Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

 

Հոնկ Քոնկ

 

Հայկական Կեդրոնի Բացում

 

honk-kong-(1)9 նոյեմբերին Հոնկ Քոնկի մէջ տեղի ունեցաւ «Ճէք եւ Ճուլի Մաքսեաններու Հոնկ Քոնկի հայկական կեդրոն»-ի բացման պաշտօնական արարողութիւնը՝ մասնակցութեամբ շուրջ 100 հայորդիներու։

 

Արարողութեան ներկայ էր Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոս, որ օծեց կեդրոնին մէջ տեղադրուած Աստուածամօր սրբապատկերը եւ վէմ քարը՝ իր օրհնութիւնն ու պատգամը փոխանցելով ներկաներուն։ Այս առիթով ելոյթ ունեցաւ Չինաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Սարգսեանը, որ կարեւոր նկատեց  հայկական կեդրոնի ստեղծումը՝ յոյս յայտնելով, որ անիկա խթան պիտի հանդիսանայ Չինաստանի եւ ամբողջ տարածաշրջանի հայերը միաւորելու եւ Հայաստանէն հեռու գտնուող մեր հայրենակիցներուն ազգային աւանդութիւններն ու դիմագիծը պահպանելու իմաստով։

honk-kong-(3)Յաջորդ օրը Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի հայոց թեմի առաջնորդ Հայկազուն եպս. Նաջարեանը մատուցեց Ս. պատարագ։ Ապա Քալիֆորնիոյ համալսարանի փրոֆեսէօր Սեպուհ Ասլանեան դասախօսութիւն տուաւ Նոր Ջուղայի հայ վաճառականներուն կողմէ ժամանակին ստեղծուած համաշխարհային առեւտրական ցանցին մասին։ Դասախօսութենէն ետք «Հայկական վիրթուալ համալսարան»-ի հիմնադիր նախագահ Երուանդ Զօրեան ներկայացուց համալսարանն ու անոր գործունէութիւնը՝ դիտել տալով, որ անիկա Հայկական կեդրոնին հետ գործակցաբար պիտի գործէ Չինաստանի մէջ եւս։

 

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ տարածաշրջանին մէջ առաջին հայ համայնքային կառոյցին՝ «Չինաստանի հայ համայնքի» անդրանիկ նիստը, որուն ընթացքին հաստատուեցաւ կազմակերպութեան հիմնադիր արձանագրութիւնն ու կառուցուածքը, ապա ընտրուեցան ղեկավար մարմինները՝ նախաձեռնութեան հեղինակներէն Հենրի Արսլանեանի գլխաւորութեամբ։

 

Նշենք, որ Հոնկ Քոնկէն առաջ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը այցելած էր Չինաստանի այլ քաղաքներ։

 

 

Սուրիա

ՀՄԸՄ-ի Հիմնադրութեան 95-ամեակի Հանդիսութիւնը
Հայրենասիրութեան Եւ Նուիրումի
Պատգամ Փոխանցեց Հալէպահայութեան

haleb-(1)Հալէպահայութիւնը 3 նոյեմբեր 2013-ին, ժամը 4:00-ին, «Գէորգ Եսայեան» սրահին մէջ (Սուլէյմանիէ, Հալէպ) ներկայ գտնուեցաւ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 95-րդ տարեդարձին  նուիրուած երկրորդ մեծագոյն տօնակատարութեան, հովանաւորութեամբ՝ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան եւ Սկաուտ խորհուրդին:

Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբի սուրիական եւ հայկական քայլերգներու նուագով, ապա ներկաները մէկ վայրկեան հրաւիրուեցան յոտնկայս յարգելու ՀՄԸՄ-ի ննջեցեալներն ու նահատակները, ինչպէս նաեւ՝ վերջին երկամեային Սուրիոյ մէջ ինկած տեղացի թէ հայ նահատակներու անմար յիշատակին: Փողերախումբը կրկին անգամ երգ մըն ալ նուագելով՝ դուրս եկաւ սրահէն:

Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Սկաուտ խորհուրդի ատենապետ Շանթ Մինասեան, անոր անմիջապէս յաջորդեց բացման պատկեր, որով ներկայացուեցաւ ՀՄԸՄ-ի պատմութիւնը:

haleb-(3)

haleb-(2)

 

 

 

 

 

Ներկայացուեցաւ ՀՄԸՄ-ի պատմութիւնը սահիկներու միջոցով, որուն ընթացքին ազգային եւ յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցաւ երգչախումբը (հինգ երգ), ապա՝ դրօշակի արարողութիւն, արաբերէն պար, գաւազանով եւ գլանով մարզանք, ասմունք, չափական մարզանք, անգլիական պար, բուրգ, անձայն զաւեշտ:

Օրուան բանախօսն էր Տաթեւ Ա. քհնյ. Միքայէլեանը: Ան հանգամանօրէն անդրադարձաւ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան կազմակերպական ուժին եւ գաղափարական աւանդներուն, որոնք իր ծնունդէն սկսեալ վճռեցին պատմակշիռ առաքելութեան տարողութիւնը եւ ի գործ դրուելիք զոհողութեանց ծաւալը:

Բանախօսութեան յաջորդեց հայկական պար:

haleb-(5)

haleb-(4)

 

 

 

 

 

 

Հանդիսութեան անակնկալներէն էր ՀՄԸՄ-ի նորաստեղծ նուագախումբը, որ Ազգային եւ յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցաւ յաջորդաբար՝ «Մայր ծնողին», «Հայեր միացէք» ՀՄԸՄ-ի նուիրուած երգ մը եւ «Արիւնոտ դրօշ», որ խանդավառութիւն ստեղծեց հանդիսատեսին մօտ:

ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 95-րդ տարեդարձին նուիրուած տօնակատարութեան աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեանը՝ տալու իր հայրական օրհնութիւնը:

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ «Յառաջ, նահատակ» քայլերգով:

Հանդիսութեան աւարտին կարելի է ըսել, որ ՀՄԸՄ-ի նշանաբանին՝ «ԲԱՐՁՐԱՑԻՐ ԲԱՐՁՐԱՑՈՒՐ» պատգամին հաւատարիմ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի աւելի քան 350 անդամներ՝ գայլ-արծուիկները, արի-արենուշները, պարման-պարմանուհիները, փողերախումբն ու նորաստեղծ նուագախումբը բեմ բարձրացան եւ բծախնդիր ձեւով ներկայացուցին ՀՄԸՄ-ը՝ հայրենասիրութեան եւ նուիրումի պատգամ փոխանցելով հալէպահայութեան:

 

Թեհրան

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ընդունեց Թեհրանի
Փերիոյ Կրթասիրաց Միութեան Վարչութեան Այցելութիւնը

iranahayՀոկտեմբեր 7-ին Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան ընդունեց Փերիոյ Կրթասիրաց միութեան նորընտիր վարչութեան այցելութիւնը:

Ան շնորհաւորեց վարչութեան անդամները եւ ազգաշէն ու ժողովրդանուէր ծառայութիւն մաղթեց բոլորին: Վարչութեան նախագահ Գասպար Ամիրխանեան ներկայացուց վարչութեան անդամները եւ յայտնեց, որ վարչութիւնը կը պատրաստուի նշելու Փերիոյ Կրթասիրաց միութեան հիմնադրութեան 85-ամեակը, նաեւ Թեհրանի Փերիոյ Կրթասիրաց միութեան հիմնադրութեան 25-ամեակը:

Սրբազան հայրը ջերմօրէն գնահատեց միութեան գործունէութիւնը՝ հաստատելով, որ իրենք իրանահայ արդի պատմութեան մէջ մեծ ներդրում  ունեցած են եւ կը շարունակեն ունենալ։

 

Մոսկուա

«Յօշոտուած Հայաստան» Գիրքին Շնորհահանդէսը

MoscowՀայ առաքելական եկեղեցւոյ Նոր Նախիջեւանի եւ Ռուսիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Եզրաս եպս. Ներսիսեանի օրհնութեամբ, 2 նոյեմբերին Մոսկուայի վանական համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին հրատարակած «Յօշոտուած Հայաստան» գիրքին ռուսերէն թարգմանութեան շնորհահանդէսը:

Ձեռնարկին ելոյթ ունեցաւ  Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն, պատմական գիտութիւններու տոքթ. Հայկ Դեմոյեան: Շնորհահանդէսին ներկայացուեցաւ  նաեւ Արշալոյս Մարտիկանեանի՝ հայկական Ժան տ՛Արքի, պատմածներու հիման վրայ 1918 թուականին Հոլիվուտի մէջ նկարահանած «Հոգիներու աճուրդ» համր ժապաւէնէն դրուագ մը:

 

Վրաստան

Սայաթ Նովայի 300-ամեակին Նուիրուած Երեկոյ

sayat-novaԿազմակերպութեամբ Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, համագործակցութեամբ «Կովկասեան տուն» մշակութային կապերու կեդրոնին,  5 նոյեմբերին Վրաստանի խորհրդարանի ազգային գրադարանի ցուցասրահներու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սայաթ Նովայի 300-ամեակին նուիրուած երեկոյ:

Ձեռնարկին ելոյթ ունեցան Սայաթ Նովայի ստեղծագործութիւններու թարգմանիչ, թիֆլիսահայ հեղինակ Գիվի Շահնազարի, հայագէտ եւ թարգմանիչ Զեզվա Մետուլաշվիլի, խմբագիր Էմին Մահմուտով, որոնք իրենց խօսքին մէջ անդրադարձան տարածաշրջանի ժողովուրդներու գրականութեան մէջ անպարտելի երգասացի կոչումին արժանացած եռալեզու եւ քառալեզու բանաստեղծ-աշուղի ստեղծագործական հմտութիւններուն, իսկ պատմաբան Ենոք Թադէոսեան տեղեկութիւններ ներկայացուց Սայաթ Նովայի կենսագրական տուեալներու մասին:

Կապ հաստատուեցաւ նաեւ «Սայաթ Նովա» համոյթի գեղարուեստական ղեկավար, Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ, փրոֆ. Թովմաս Պօղոսեանին հետ:

Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր։

 

Դանիա

Գիրքի Շնորհահանդէս

bookՆոյեմբեր 6-ին Դանիոյ Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ դանիացի գրող Քէյթ Ղոյստայի «Քարէն Եփփէն եւ հայ ժողովուրդը, մի կեանք, մի կանչ» խորագրով գիրքին շնորհահանդէսը։ Գիրքը կը խօսի Քարէն Եփփէի կեանքին եւ գործունէութեան մասին։

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Դանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Հրաչեայ Աղաճաճեան։ Ան նկատել տուաւ, որ վերջերս Դանիոյ հեղինակաւոր «Քրիսթըրայթ Տակպլաթ» թերթին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ հրապարակուած յօդուածներէն մէկը կը կրէր «Հայոց պատմութիւնը մեր պատմութիւնն է» վերնագիրը, աւելցնելով, որ Մարիա Ճաքոպսընի եւ Քարէն Եփփէի միջոցով է, որ հայ ժողովուրդին պատմութիւնը շատ դանիացիներ կը համարեն նաեւ իրենց սեփական պատմութեան մէկ մասը։ Դեսպանը աւելցուց, որ անոնց նուիրումը հայ ժողովուրդին նկատմամբ անսահման եղած է, եւ անոնց մասին նոր վկայութիւնները հնարաւորութիւն կու տան բոլորին ծանօթանալու անոնց գործունէութեան անծանօթ էջերուն։

Ապա խօսք առաւ գիրքի հեղինակ Քէյթ Ղոյստան։ Ան յայտնեց, թէ ուսումնասիրած է Քարէն Եփփէի կեանքը եւ գործունէութիւնը. այցելած է անոր ծննդավայրը եւ ծանօթացած է տեղական արխիւին, ինչպէս նաեւ՝ Դանիոյ Թագաւորական գրադարանին մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող նիւթերուն։ Հեղինակը մեկնած է նաեւ Գերմանիա՝ Եոհաննէս Լեփսիուսի եւ Քարէն Եփփէի միջեւ նամակագրական նիւթերը ուսումնասիրելու համար։

 

Քանատա

Լաւալի Ս. Գէորգ Հայաստանեայց
Առաքելական Եկեղեցւոյ Հողօրհնէք

lavalԿիրակի, 3 նոյեմբեր 2013-ին լաւալահայ համայնքը ապրեցաւ պատմական գեղեցիկ օր մը, երբ տարիներու երկար ծրագրումէ ետք տեղի ունեցաւ Ս. Գէորգ հայց. առաքելական եկեղեցւոյ հողօրհնէքի արարողութիւնը՝ նախագահութեամբ եւ ձեռամբ Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Յակոբեանի։

Առաջնորդ սրբազան հայրը այս առիթով մատուցուած Ս. պատարագին ընթացքին տուած քարոզին մէջ ըսաւ. «Երկար տարիներէ ի վեր սպասուած առաջին իրապաշտ քայլն է, որ կ՛առնենք այսօր եւ փառք կու տանք Աստուծոյ, որ արժանի դարձուց մեզի տեսնելու այս օրը։ Պիտի օրհնենք մեր հողը, որպէսզի վաղը հոն կառուցուի Լաւալի հայց. առաքելական եկեղեցւոյ նոր կառոյցը, եկեղեցին, որ պիտի ըլլայ Տիրոջ տունը, հրեշտակներու բնակարանը, մեղաւորներու քաւարանը եւ հոգիներու փրկիչը։  Եկեղեցւոյ մէջ պիտի դառնանք ընտանիք, բռունցք եւ յաղթականօրէն պիտի կանգնեցնենք Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթող մը։ Հպարտ կը զգանք այդ իրագործումին դիմաց կանգնելով եւ կ՛ըսենք՝ հայութիւնը ողջ է, կը յաղթանակէ եւ կը գործէ։ Միայն այդ չէ, որ մեր սրտերը հպարտութեամբ կը լեցնէ, այլ օտարները եւս պիտի տեսնեն ու ըսեն՝ հոս հայութիւն կայ, հոս հայութիւնը կ՛ապրի…»։

Խաժակ արք. իր խօսքը եզրափակելով նշեց, թէ այս եկեղեցին կը կառուցենք ապագայ սերունդներուն համար, «հո՛ն է, որ ձեր մանուկները պիտի մկրտուին, երիտասարդները նոր ընտանիքներ պիտի կազմեն, մխիթարութիւն պիտի փնտռէք, դառնութիւնները պիտի թօթափէք եւ սիրով լեցուած պիտի երթաք դիմակայելու բոլոր դժուարութիւնները։ Մեր ազգի գոյատեւման համար պիտի կառուցենք եկեղեցին եւ պիտի ըլլայ առաջինը Նահատակաց 100-ամեակին ու լաւալահայութիւնը ցոյց պիտի տայ, որ ոտքի է, ու մեր հաւատքին ու ազգին համար տուն կառուցեցինք»:

Պատարագէն անմիջապէս ետք թափօրով եկեղեցական դասը եւ հաւատացեալները ուղղուեցան Լաւալի Հայ կեդրոն, ուր կատարուեցաւ պաշտօնական հողօրհնէքի արարողութիւնը։

Առաջին բահը զարնուեցաւ հողին եւ խառնուեցաւ Խոր Վիրապի վանքէն բերուած ափ մը հողին: Այս առթիւ Հերմինէ Վարդանեան կատարեց առաջին խոստումը՝ 50 հազար տոլարի, եւ անոր յաջորդեցին սրտաբուխ այլ նուիրատուութիւններ:

 

 

Միացեալ Նահանգներ

ՀԿՀ-ի Տարեկան Դրամահաւաքին՝
80
Հազար  Ամերիկեան Տոլար

tramahavakՀոկտեմբեր 13-ին Հայ կրթական հիմնարկութիւնը (ՀԿՀ) ունեցաւ իր տարեկան դրամահաւաքը, Արմէն եւ տոքթ. Քաթրին Փանոսեաններ ամոլին բնակարանին մէջ:

Հարիւր եօթանասուն հիւրեր մասնակցեցան այս դրամահաւաքին եւ առատաձեռնութեամբ նուիրեցին՝ օգնելու Հայաստանի երեխաներու կրթութեան: Մասնակիցներուն մեծամասնութիւնը երիտասարդ արհեստավարժներ էին, որոնցմէ շատեր առաջարկեցին իրենց կամաւոր մասնակցութիւնը ՀԿՀ-ի  ծրագիրներուն:  ՀԿՀ-ի դրամահաւաքի պատասխանատու Մելոտի Պետրոսեան հաստատեց, որ երեկոն արտակարգ  է, որովհետեւ  ծրագրուեցաւ, գործադրուեցաւ եւ հիւրընկալուեցաւ  կազմակերպութեան ապագայ ղեկավարներուն միջոցով:

ՀԿՀ-ի  նուիրատուութիւններու 100 տոկոսը պիտի յատկացուի Հայաստանի Լոռի մարզի Դարբաս գիւղի դպրոցի վերանորոգութեան, ուր կը յաճախեն 210 աշակերտներ:

ՀԿՀ-ը կեանքի  կոչուած է 1950-ին՝ նիւթական օժանդակութիւն ապահովելու հայ աշակերտներու եւ հայկական կրթական հաստատութիւններուն: Անցեալ քսան տարիներու ընթացքին վերանորոգած են աւելի քան 180 վարժարաններ՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի մէջ, նաեւ օժանդակած է հազարաւոր աշակերտներու: 2000-էն  ի վեր աւելի քան 960 հազար տոլարի կրթաթոշակ  տրամադրած է արժանաւոր աշակերտներու՝ Միացեալ Նահանգներու, Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ: Անցնող 5 տարիներու ընթացքին 4 տարուան լրիւ կրթաթոշակներ տրամադրած է Հայաստանի եւ Արցախի պետական համալսարաններու շուրջ 50 ուսանողներու:

Համազգայինի Սօս Սարգսեանի Անուան Թատերախումբին
Անդամները Այցելեցին Առաջնորդարան

sosՀոկտեմբեր 16-ին առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ազգ. առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Համազգայինի Սօս Սարգսեանի անուան թատերախումբի անդամներուն՝ գլխաւորութեամբ Վարդան Մկրտչեանի. անոնք Համազգայինի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան հրաւէրով Լոս Անճելըս ժամանած են՝ թատերական ներկայացումներու համար։

Ողջունելով յարգելի հիւրերը՝ առաջնորդը ցաւակցութիւն յայտնեց անուանի դերասան ու մտաւորական Սօս Սարգսեանի կորուստին համար, նկատի ունենալով, որ ան այս թատերախումբին հիմնադիրն էր ու մեծ երախտիք ունեցած էր մեր բեմական արուեստի ժամանակակից պատմութեան մէջ։ Առաջնորդը մաղթեց, որ Համազգայինի 85-րդ տարեդարձին առիթով կազմակերպուած թատերական փառատօնը պսակուի յաջողութեամբ եւ մեզմէ առյաւէտ բաժնուած Սօս Սարգսեանին յիշատակը մնայ անթառամ։

Թատերախումբին ղեկավարն ու անդամները ընդհանուր գիծերու մէջ տեղեկութիւններ փոխանցեցին Համազգայինի Հայաստանի այս թատերախումբին հիմնադրութեան ու կտրած հանգրուաններուն մասին։ Խորհրդակցութեան նիւթ եղան նաեւ Հայաստանի թատերական կեանքն ու անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրները, Համազգայինի թատերախումբի ծրագիրներն ու զարգացման կարելիութիւնները, որոնց նկատառելի նպաստ բերած է մօտաւորապէս երկու տարի առաջ Հայաստանի պետութեան կողմէ խումբին տրամադրուած հողամասը, ուր պիտի հաստատուի նոր թատրոն. խումբը 2003-էն ի վեր կը վայելէ պետութեան հովանաւորութիւնը։

Առաջնորդ սրբազանը բարձր գնահատեց Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնը՝ այս նախաձեռնութեան համար եւ մաղթեց, որ Համազգայինը շարունակէ նոր նուաճումներ արձանագրել մեր մշակոյթի անդաստաններուն մէջ։

Քայլարշաւ՝ Ի Նպաստ «Տաթեւ»
Բարեսիրական Կազմակերպութեան

DatevՀոկտեմբեր 24-ին Կլենտէյլի Ս. Պետրոս եկեղեցիէն մինչեւ Պըրպենքի առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց մայր եկեղեցի քայլարշաւ մը տեղի ունեցաւ՝ ի նպաստ «Տաթեւ» բարեսիրական կազմակերպութեան, որուն նպատակն է վերջ տալ ընտանեկան բռնութիւններուն:

«Բռնութիւնը կը ցաւցնէ, սէրը կը յաղթանակէ» կարգախօսով ճամբայ ելած քայլարշաւին մասնակիցները, առաջնորդութեամբ Վազգէն քհնյ. Մովսէսեանի, 5.5 մղոն ճամբայ քալեցին: Քայլարշաւի մասնակիցներուն մէջ կային Կլենտէյլի Կանանց հարցերու յանձնաժողովի անդամներ Փոլա Տիվայն ու Սեդա Խոճայեան:

Ազգային Առաջնորդարանի «Հայ Մօր Տարուան»
Նուիրուած  Դասախօսական Ճաշկերոյթ

mother's-day«Հայ մօր տարի»-ի առիթով, այս տարուան ընթացքին իր կազմակերպած դասախօսական եւ այլ ձեռնարկներու շարքին, Ազգային առաջնորդարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինը 24 հոկտեմբերին Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ կազմակերպեց դասախօսական ճաշկերոյթ մը՝ հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի։

Արցախի փոխվարչապետ զօր. Արթուր Աղաբէկեան յայտնեց, թէ նման հանդիպում մը աննախընթաց է իրեն համար, ապա ներկաներուն ընդմէջէն ողջունեց հայ մայրերն ու քոյրերը։ Ան նաեւ վեր առաւ հայ մօր զոհաբերութեան արժէքը։

Օրուան բանախօս Նորա Յովսէփեան անդրադարձաւ մեր պատմութեան կերտումին մէջ հայ կնոջ դերակատարութեան մասին՝ սկսելով պատմական հին հանգրուաններէն, հասնելով մինչեւ ֆետայական շարժում, Ցեղասպանութիւն, արցախեան պայքար եւ մեր օրերը։ Ան շեշտեց, որ հայ մայրը կենսական դեր ունի իր զաւակներու հոգեկան ու ազգային դաստիարակութեան գործին մէջ, նաեւ յայտնեց, որ ան այլ մայրերէ կը զատորոշուի յատուկ առաքելութեամբ մը, որ իր զաւակներուն հոգեւոր ու հոգեկան աճը հոգալու կողքին, անոնց մէջ վառ կը պահէ հայեցի դաստիարակութեան ու մեր իրաւունքներու պաշտպանութեան հուրը։ Ան նաեւ շեշտեց, որ հայ մօր առաքելութիւնը նաեւ հայ սերունդները ձուլումէ փրկելու եւ անոնց մէջ հայկականութիւնը արմատաւորելու մէջ կը կայանայ։

Առաջնորդ սրբազանը իր ելոյթին մէջ  նկատել տուաւ,  որ մօր առաքինութեանց ու առաքելութեան մասին գրած են բանաստեղծներ, սակայն անոնցմէ առաջ մօր պարտականութեանց առջեւ կանգ առած է Աստուածաշունչը՝ մեզի սորվեցնելով, թէ ո՛վ է մայրը։ Ան օրհնութեան խօսք ուղղեց բոլոր մայրերուն ու քոյրերուն եւ մաղթեց, որ մեր մայրերը հաւատարիմ մնան իրենց առաքելութեան, գործեն մաքուր սիրտով, խիղճով ու հաւատքով։ Առաջնորդ սրբազանը ընդգծեց, որ հայ մօր առաջնահերթ պարտականութիւններէն մէկն է ըլլալ հոգեւոր դաստիարակ, անոնց մէջ հաստատել ու ամուր պահել հաւատքը, ազգին ու հայրենիքին պատկանելու զգացումը, կամքը։ Ան վեր առաւ տիպար հայ մօր արժանիքները եւ մաղթեց, որ այսօրուան մայրերը իրենք եւս ըլլան տիպար մայրեր։

Գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցաւ տաղանդաւոր օփերայի երգչուհի Թալին Նալպանտեան։

«Ճան Միրաք» Հիմնարկը 80 Հազար Տոլար
Կը Նուիրէ Հայկական Աչքի Խնամքի Ծրագիրին

eyeՀայկական աչքի խնամքի ծրագիրի վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Ճան Միրաքի անուան հիմնարկը 80 հազար  տոլարի առատաձեռն նուիրատուութիւն մը կատարած է՝ նեցուկ կանգնելու Հայաստանի մէջ տարուող աշխատանքներուն եւ զարգացնելու համար զանոնք:

Նուիրատուութիւնը կատարելու որոշումը տրուած է «Ճան Միրաք» հիմնարկի հոգաբարձութեան անդամներ Ճուլիա Միրաք Քիւի, Ռապըրթ Միրաքի եւ Ճենըֆըր Միրաք Լիչի կողմէ: Գումարը պիտի տրամադրուի յատկապէս երեխաներու մօտ կուրութիւնը կանխարգիլելու աշխատանքին:

Հայկական աչքի խնամքի ծրագիրին շնորհիւ, ցարդ աւելի քան 600 հազար հայորդիներ աչքի առողջութեան առնչուող խնամք ստացած են, իսկ մօտաւորապէս 50 հազար  հայորդիներ կրցած են տեսնել՝ աչքի վիրաբուժական գործողութիւններէ ետք:

Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ նուիրատուութեանց համար, այցելել www.eyecareproject կայքը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )