ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Ֆրենսիս Կայը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային  իրադարձութիւնները:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը Մերժահիունի, Նապաթիէի եւ Իքլիմ Խարրուպի վերեւ կատարեց թռիչքներ եւ գործեց կեղծ յարձակումներ:

ՄԱՐՈՆԻ լիկայի անդամ Թալալ Տուէյհի յայտնեց, որ նախագահական պալատի փրոթոգոլի պատասխանատուներն էին, որոնք կազմակերպած էին Պքերքէի շաբաթ օրուան հրաժեշտի եւ մեծարգութեան ձեռնարկը` աւելցնելով, որ Պքերքէ բոլոր ուժերուն կողմէ նոյն հեռաւորութեան վրայ կը մնայ: Ան շեշտեց նաեւ, որ Պքերքէի եւ զօր. Միշել Աունի ու նախարար Ժըպրան Պասիլի միջեւ յարաբերութիւնները չեն խզուած:

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի ներկայացուցիչ երեսփոխան մը յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը հսկայական գումարներ կը ծախսէ յառաջիկայ կիրակի օր Նահատակաց հրապարակին վրայ նշուելիք Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու ձեռնարկին մեծ ներկայութիւն ապահովելու համար:

ԺԱՄԱԱ ԻՍԼԱՄԻԷ յայտնեց, որ իրենց պարտականութիւնն է Դիմադրութիւնը հեռու պահել լիբանանեան ներքին որեւէ բանավէճէ:

ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ խորհուրդը երէկ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն ծիրին մէջ շեշտուեցաւ, որ ամառնային ժամանակացոյցը պիտի սկսի կիրարկուիլ յառաջիկայ 26-էն 27 մարտի լուսցող գիշերուան ընթացքին:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նաժահ Ուաքիմ շեշտեց, որ շրջանին մէջ վարչակարգի իսկական փոփոխութեան արժանի երկրորդ երկիրը Սէուտական Արաբիան է:

«ՕՔԱԶ» օրաթերթին համաձայն, յառաջիկայ կիրակի, 13 մարտին Նահատակաց հրապարակը լեցնող բազմութիւնը պիտի շշմեցնէ բոլորը, որովհետեւ ան բաւական հսկայ ու մեծ պիտի ըլլայ:

ԸՍՏ «Անպա» օրաթերթին, կը նախատեսուի, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն մօտիկ ապագային այցելէ նախագահական պալատ եւ հանդիպում մը ունենայ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ` լուծելու համար կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակող խոչընդոտները:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթ. «Սէուտական Արաբիա լիբանանեան բանակին հսկայական օժանդակութիւններ պիտի ներկայացնէ»:

ՄԱՐՈՆԻ ընդհանուր խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտի հետ ունեցած իր հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ անոր փափաքն է պայքարիլ փտածութեան դէմ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նատիմ Ժեմայէլ նկատել տուաւ, որ Լիբանանի մէջ կառավարութեան կազմութեան դիմագրաւած հարցը նախարարութիւններէն կախեալ չէ, այլ` կառավարութեան որդեգրելիք քաղաքական ուղեգիծէն:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան մաղթեց, որ Միջազգային դատական ատեանը Լիբանանի ապակայունութեան պատճառ չդառնայ:

ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ղասսան Ղոսըն ըսաւ, որ համադաշնակցութիւնը իր առնելիք քայլերը պիտի սերտէ նոր կառավարութեան կազմութենէն ետք` աշխատաւորներուն պահանջներուն նկատմամբ ցուցաբերուած վարուելակերպին համաձայն:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Ալի Օսէյրան շեշտեց, որ Իսրայէլի դէմ Դիմադրութիւնը լիբանանեան հիմնասիւն մըն է, որմէ կարելի չէ հրաժարիլ:

ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան արձանագրած յապաղումը ոչ մէկ կապ ունի Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ այդ կառավարութեան մաս կազմելուն հետ:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ Սուրիա պատմութեան, կրօններու եւ պատգամներու երկիր է:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սելիմ Հըս երէկ Այշա Պաքքարի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոնը, որուն հետ քննարկեց լիբաանեան քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Փիեթոն շեշտեց կառավարութեան կազմութեան անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով, որ Լիբանան երկիր մըն է, որ չի կրնար առանց կառավարութեան գոյատեւել:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող հարցերը: Հանդիպումէն ետք Ուիլիըմզ յոյս յայտնեց, որ Լիբանանի յաջորդ կառավարութիւնը յարգէ երկրին միջազգային յանձնառութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES