը սոյն թատրերգութիւնը գրի կ՛առնէ Լատին Ամերիկայի առաջնորդութեան վերջին շրջանին կամ Պոլսոյ պատրիարքութեան առաջին օրերուն:

Սոյն հատորը կը բաղկանայ 88 էջերէ եւ կ՛ընդգրկէ, բացի թատրերգութեան բնագիրէն, սրբազան հեղինակին անտիպ նկարը, կենսագրութիւնը, բնագրի մէջ առկայ նուազ ծանօթ բառերու ցանկ մը եւ այլն:

Հատորը լոյս կը տեսնէ խմբագրութեամբ`  Վաղարշակ սրկ. Սերովբեանի, իսկ շքեղ կողքը պատրաստուած է Արիս Քարաֆիլի կողմէ, երբեմնի գնալըաբնակ Վարսենիկ Մ. Մեզպուրեանի (1889) պատրաստած ածխամատիտ նկարով:

Սոյն հատորը լոյս տեսաւ Ս. Խաչ դպրեվանքի սաներէն եւ նոյն վարժարանի այժմու հիմնադրի ներկայացուցիչ` Վարուժան Պուլկանի մեկենասութեամբ, ի յիշատակ իր մեծ մօր եղբօր` Ս. Փրկիչ ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան նախկին ատենապետներէն Սեդրակ Թոքատի:

«Հայ գիրն ու անոր նուիրեալ արմաշականը» խորագրեալ նախաբանին մէջ Վաղարշակ սրկ. Սերովբեան, յանուն հրատարակութեան յանձնախումբին, ի մէջ այլոց կ՛ըսէ. «Արմաշ» մատենաշարէն լոյս կ՛ընծայենք երանաշնորհ Գարեգին պատրիարքի ներկայ հեղինակութիւնը, գրութենէն աւելի քան կէս դար ետք, Ս. Թարգմանչաց վարդապետաց տօնին եւ Հայ մշակոյթի շաբթուան կրկնակ առիթներով: Կը մաղթենք եւ կը յուսանք, որ «այդ շող»-ին կաթումը փարատէ խաւարը ընթերցողին, ինչպէս կը փափաքի ծերունազարդ հովուապետը` Գարեգին պատրիարք Տրապիզոնցին»:

Փափաքողներ կրնան հատորէն ունենալ` դիմելով պատրիարքարան, աշխատանքային ժամերուն:

ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )