50 Տարի Առաջ (24 Հոկտեմբեր 1963)

Ինչե՜ր Պիտի Պատահին Մինչեւ 2000 Թուական

Ահաւոր Երկրաշարժ, Ողողումներ,
Աշխարհասասան Պատերազմներ

Ասիա Պիտի Յարձակի Լատինամերիկայի Վրայ, Բայց Պիտի Պարտուի

Ամերիկա Պիտի Ոչնչացնէ Գերմանիան

Չիլիցի աստղագէտ Մունօ Ֆերրատ, որ Վալփարեզոյի Վիլլա Ալլեմանա դիտարանին տնօրէնն է, «Աժանս Ֆրանս – Փրէս»-ի թղթակիցին յայտարարած է, թէ յառաջիկայ 36 տարիներու պատմութիւնը, եթէ չյանգի իսկ աշխարհի վախճանին, հարուստ պիտի ըլլայ ամէն տեսակ յեղաշրջումներով եւ աղէտներով:

Չիլիցի աստղագէտին համաձայն, տիեզերական շփոթը սկսած է 1962-ին: Ստորեւ` գալիք 36 տարիներուն պատահելիք գլխաւոր դէպքերը.

1964 – Աղէտալի ողողումներ` արժանթինեան ափերուն վրայ եւ եղերական յորդում Նեղոսի:

1966-67 – Ասուպներու «հեղեղային» անձրեւ:

1971- – Աշխարհ կը բաժնուի չորս մեծ պլոքներու` լատիններ, սլաւներ, մոնկոլներ եւ Անգլօ-սաքսոններ:

1975 – Կը սկսի կրօնական արիւնալի պատերազմներու շրջան մը, նման անոնց, որոնք 16-րդ դարուն տեղի ունեցան Եւրոպայի մէջ: Այս պատերազմները պիտի շարունակուին մինչեւ 2000:

1978 – Եւրոպա արշաւանքի կ՛ենթարկուի Կաթողիկէ եկեղեցիին թշնամի կրօնական վարդապետութեան մը կողմէ:

1981 – Տարրերը կը շղթայազերծուին, հրաբխային բուռն ժայթքումներու շարք, որուն պիտի հետեւի ջրասուզումը կարգ մը կղզիներու Ճափոնի մէջ, Հնդկաստանի բացերը, Միջերկրականի մէջ եւ ամերիկեան ցամաքամասի ծայրամասին վրայ:

1986 – Մեր մոլորակը կ՛անցնի «Հելլի» գիսաստղի պոչին մօտէն: Ասոր պատճառով գիտական զարմանալի գիւտեր եւ նոր երկրաշարժեր կ՛ըլլան, այս անգամ` Մեքսիքայի եւ Թուրքիոյ մէջ:

1993 – Հարաւային Ամերիկայի կլիման ամբողջութեամբ կը փոխուի:

1994 – Դէպքերը թաւալգլոր ընթացք մը կը ստանան. հրաբուխներ, որոնք մարած կը կարծուէին, վերստին կը սկսին գործել. արեւի ամբողջական խաւարում` նոյեմբեր 3-ին: Գերմանիա, կատարեալ եռեւեփի մէջ, մինչեւ ակռաները զինուած, կը փորձէ տիրել աշխարհին: Բայց Միացեալ Նահանգները կը միջամտեն եւ Գերմանիա կ՛ոչնչանայ:

1995 – Ասիա կը յարձակի լատին ամերիկեան ցամաքամասին վրայ:

1999 – Ասիա կը պարտուի, Հիւսիսային Ամերիկան ընկրկումի մէջ է եւ Լատին Ամերիկան կը մնայ քաղաքակրթութեան մեծ պատնէշը:

2000 – Հինգշաբթի, մայիս 18-ին, արեգակնային դրութեան բոլոր մոլորակները կը շարուին մէկ ծիրի վրայ, ասկէ ծնունդ կ՛առնէ ելեկտրամագնիսական ուժ մը եւ արեւը պայթուցիկ գործունէութիւն մը կ՛ունենայ… Բայց աշխարհի վերջին քառորդ ժամը տակաւին չէ հնչած:

ՏՈՄՍԵՐ

Այսպէս Բարեկամութի՞ւն Կ՛ըլլայ

Ամերիկեան կառավարութիւնը տասնեւհինգ տարիէ ի վեր Թուրքիոյ օժանդակելէ յետոյ, միլիառաւոր տոլարներու նուէրներով, վերջերս ոչ բարեկամական ձեռնարկ մը կատարեր է: Դադրեցուցեր է տարեկան 305 միլիոն ոսկիի արժէքով հեղուկ վառելանիւթի… պախշիշ մը` Թուրքիոյ:

Թուրք կառավարութիւնը, մահազդի ձեւով, այս տեղեկութիւնը յայտարարած է թուրք ժողովուրդին:

Այս տխուր առթիւ թրքական «Միլլիյէթ» թերթին մէջ Չեթին Ալթան կը գրէ.

– Աս ի՞նչ տեսակ բարեկամութիւն է, չենք հասկնար: Ըստ մեզի, այս որոշումը շատ հաշտ չէ իսկական բարեկամութեան ըմբռնումի մը…

Իրաւունք ունի թուրք լրագրողը, որ ապահովաբար թուրք երախտագէ՜տ ժողովուրդին զգացումները կ՛արտայայտէ:

Ալ ի՞նչ բարեկամութիւն է ասիկա, երբ մարդ չի կրնար օգտուիլ իր բարեկամէն, չի կրնար անոր աշխատանքով ապրիլ եւ ցկեանս շահագործել անոր ունեցածը:

Թուրքերը աապահովաբար կը մտածէին:

– Ամերիկայի նման բարեկամ մը ունինք, որուն հարստութիւնը անբաւ է եւ անչափ: Ալ ամօթ է մեզի աշխատիլ: Արդէն, խօսքը մեր մէջ, ե՞րբ աշխատած եւ վաստկած ենք որ: Կա՛մ Անգլիան բարեկամաբա՜ր նուիրած է, կա՛մ Ֆրանսան, եւ Գարմանիան, Ռուսիան, Քսմեթ ունեցող ժողովուրդ ենք… փա՜ռք Ալլահին:

Սակայն ոչ իսկ թրքական քսմեթը յաւիտենական է այս աշխարհի վրայ: Ու «Միլլիյէթ»-ի աշխատակիցը այրած սրտով կը գրէ.

– Միթէ պիտի ստիպուի՞նք ի վերջոյ խորհիլ, թէ Ամերիկա մեզի երբեք բարեկամ չէ եղած, միայն իր շահերուն համար շարժած է, եւ իր շահերուն բերմամբ, մեզ դէպի անյարմար ուղղութիւններ քաշկռտած է:

Այս տեղ ալ իրաւացի է Չեթինը… Ամերիկա, թուրքերը մարդ կարծելով, միլիառներ տրամադրեց անոնց այն յոյսով, թէ պիտի բարելաւէին իրենց կեանքը եւ ազատ աշխարհի ուղղութեամբ պիտի յառաջդիմէին: Նո՜ր «գլխի եկան», թէ թուրքերը դրամը ուտելու համար կ՛ուզեն պարզապէս, եւ ո՛չ թէ իբրեւ դրամագլուխ օգտագործելու:

«Անյարմար ուղղութիւն» էր, արդարեւ:

Ի վերջոյ, Չեթին Ալթան կ՛աւաղէ.

– Մենք արդէն աղքատ ազգ մըն ենք:

Ո՜վ պիտի ըսէ այս «մարդոց», վերջապէս, Արեւմտեան աշխարհէն:

– Աղքատ չէ՛ք, այլ ծո՛յլ էք, անխելք էք, անպիտան էք եւ չարագործ: Տուէ՛ք հայերուն այդ հողերը, եւ կը տեսնէք, թէ ձեզ նման աղքատ ու վիզը ծուռ մուրացկան կը մնա՞ն, թէ՞ կ՛ապրին բարօրութեան մէջ, ինչպէս կ՛ապրէին երկար դարեր, ձեր աղէտաբեր գալուստէն շա՜տ առաջ…

ԳԻՍԱՒՈՐ

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )