Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Հաւաքական Ցուցահանդէսի Բացում

IMG_6855

 

 

 

 

 

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, հովանաւորութեամբ երեսփոխան Նաամէ Թոհմէի, երէկ` հինգշաբթի, 12 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ լիբանանցի չորս գեղանկարիչներու` Զէյնա Պատրանի, Ալի Շամսի, Իսա Հալլումի եւ Ֆաթաթ Պահմատի հաւաքական ցուցահանդէսին բացումը:

Բացման հանդիսութեան ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան` Աշոտ Քոչարեան, պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, արուեստագէտներ եւ արուեստասէրներ:

Ցուցահանդէսին բացումը  կատարեց Համազգայինի ցուցասրահի անձնակազմի անդամ Սիւզի Տէրտէրեան: Ան յայտնեց, որ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը այս ցուցահանդէսով կ’եզրափակէ իր 2013 տարեշրջանի գործունէութիւնը: Ան նաեւ անդրադարձաւ  արուեստագէտներու գործակցութեան եւ արուեստասէրներու ներկայութեան, ինչպէս նաեւ ցուցասրահի տնօրէնութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց երեսփոխան Նաամէ Թոհմէի` այս ցուցահանդէսը հովանաւորելուն համար:

Ապա անգլերէնով ցուցասրահի վարչութեան խօսքը արտասանեց Լոլա Պէօյիւքեան: Ան հաստատեց, որ Նաամէ Թոհմէ քաղաքական անձնաւորութիւն մը եւ յաջող գործարար մը ըլլալու կողքին ծանօթ է մշակութային եւ բարեսիրական զանազան մարզերու մէջ իր  մնայուն ու հետեւողական ներդրումներով եւ բարերարութիւններով: Այս ծիրին մէջ ան ոչ մէկ ատեն կը ցուցաբերէ խտրականութիւն եւ իր բարեգործութիւններէն կ’օգտուին Լիբանանի բոլոր համայնքները:

IMG_6969

Այնուհետեւ արուեստագէտներուն անունով շնորհակալութեան խօսք արտասանեց Զէյնա Պատրան եւ յաջողութիւն մաղթեց ցուցասրահի տնօրէնութեան եւ վարչութեան:

IMG_6903Օրուան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց ցուցահանդէսի հովանաւոր երեսփոխան Նաամէ Թոհմէ: Ան դրուատիքով արտայայտուեցաւ լիբանանահայ համայնքի գործունէութեան մասին` վեր առնելով Հայկական երեսփոխանական պլոքի դերակատարութիւնը համայնքներու միջեւ կամրջումի եւ հարցերը երկխօսութեամբ լուծելու ընտրանքի շեշտադրումին մէջ: Ան այս իմաստով գնահատանքով անդրադարձաւ 2008-ին Տոհայի մէջ լիբանանեան հակամարտ կողմերուն միջեւ կայացած երկխօսութեան նիստերուն Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի ի գործ դրած ջանքերուն, որոնք իրենց վճռորոշ ազդեցութիւնը ունեցան հարցերու բարւօք լուծման եւ ներքին կայունութեան ստեղծման մէջ: Ան աւարտին յաջողութիւն մաղթեց արուեստագէտներուն եւ ցուցասրահի գործունէութեան:

Բացման հանդիսութեան աւարտին ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան շնորհակալութեան յուշատախտակով մը պատուեց ցուցահանդէսի հովանաւոր Նաամէ Թոհմէն:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 10 յունուար 2014, ամէն օր առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:30:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )