ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.- ՆԻՔՍԻ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ

Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Նիւ Եորք Նիքս արձանագրեց այս տարեշրջանի իր մեծագոյն յաղթանակը` 131-109 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր հիւրը` Եութա Ճեզը, հակառակ անոր որ վերջինիս մարզիկներէն Ալ Ճեֆըրսըն նշանակեց 36 կէտ եւ 12 ռիպաունտ: Քարմելօ Անթոնի նշանակեց 34 կէտ, իսկ Նիքսի անոր խմբակից Ամարէ Սթուտեմիրէ` 31 կէտ:

Նշենք, որ Ճեզ այսպիսով իր կատարած վերջին 11 մրցումներուն 9-րդ անգամ ըլլալով կը պարտուի:

Իր կատարած վերջին 21 մրցումներուն ընթացքին Տալաս Մավըրիքս արձանագրեց իր 19-րդ յաղթանակը` 108-105 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Մինեսոթա Վուլվզը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Տըրք Նովիթցքի նշանակեց 25 կէտ:

Օրլանտօ Մեճիք, որ Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզի դէմ կատարած իր մրցումին դաշտ ներկայացաւ առանց Տուայթ Եորքի, 89-85 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց: Լամարքուս Ալտրիճ նշանակեց 24 կէտ, իսկ անոր խմբակից Անտրէ Միլըր` 15 կէտ: Ճէյսըն Ռիչըրտսըն (Մեճիք) նշանակեց 22 կէտ:

 Ստորեւ կու տանք երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Օրլանտօ Մեճիք – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 85-89
Շարլոթ Հոռնեթց – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 87-92
Նիւ Եորք Նիքս – Եութա Ճեզ 131-109
Շիքակօ Պուլզ – Նիւ Օրլինզ 85-77
Մինեսոթա Վուլվզ – Տալաս Մավըրիքս 105-108
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Օքլահոմա Սիթի 107-101
Սաքրամենթօ Քինկզ – Հիուսթըն Ռոքեթց 101-123

Ստորեւ կու տանք այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.

Աթլանթա Հոքս – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ
Ինտիանա Փէյսըրզ – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Միլուոքի Պաքս
Մայեմի Հիթ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ
Ֆէօնիքս Սանզ – Հիուսթըն Ռոքեթց

Share this Article
CATEGORIES