ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը հինգշաբթի, 3 մարտ 2011-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանի «Կիւլպենկեան» սրահին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեանի հետ: Հանդիպումը լաւ առիթ մը եղաւ ծանօթացման եւ միտքերու փոխանակման: Արդարեւ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց վարչապետ Յարութիւնեանին` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տարբեր մարզերու մէջ, անցնող տարիներուն եւ ներկայիս, մարմինին ստանձնած եւ լիբանանահայութեան ջանքերով իրագործուած ծրագիրներուն մասին, ինչպէս` Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղիի կառուցում, Մարտակերտ մարզի Մատաղիս գիւղի մանկապարտէզի նորոգութիւն եւ կահաւորում, Շուշիի Մեծ Շէն գիւղի համայնքային կեդրոնի կառուցում, եւ վերջապէս` Մարտունի մարզի Սարգսաշէն գիւղի ջրամատակարարում: Մարմինը իր յանձնառութիւնը յայտնեց վարչապետին` իրենց լրումին հասցնելու իր սկսած ծրագիրները եւ շարունակելու թեւ ու թիկունք կանգնիլ Արցախի ժողովուրդին:

Իր կարգին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետը բարձր գնահատեց հիմնադրամի Լիբանանի մարմինին բեղուն գործունէութիւնն ու նուիրական աշխատանքը` այժմէական տեղեկութիւններ ներկայացնելով Արցախի ժողովուրդին կարիքներուն, ընկերային-տնտեսական վիճակին եւ մասնաւորաբար գործի առիթներ ստեղծելու կարեւորութեան մասին:

Իսկ անդրադառնալով Արցախի վարչապետին Լիբանան այցելութեան հիմնական նպատակին եւ Արցախ ֆոնտին կողմէ ստեղծուած «Արցախ Ռուց Ինվեսթմենց» «ԱՐԻ» ծրագիրին, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց սերտելու այս գաղափարը, եւ յետ ուսումնասիրութեան, հետագային իր մասնակցութիւնը բերելու այս նախաձեռնութեան` զօրավիգ կանգնելով Արցախի բարգաւաճման եւ զարգացման ծրագիրներուն:

 «ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՄԱՐՄԻՆ

 

Share this Article
CATEGORIES