ՄԵՐ ՆԵՐԿԱՅԻՆ ԵՒ ՎԱՂՈՒԱՆ ՏՕՆԸ

Համայն մարդկութեան եւ հայ ժողովուրդի տօնացոյցին վրայ իր արդար տեղը գրաւած ընթացիկ թուական մը չէ, որ կը նշենք այսօր: Ժողովուրդներու պատմութեան մէջ նոր էջ բացած իւրաքանչիւր տօն ունի իր իւրայատուկ արժէքն ու նշանակութիւնը` իբրեւ տուեալ ժողովուրդի պատմութիւնը, ազգային դիմագիծը, քաղաքակրթական ինքնութիւնը եւ հոգեմտաւոր կերպարն ու ոգին պայծառակերտած կենդանի դաս ու կենսայորդ դասագիրք: Նոյնպէս եւ նոյն ուժգնութեամբ` նաե՛ւ համեստ ու հեզահամբոյր տօներ կարծուած թուականները, որոնցմէ մէկն է, պիտի սիրէինք ըսել` գլխաւորագոյնն է այսօրը` Ուսուցչաց Օրը:

Ա. Բ. Գ.ի կախարդական լուսաշխարհէն ներս դեռ նոր ոտք դրած հայ մանուկին աչքերուն չափ ժիր ու պայծառ, մեր պաշտելի մայրերուն հաւատքին ու երազին պէս հեզ ու խոնարհ, մեր պաշտելի հերոսներուն երակներն ու ողջ էութիւնը հրդեհած արեան ուխտին նման տաք ու իրաւ, եւ կում մը ջուրով ու պատառ մը ցամաք հացով գիր ու գրականութիւն, դպրանոց ու դպրութիւն լուսակերտած մեր սրբանուն վարդապետներուն տեսլականին ու նուիրումին զօրութեամբ կախարդական ու սրտագրաւ այս տօնը միշտ բացառիկ, քիչ կը մնայ ըսել` անմեկնաբանելի խորհուրդով ու իմաստով ներկայացած է հայ ժողովուրդին:

Պարզ այն պատճառով հաւանաբար, որ «միսը քեզի, ոսկորը` ինծի» յուզիչ խոստովանութեամբ իր զաւակը հայ ուսուցիչին վստահած հայ ծնողքը իր դիմաց կանգնած նուիրեալին մէջ տեսած է ո՛չ միայն գիտութիւն եւ ուսում ջամբող հմուտ վարժապետ մը, այլեւ առաջ քան զամենայն` հոգի եւ նկարագիր դարբնող վաւերակա՛ն դաստիարակը: Արուեստագէ՛տ մանկավարժը, որ նոր բացուող իւրաքանչիւր արշալոյսի հետ նորոգուելու բնատուր շնորհով օժտուած է, ծանօթ է ամէն օր ա՛լ աւելի հարստանալու եւ շրջապատը հարստացնելու արուեստին գաղտնիքներուն եւ իր սրտին վերանորոգ կրակն ու մտքին նորահրաշ լոյսը իրարու միախառնելով` մատղաշ սերունդներու հոգիիի եւ մտքի դաշտերը նորաշունչ սերմերով ալեկոծել գիտէ:

Հասկնալի է լռելեայն, որ խօսքը կը վերաբերի ծառայական առաքելութիւնը կեանքի գերխնդիր ընտրած ամբողջական դաստիարակի առաքելատիպ կերպարին: Անմնացո՛րդ նուիրեալին, որ դասագիրքի եւ դասարանի չորս պատերուն մէջ ամփոփուող նոյնիսկ անթերի դասատու մը չէ, միայն, այլեւ` անմրցելի կախարդ է, մարդկութեան ազնուացման ի խնդիր շունչ ու հոգի սպառող պատարագիչ է, զոհ ու զոհաբեր միաժամանակ` յար եւ նման նազովրեցի Առաջին Ուսուցիչին:

Ա՛յս որակի դաստիարակին տօնն է Ուսուցչաց Օրը: Մաշտոցեան աւանդի արժանաւոր ժառանգորդ մեծամեծներուն` Մխիթար Սեբաստացիներու եւ Խաչատուր Աբովեաններու, Խրիմեան Հայրիկներու եւ Դուրեան արքեպիսկոպոսներու, Ռետթէոս Պէրպէրեաններու եւ Թլկատինցիներու, Դանիէլ Վարուժաններու եւ Ռուբէն Զարդարեաններու, Յակոբ Օշականներու եւ Լեւոն Շանթերու, Հրաչեայ Աճառեաններու եւ Ռաֆայէլ Իշխանեաններու եւ բազմանուն այլ հսկաներու եւ անոնց դարաւոր աւանդին արժանապատիւ պահնորդներուն տօնը, որոնք բառին ազնուագոյն ու ամբողջական առումով եղան քրմապետ ու զօրավար, թագաւոր ու իշխան, խնկարկու եւ ծառայ, եւ ամենայն արութեամբ մղեցին հայ ժողովուրդի լինելութեան ու «վարդահեղեղ արշալոյս»ին գոյամարտը:

Որպէսզի յաւերժ ու յաղթական ապրի Թորգոմեան ցեղը, իրենց յաջորդած նոյնքան նուիրեալ ջահակիրներ բարձր պահեն փոխանցուած ջահը եւ Ուսուցչաց Օրը իրաւամբ դառնայ մեր պայծառ ներկային ու յաղթագնաց ապագային տօնը:

Ս. ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES
TAGS