ՀԱՅՐԵՆԻ ԿԵԱՆՔ

ՏԱՍԸ ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ`
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

3 յունիսին տեղի ունեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ պատուէրով հրատարակուած 10 անուն գիրքի եւ ձայնասկաւառակի շնորհահանդէս:

Շնորհահանդէսին ներկայացուեցան սփիւռքի գրական եւ լեզուաբանական, ինչպէս նաեւ արտերկրի մէջ գտնուող հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւններու իրաւական կարգավիճակի վերաբերող գիտական աշխատութիւններ` «Հայկական համայնքները Միացեալ Նահանգներու մէջ», «Հայ համայնքներու ինքնակազմակերպման հարցերը հարաւային Ռուսիոյ մէջ», «Յետխորհրդային երկիրներու հայկական համայնքներու ինքնութեան հարցերը եւ տեղեկատուական աղբիւրները», «Արտերկրին մէջ գտնուող հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան իրաւական կարգավիճակը»: «Գրական սփիւռք» տարեգիրք, «Ռուսիոյ հայկական սփիւռքի մասին», «Հայկական համայնքները խորհրդային հանրապետութիւններուն մէջ», «Արեւմտահայերէնի քերականութեան գործնական աշխատանքներու ձեռնարկ», «Ռուբէն Սեւակի հատընտիր» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն եւ Ռուբէն Սեւակի բանաստեղծութիւններու ձայնասկաւառակը:

Ձեռնարկին ընթացքին Հրանուշ Յակոբեան ընդգծեց իրականացուած գիտական հետազօտութիւններուն կարեւորութիւնը սփիւռքի հիմնական հարցերուն լիարժէք իմացութեան եւ անոնց լուծում գտնելու առումով:

Շնորհահանդէսին ելոյթ ունեցան` «Նորավանք» գիտակրթական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Գ. Յարութիւնեան: Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Ա. Մելքոնեան, Երեւանի պետական համալսարանի սփիւռքահայութեան ամպիոնի վարիչ Յ. Աւետիսեան, գրող, հրապարակախօս Ա. Թոփչեան եւ ուրիշներ: Անոնք իրենց խօսքին մէջ ընդգծեցին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կարեւոր դերակատարութիւնը գիտական հետազօտութիւններու իրականացման եւ անոնց հրատարակման գործին մէջ:

ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԱԾ Է ՇՈՒՇԻԻ
ՂԱԶԱՆՉԵՑՈՑ ՓՈՂՈՑԻ ԲԱՑՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

Վերջերս Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան մասնակցած է Շուշիի մէջ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին միջոցներով կառուցուած Ղազանչեցոց փողոցի եւ Շուշիի կեդրոնական գրադարանի նորակառոյց շէնքի բացման հանդիսաւոր արարողութեան:

Նախագահը երախտագիտութիւն յայտնած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին` Շուշիի մէջ վերականգնողական աշխատանքներ իրականացնելուն համար, ընդգծելով, որ քաղաքի զարգացման ամէնէն յուսալի հիմքը կը հանդիսանայ համայն հայութեան ուժերու համախմբումն ու միացեալ ծրագիրներու իրականացումը:

Հանդիսութեան ներկայ գտնուած են Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Արթուր Թովմասեան, փոխվարչապետ Սպարտակ Թեւոսեան, կառավարութեան անդամներ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան, ինչպէս նաեւ հիւրեր` սփիւռքէն:

ՑԵՂԱՍՊԱՆԱԳԷՏ ՎԱՀԱԳՆ ՏԱՏՐԵԱՆ`
85 ՏԱՐԵԿԱՆ

Վերջերս Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է ամերիկահայ անուանի գիտնական, պատմաբան, «Զօրեան» հիմնարկութեան Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան տնօրէն, փրոֆեսէօր Վահագն Տատրեանի ծննդեան 85-րդ տարեդարձին առիթով:

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձին մէջ յայտնած է, «դուք մեր ժամանակներու մեծագոյն հայ գիտնականներէն էք: Ձեր գիտական գործունէութիւնն ու աշխատանքները ունին մեծ հասարակական-քաղաքական հնչեղութիւն: Ձեր աւանդը Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ ժխտողականութեան փաստարկուած է ծանրակշիռ հակահարուածներ հասցնելու գործին մէջ մնայուն կերպով արդիւնաբեր է», շեշտած է նախագահը:

