50 Տարի Առաջ (19 Նոյեմբեր 1963)

Արուեստներ

Տաղանդաւոր Նկարիչ
Յ. Թորոսեանի Արուեստը

Երիտասարդ նկարիչ Յարութիւն Թորոսեան, որուն մասին ասկէ առաջ քանիցս առիթն ունեցած էինք արտայայուելու այս սիւնակներուն մէջ՝ յառաջիկայ չորեքշաբթի, նոյեմբեր 20-էն սկսեալ մինչեւ 29 իր նկարները պիտի ցուցադրէ «Քարլթոն» պանդոկին մէջ։

Յ. Թորոսեան ծանօթ անուն մըն է Պէյրութի արուեստասէր հասարակութեան, որ երկու տարի առաջ գիտցաւ ըստ արժանւոյն գնահատել խոստմնալի նկարիչը, իր առաջին ցուցադրութեան առթիւ։

Այս անգամ Յ. Թորոսեան, որ իր նկարչական ուսումը կատարելագործած է Փարիզի մէջ, ուր կը մնայ ութ տարիէ ի վեր, կը ներկայանայ աւելի հասուն գործերով, որոնց ընդմէջէն հասարակութիւնը պիտի կարենայ գոհունակութեամբ հետեւիլ հայ տաղանդաւոր երիտասարդի արուեստի հոլովոյթին։

Փարիզեան մամուլը խանդավառութեամբ կ՛արտայայտուի Յ. Թորոսեանին մասին։ Գաղափար մը տալու համար կը ներկայացնենք կարգ մը կարծիքներ։

 

«Յ. Թորոսեան ամչկոտ է եւ տակաւին՝ խղճամիտ մը, համեստ մը։ Իրեն նման մարդիկ կը խորասուզուին միայն լռութեան եւ խոկումի մէջ։ Իր արուեստը կը սկսի մրմունջի մը նման։ Միսթիք փսփսուք մըն է։ Լռակեաց պաստառէն կը ծնի շարժուձեւերու աղօթք մը»։

ՄԱՐՍԵԼ ԶԱՀԱՐ

Փարիզ

 

«Դոյզն զիջումի բացարձակ մերժում մը. ա՛յս է Յ. Թորոսեանի նկարչութեան տիրապետող գիծը»։

ԼԱՊԵՔ

«Ռըվիու Մոտեռն»

 

«Երեսուն տարեկանին Յ. Թորոսեան կը յայտնաբերէ նկարիչի բնատուր եւ ստացեալ յատկութիւններ, պատկառազդու հասունութեամբ մը»։

ՌՈՊԵՐ ՎՐԻՆԱ

«Լը Ֆիկարօ»

 

Մասնակցելով միջազգային ցուցահանդէսի մը, ուր տասնեօթը ազգերու ներկայացուցիչներու կողքին կը ներկայացնէր Լիբանանը, Յ. Թորոսեան իր զոյգ գործերով մասնաւորաբար ուշադրութիւնը գրաւած է փարիզցի մեծ քննադատ Ռեմոն Շարմէի, որուն յիշատակած միայն երեք անուններէն մէկն է Յ. Թորոսեան։ Նկարիչին մասին ան կ՛ըսէ. «Լիբանանցի Յ. Թորոսեան պայծառ ու բիւրեղ արուեստ մը կը ցուցաբերէ իր շատ զուսպ ներկին ընդմէջէն»։

 

Խորէն Ա.
Նոր Մարաշի Ս. Քառասուն
Մանկանց Եղեկեցիին Մէջ

Ժողովրդային Շքեղ Ընդունելութիւն
Շատ Սիրալիր Մթնոլորտի Մէջ

Նոյեմբեր 17, կիրակի, տօնական տօնական օրերու յատուկ խանդավառութեան մէջ անցուց Նոր Մարաշի հայութիւնը։

Վեհափառ Խորէն Ա. կաթողիկոս ինքնաշարժներու երկար թափօրով Անթիլիասէն դէպի Նոր Մարաշ առաջնորդուելով՝ ժամը 9։30-ին հասաւ Նոր Մարաշի մուտքի անկիւնադարձին, վեհին բարի գալուստ մաղթող յաղթական կամարին առջեւ։

Հաւաքուած բազմահազար բազմութեան խանդավառ եւ անդադրում ծափերուն մէջ, երբ վեհը վար իջաւ ինքնաշարժէն, Պուրճ Համուտի ՀՄԸՄ-ի սկաուտական նուագախումբը հնչեցուց Լիբանանի ազգային քայլերգն ու «Յառաջ, նահատակ»-ը եւ կամարի մուտքին ոչխար մը զենուեցաւ։

Նուագախումբին գլխաւորութեամբ, վեհը առաջնորդուեցաւ մինչեւ Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ անկիւնադարձը՝ արժանանալով ժողովրդային ջերմ ընդունելութեան եւ ճամբու ամբողջ երկայնքին շարուած երկսեռ աշակերտութեան ծափերուն։

Խռնուած ժողովուրդը տանիքներէն ու պատշգամներէն բուրումնաւէտ վարդաջուր կը սրսկէր եւ շաքար կը տեղացնէր։

Ամբողջ Նոր Մարաշը դրօշազարդուած էր լիբանանեան ազգային դրօշակներով։

Բարի գալուստի երկրորդ յաղթական կամարին առջեւ դարձեալ ոչխար մը զենուեցաւ։

Այնուհետեւ, Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ զանգակներուն ուրախ ղօղանջիւններով եւ «Հրաշափառ»-ով վեհը Քահանայից դասի եւ Դպիրներու թափօրով առաջնորդուեցաւ եկեղեցի։

Բակի մուտքին աղաւնիներ արձակուեցան եւ ոչխար մը եւս զենուեցաւ։

Հանդիսաւոր Ս. պատարագը արդէն զմայլելի երգեցողութեամբ սկսած էր եւ հաւատացեալներու խուռներամ բազմութիւն մը ժամանակէն առաջ լեցուցած՝ եկեղեցին ու բակը։

Պատարագիչն էր լիբանանահայ առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեան։ Երգեցողութիւնը սքանչելիօրէն կը կատարուէր կոմիտասեան եղանակով, «Շողակաթ» երգչախումբին կողմէ, ղեկավարութեամբ Սարգիս Համպոյեանի։

«Հայր Մեր»-էն առաջ Ս. պատարագը ընդհատուեցաւ եւ տեղի ունեցաւ երեք խորաններու հանդիսաւոր Ս. օծումը։

Աւագ խորանին օծումը կատարեց վեհափառ հայրապետը, իսկ աջակողմեան եւ ձախակողմեան խորաններու օծումը՝ առաջնորդ սրբազանը։

Օծումի աւարտին վեհը խօսեցաւ օրհնութեան իր քարոզը։

«Ինքզինքս պահ մը առանձին զգացի,- ըսաւ յուզուած ձայնով։- Այս օծումը պիտի կատարուէր տարի մը առաջ, երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. կաթողիկոսին ձեռամբ։ Իր վաղաժամ մահով բաժնուեցաւ մեզմէ հանգուցեալը, սակայն վստահ եմ, որ իր խաղաղ ու մաքուր հոգին կը հրճուի տեսնելով այս հանդիսութիւնը։ Կ՛օրհնեմ յիշատակը հանգուցեալին եւ կը մաղթեմ խաղաղութիւն իր հոգիի հանգստեան համար»։

Այնուհետեւ, շնորհակալութիւն յայտնեց իր հովուապետական անդրանիկ այցելութեան առթիւ ցոյց տրուած սրտագին վերաբերումին եւ ընդունելութեան համար։

Իր գոհունակութիւնը յայտնեց նաեւ, թէ իր գահակալութենէն ետք Լիբանանի թեմը օժտուեցաւ եռանդուն ու ծառայասէր առաջնորդով մը, եւ ուժ ու կարողութիւն մաղթեց Տաճատ արքեպիսկոպոսին։

Անդրադարձաւ Ս. Երուսաղէմի մէջ, երկու վեհերու ողջագուրումին, որ վերջ տուաւ արուեստական տագնապի մը։ Մաղթեց, որ ստեղծուած կապը երբեք չքակուի եւ կնքուած եղբայրութեան մթնոլորտը տարածուի ժողովուրդին մէջ, որպէսզի բոլորն ալ ապրին խաղաղութեան եւ երջանկութեան մէջ։

Շնորհակալութեան եւ օրհնութեան վերջին խօսքը ուղղեց Ս. խորաններու մարմարեայ եւ գեղակերտ շինութեանց նուիրատուներուն՝ Քէօրօղլեան եղբայրներուն, տէր եւ տիկին Յակոբ Ն. Օրջանեաններուն, Մէյրի Լիւլէճեանին եւ մկրտութեան գեղակերտ աւազանի նուիրատու Յովհաննէս Կ. Գազազեանին, ինչպէս նաեւ՝ ճարտարապետ Գէորգ Էմմիեանին եւ բոլոր նուիրատուներուն ու նուիրեալ աշխատաւորներուն։

Ս. պատարագէն ետք դպրոցի տեսչարանին մէջ տեղի ունեցաւ աջահամբոյր։ Կէսօրին վեհափառն ու առաջնորդ սրբազանը ճաշի հիւրը եղան տէր եւ տիկին Յակոբ Ն. Օրջանեաններուն։

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )