ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ. ՄԱՐՏ ԻՆՆԻ ԽՈՀԵՐ

Ուսուցիչներու տօնին առիթով, սովորական երեւոյթ է լսել եւ կարդալ գովեստներ եւ ներկայ ըլլալ մեծարանքի դրսեւորումներու` ուղղուած հայ կրթական մշակներու հասցէին: Իսկապէս գնահատանքի արժանի են այն բոլոր մարդիկը, որոնք իրենց երախտագիտութիւնը կը յայտնեն ուսուցիչներուն եւ իրենց խորազգաց խորհուրդներով կը մատուցեն յարգանքի տուրք մը:

Այսօր շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնք կ՛արժեւորեն սերունդ դաստիարակելու կանչուած նուիրեալներու աշխատանքը եւ, իբրեւ ասպարէզիս վերջալոյսին հասած ուսուցիչ, թուղթին կը յանձնեմ քանի մը խորհրդածութիւններ, որոնք կարելի է բաժնել կամ մերժել:

1975-ին, աշակերտական եւ վարչական հարցերու արծարծման յատկացուած ամավերջի ուսուցչական ժողովին, տնօրէնը` ակնարկելով պետութեան կողմէ որոշուած ամսաթոշակի տասը առ հարիւրի յաւելումին, յայտնեց, որ այդ յաւելումը ուսուցիչներուն արդար իրաւուքն էր, սակայն ի՛նք չէր կրնար զայն որդեգրել, քանի որ պիւտճէն… բացի մէջ կը մնար:

1995-ին, դպրոցի մը տէրն ու տիրական գլխաւոր պատասխանատուն, ամսականի յաւելումի մը պահանջին պատասխանեց` յայտնելով, թէ «ուսուցիչը պէտք է աղքատ ապրի»:

Երկու տասնամեակի տարբերութեամբ, ամսաթոշակի յաւելումի պահանջ մը յանգեցաւ մերժումի նոյն վախճանին դպրոցի վարիչներուն կողմէ:

Չեմ գիտեր, թէ այսօր ի՞նչ պիտի ըլլայ հակազդեցութիւնը մեր դպրոցներուն պատասխանատուներուն եթէ անգամ մը եւս սեղանի վրայ դրուի նոյն պահանջը:

Թէեւ իրաւունքներու ստացման գծով կացութիւնը բարելաւուած կը թուի, սակայն ամսաթոշակի յաւելումի պարագան առհասարակ կը հանդիսանայ գլխացաւ պատճառող կնճռոտ հարց մը. ուրկէ՞ բերել այն հսկայ գումարները, որոնց միջոցով կարելի ըլլայ գոհացնել կրթական մշակները:

Մէկ կողմէն, գիտակցելով հանդերձ հայ դպրոցին կրած նիւթական դժուարութիւններուն եւ բաժնելով ատոնց անմիջական լուծում մը գտնելու մտահոգութիւնը, զոր ունին մեր ազգային, համայնքային եւ կրթական պատասխանատուները, եւ միւս կողմէն, ընդունելով, որ հայ ուսուցիչը հայ մշակոյթի պահպանման առաքեալն է եւ հետեւաբար պարտի սատարել հայ դպրոցին գոյատեւման, բայց եւ այնպէս արդարացի չեմ գտներ ասկէ պահանջուած յաւերժ զոհողութեան եւ զոհաբերումի ոգի ցուցաբերելու պատրաստակամութիւնը առանց փնտռելու անոր իրաւունքները տալու միջոցները:

Արդարեւ, հայ ուսուցիչն ալ մարդ է, ան ալ ունի ընտանեկան ու ընկերային պատասխանատուութիւններ եւ անոր ալ իրաւունքն է ապրիլ մարդավայել կեանք մը: Հետեւաբար, օրէնքին իսկ սահմանած իրաւունքները անոր զլանալը համազօր է կեղեքումի: Ա՛լ կը բաւէ անոր պարզել «բացի մէջ ենք» յանկերգի վերածուած սպառնալիքը: Միայն ուսուցիչին պարագային դրա՞մ չկայ: Հապա ինչպէ՞ս բացատրել բազում նորոգութիւններու եւ պերճ շինարարութիւններու ձեռնարկումը, որուն ականատես կ՛ըլլամ շատ մը դպրոցներու մէջ. քարին համար դրամ կայ, իսկ մարդուն համար չկա՞յ… դժբախտաբար այդ կը նկատեմ կրթական հաստատութիւններուն մէջ: Եթէ մեր պատասխանատուները կ՛ուզեն դպրոցը պահել, պարտին պահել նախ զայն կենդանացնող նուիրեալները: Թող պահեն ուսուցիչը, մանաւանդ լեզու եւ մշակոյթ աւանդող հայ ուսուցիչը, որ անտեսուած է, որովհետեւ առաջնահերթութիւնը կը տրուի գիտական նիւթեր դասաւանդող ուսուցիչին: Ճիշդ է, որ ծնողները կ՛ապրին նիւթական ծանր պայմաններու տակ, որոնց պատճառով անոնք ի վիճակի չեն օրէ օր մագլցող կրթաթոշակները վճարելու: Ճիշդ է, որ այս իրողութեան իբրեւ հետեւանք, կրթարանները կը մատնուին նիւթական անելի` ապահովելու համար ուսուցիչներուն ամսաթոշակները: Սակայն, նաեւ ճիշդ է, որ առանց ուսուցիչի դպրոց մը չի՛ գոյատեւեր: Հետեւաբար, կրթական պատասխանատուներուն պարտականութիւնն է ճարել նոր միջոցներ պահպանելու եւ պահելու համար իրենց հաստատութիւնները:

«Կամենալը կարենալ է» ըսուած է: Ունենալով բարի կամքով, անոնք կրնան հրաշքներ գործել շնորհիւ այն բարերարներուն, որոնք հաւատալով դպրոցներուն մէջ փոխանցուող հայ գիրին, գրականութեան ու մշակոյթին, առատաձեռն նուիրատուութիւններով կը սատարեն կրթական կեանքին բարելաւման ու բարգաւաճման: Էականը սակայն, այդ գումարներուն ճիշդ տեղը յատկացուիլն է` հեռու տանայեան տակառներ լեցնելու մղձաւանջէն:

Որպէս եզրափակիչ խօսք, կը հաստատեմ, որ դպրոցին սիւներն են ուսուցիչները: Զանոնք շահագործել, չարչրկել եւ նսեմացնել համազօր է այդ սիւները հարուածելու: Եթէ խախտին այդ սիւները, հետեւանքը կ՛ըլլայ փլուզում: Ուսուցիչին իրաւունքը անկորնչելի է: Ուստի, երբ ամսականի յաւելում մը կայ, պէտք է անվարան որդեգրել զայն եւ գոհացնել ուսուցիչը, որ ընդհանրապէս տարիներու յոգնատանջ մաշումէ մը վերջ է, որ կը տիրանայ իր այժմու վարձատրութեան: Այդ կը պահանջէ արդարամտութիւնը եւ այդ կը պարտադրէ ասպարէզին, իմա` առաքելութեան բարոյագիտութիւնը:

Հուսկ, ուսուցիչը պէտք է ապրի մարդու նման: Այդպէս չէ՞ սիրելի կրթական պատասխանատուներ…

Ջերմապէս կը շնորհաւորեմ բոլոր կրթական մշակները եւ անոնց կը մաղթեմ համբերութիւն, յարատեւութիւն եւ իրաւունքի պահանջատիրութիւն:

ՎԱՀԷ ԷԼՄԱՃԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES
TAGS