«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԸ
2011-Ի ՄԱՐԱԹՈՆԻՆ ՊԻՏԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ
ՀԱՅ ԵՐԳԻՉՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ
ՏԵՍԱՀՈԼՈՎԱԿՆԵՐԸ

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը հայ երգի արուեստագէտները կը հրաւիրէ իրենց նոր երգերու տեսահոլովակներով մասնակցելու հիմնադրամին 2011-ի մարաթոնին: Անոնք կը նպատակադրեն խթանել հայ երգը Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ: Հիմնադրամը, ի թիւս իր հաշուետու ընկերային եւ գովազդային տեսահոլովակներուն, 2011-ի մարաթոնին` 12 ժամուան եթերի ընթացքին պիտի հեռարձակէ շարք մը նոր երգերու տեսահոլովակներ:

«Արբանեակներու եւ համացանցի ճամբով միլիոնաւոր մարդիկ աշխարհի տարածքին պիտի հետեւին մարաթոնին: Հետեւաբար այս ձեռնարկը կարելիութիւն պիտի ընձեռէ հայ երգիչ-երգչուհիներուն` իրենց տեսահոլովակներուն առաջին ցուցադրութեամբ հանրածանօթ դառնալ աշխարհի տարբեր ժողովուրդներուն», յայտնած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան:

Նշենք, որ տեսահոլովակներու ընտրութիւնը վերապահուած է հեռուստամարաթոնի կազմակերպչական-ստեղծագործական յանձնախումբին: Արդէն իսկ անուանի հայ երգիչներու կողքին, հիմնադրամը կ՛ողջունէ նաեւ շնորհալի երիտասարդ երգիչ-երգչուհիներուն մասնակցութիւնը` Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն, եթէ անոնց կողմէ ներկայացուած տեսահոլովակները համապատասխանեն կազմակերպիչ յանձնախումբին սահմանած չափանիշներուն:

Դիմումնագիրներու ներկայացման համար պարտադիր են հետեւեալ պայմանները.

1.- Տեսահոլովակներ կրնան ներկայացնել Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի երգիչ-երգչուհիները:
2.- Պիտի դիտարկուին տարբեր լեզուներով եւ տարբեր նիւթերով երգերը, սակայն նախապատուութիւնը պիտի տրուի հայրենասիրական նիւթերով երգերուն:
3.- Տեսահոլովակին տեւողութիւնը պէտք չէ գերազանցէ 4 վայրկեանը:
4.- Ներկայացուող տեսահոլովակները պէտք է պատրաստուած ըլլան Էյչ-տի որակային չափանիշով:
5.- Իւրաքանչիւր մասնակից միայն մէկ տեսահոլովակ կրնայ ներկայացնել:
6.- Տեսահոլովակները պէտք է ներկայացուին առաւելագոյնը մինչեւ 1 հոկտեմբեր 2011:
7.- Տեսահոլովակները պէտք է ուղարկուին` [email protected] ելեկտրոնային հասցէին: Ե-նամակի վերնագրին մէջ պէտք է նշել «Հեռուստամարաթոնի տեսահոլովակ» բառերը, իսկ երգիչին անունը, հասցէն եւ հեռաձայնի թիւը պէտք է նշել հաղորդագրութեան մէջ:

Տեղեկացնենք, որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը որեւէ նիւթական մասնակցութիւն չի բերեր տեսահոլովակներու պատրաստման աշխատանքներուն:

Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կարելի է գրել [email protected] ելեկտրոնային հասցէին` հեռուստամարաթոնի երաժշտական արտադրիչին` Ստեփան Փարթամեանին:

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳՐԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԸ
ԿԱՏԱՐԱԾ Է ԻՐ ԵՐՐՈՐԴ ԴՐԱՄԱՀԱՒԱՔԸ

Վերջերս «Շողակաթ» պատկերասփիւռի կայանէն ցուցադրուած է Համահայկական գրական հիմնադրամի երրորդ դրամահաւաքը, որուն ընթացքին հաւաքուած է 40 հազար տոլար, ինչպէս նաեւ հիմադրամը ստացած է 60 հազար տոլար` որոշակի գրական ծրագիրներու իրականացման համար: Նշենք, որ հիմնադրամին առաջին դրամահաւաքը տեղի ունեցած է 2004-ին, որուն ընթացքին հաւաքուած է 220 հազար տոլար, իսկ երկրորդը տեղի ունեցած է 2007-ին եւ հաւաքուած է 50 հազար տոլար:

Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան լրագրողներու հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշած է, որ` «Մարաթոնին արդիւնքը իսկապէս կը բաւարարէ մեր ակնկալիքները: Հաղորդեմ, որ մենք յատկապէս գեղեցիկ արդիւնք արձանագրեցինք մասնակցութեան առումով` աշակերտներու, գիւղաբնակ մտաւորականութեան, մայրաքաղաքի մտաւորականութեան տարբեր շերտերու, նաեւ` պետական անձնաւորութիւններու, եւ այսպիսով մարաթոնը մօտեցուց պետական հովանաւորութեան շրջագիծը եւս»:

Ըստ Լ. Անանեանի, պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան եւ Անշարժ գոյքի պետական կոմիտէի նախագահ Երուանդ Զաքարեան հիմնադրամին նուիրած են իրենց միամսեայ աշխատավարձը: Գիւմրիի քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան իր անձնական միջոցներէն տրամադրած է 1 միլիոն դրամ: Անսալով կառավարութեան վերջին նիստին վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի կոչին` գումարներ նուիրած են նաեւ տարբեր նախարարութիւններ եւ պետական գերտեսչութիւններ:

ՉԱՐԵՆՑԱՒԱՆԻ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԸ ԿԸ ՆՈՐՈԳՈՒԻ
«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՋԱՆՔԵՐՈՎ

14 ապրիլին  «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը սկսած է նորոգելու Չարենցաւանի բժշկական կեդրոնի մանկաբարձական բաժանմունքը. ծրագիրը 2010-ի աշնան դրուած եւ քաջալերուած էր հիմնադրամի Հոլանտայի տեղական մարմինի, հայաստանցի նուիրատուներու եւ հիւանդանոցի տնօրէնութեան օժանդակութեամբ:

Ամբողջական նորոգման ընթացքին պիտի ստեղծուի ծննդաբերութեան երկրորդ սենեակ մը, տանիքին ու ներքին յարդարանքը ամբողջութեամբ պիտի փոխարինուի նորով, եւ շէնքը պիտի ունենայ կեդրոնական ջեռուցում:

«Հայ մայրերուն հոգածութիւնը իրենց զաւակներուն նկատմամբ բաւարար չէ, որպէսզի այդ երեխաները մեծնան առողջ եւ կենսունակ: Բարեկարգուած եւ արդիական բժշկական հաստատութիւններու առկայութիւնը խիստ անհրաժեշտ է անոնց կեանքի բոլոր հանգրուաններուն մէջ: Այս է պատճառը, որ հիմնադրամը մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէ բժշկական հաստատութիւններու եւ մասնաւորաբար ծննդաբերութեան բաժինին», ըսած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան:

Նշենք, որ Չարենցաւանի այս եռայարկ հիւանդանոցը կառուցուած է 1967-ին: Հիւանդանոցէն օգտուած են նաեւ մօտակայ համայնքներու բնակչութիւնը, որ ընդհանուր առմամբ կը կազմէ 35 հազար մարդ:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐ ՀՐԱՆՈՒՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
ԸՆԴՈՒՆԱԾ Է «ՀԱՐՎԸՐՏ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ» ՅԻՇԱՏԱԿԻ
ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

30 մայիսին սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունած է «Հարվըրտ Գարակէօզեան» յիշատակի ընկերակցութեան տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Մայքըլ Յարութիւնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին` Նիւ Եորքի, Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Հայաստանի կառոյցներու տնօրէններ, խորհուրդի անդամներ եւ բժիշկներ: Հանդիպման ներկայ գտնուած է նաեւ Հայաստանի կառավարութեան բարեգործական ծրագիրներու համակարգման յանձնաժողովի նախագահ Ս. Տէր Սիմոնեան:

«Հարվըրտ Գարակէօզեան» յիշատակի ընկերակցութիւնը հինադրուած է 1921-ին, Նիւ Եորք, Միհրան եւ Զապէլ Գարակէօզեաններու կողմէ` հայ որբ եւ կարիքաւոր մանուկներու խնամքին, բուժման եւ կրթութեան համար: Ընկերակցութեան գործունէութեան առաջին շրջանը սկսած է Պոլսոյ մէջ, այնուհետեւ «Հարվըրտ Գարակէօզեան տունը» իր սաներով տեղափոխուած է Փարիզ: 1939-էն ի վեր ընկերակցութեան գործունէութիւնը ծաւալած է նաեւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ: Հայաստանի անկախացումէն ետք ընկերակցութիւնը սկսած է լայնածաւալ գործունէութիւն իրականացնել նաեւ հայրենիքի մէջ` մանկական ակնաբուժութեան եւ ատամնաբուժութեան ծրագիրներ, մասնագէտներու վերապատրաստում եւ որակաւորում, բարեգործական ծրագիրներ` կրթամշակութային եւ ընկերային ոլորտներու մէջ:

Հրանուշ Յակոբեան հիւրերը ողջունելէ ետք շնորհաւորած է ընկերակցութեան 90-ամեայ ազգանուէր գործունէութիւնը եւ յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնած է անոնց անսահման նուիրումին, մանկական առողջապահական ծառայութիւններու անշահախնդիր կազմակերպման եւ բարեգործական ծրագիրներու իրականացման համար: Նախարարը շեշտած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ընկերակցութեան գործունէութեան կարեւորութեանը: Հրանուշ Յակոբեան պատուիրակութեան ներկայացուցած է Սփւռքի նկատմամբ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական քաղաքականութեան հիմնական սկզբունքները: Ան խորհուրդ տուած է բարեգործական ծրագիրներ իրականացնելու զուգահեռ, գործարարութեամբ զբաղելու հայրենիքի մէջ եւ այսպիսով նպաստած կ՛ըլլան Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման եւ հզօրացման:

Հրանուշ Յակոբեան հիւրերուն ծանօթացուցած է նաեւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Հայաստանի մէջ սփիւռքահայերու կեցութեան եւ գործունէութեան պայմաններու բարելաւման ուղղուած Հայաստանի օրէնսդրութեան մէջ կատարուած բարեփոխումներուն:

«ՎԻՎԱՍԵԼ-ԷՄ. ԹԻ. ԷՍ.»Ի ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՍԿԻԶԲ ԱՌԱԾ Է
«ՄԱՆԿԱՊԱՏ» ՆԱԽԱԳԻԾԸ

«Վիվասել- Էմ. Թի. Էս.»ը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի մէջ սկիզբ առած է «Մանկապատ» նախագիծը, որուն գլխաւոր հովանաւորն է «Վիվասել- Էմ. Թի. Էս.»ը:

«Մանկապատ»ը ոչ պաշտօնական կրթական նախագիծ մըն ,է որ փոքրիկներուն կարելիութիւն կ՛ընձեռէ, առանց մեծերու անմիջական միջամտութեան, գիտելիքներ ամբարել` անկախ իրենց տարիքէն եւ դպրոցական ծրագիրներէն: Այս ձեւը առաջին անգամ փորձարկած եւ կիրարկած է փրոֆեսէօր Միթրան` Հնդկաստանի գիւղերուն մէջ: Ան այսպիսով աշխարհին ապացուցած է ուսումնական գործընթացին հեռանկարները:

«Մանկապատ» նախագիծի ծիրին մէջ, Սիւնիքի մարզի Գորայք գիւղի պատին մէջ տեղադրուած է երկու համակարգիչ, որոնց միջոցով գիւղի փոքրիկները պիտի կրնան մտնել կրթական կայքեր:

«Մանկապատ»ի նպատակն է Հայաստանի մէջ ներկայացնել նոր ձեւաչափ Փոքրիկներուն բաց խաղահրապարակի ձեով տրամադրել անսահմանափակ համակարգչային հասանելիութիւն` խթանելով անոնց ինքնուսուցման եւ բացայայտելու ունակութիւնները: Իր տեսակին մէջ այս առաջին նախագիծին արդիւնքները պիտի ամփոփուին երեք ամիսէն: Անոր արդիւնաւէտութեան պարագային, կը նախատեսուի նոյն ծրագիրը մշակել Հայաստանի 150 գիւղերուն մէջ: Նշենք, որ համակարգիչներուն մէջ տեղադրուած է համացանցի յատուկ ծրագրային սպասարկութիւն, որպէսզի փակուին փոքրիկներուն համար անյարմար կայքերը: Համացանցը հետազօտելու մերօրեայ ձեւերը փոքրիկներուն կարելիութիւն կ՛ընձեռէ զարգացնելու` «Հարցերու լուծման» եւ քննադատական մտածողութեան» հմտութիւնները: Այսպիսով, փոքրիկը կը սորվի օգտուելու կրթական ծրագիրէն` իր մէջ զուգահեռաբար զարգացնելով տեղեկութիւններու վերլուծման եւ արժեւորման ունակութիւնները:

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES