Գիտութիւն Եւ Մարդ. Բջիջի Մը Կեդրոնէն Մինչեւ Համաստեղութիւն

Պատրաստց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ՄԸ ՀԱՆՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԶԱՐՄԱՑՆԷ ԳԻՏԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԷՆ ՅԱՏԿԱՆՇԱԿԱՆ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆԵՐՈՎ: «ԵԱՀՈՒ»  ԿԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿԷ ԱՆԵՐԵՒԱԿԱՅԵԼԻ ՆՄՈՒՇՆԵՐ:

Բրիտանիոյ «Ռոյըլ ֆոթոկրաֆիք սոսայըթի»-ն կազմակերպած է «Միջազգային նկարներ` գիտութեան  համար» վերնագիրով ցուցահանդէս մը, որ կ՛ընդգրկէ մանրադիտակներով եւ աստղադիտակներով առնուած լուսանկարներու զարմանահրաշ հաւաքածոյ մը:

Ցուցահանդէսը կը բաղկանայ 54 արուեստագէտներու գործերէն եւ այժմ Բրիտանիոյ մէջ կը ճամբորդէ քաղաքէ քաղաք`  յառաջիկայ տարի ուղղուելու համար Եւրոպայի տարբեր շրջաններ:

Պատկերուած նիւթերուն շարքին են սուրճի հատիկի մը բջիջները, մժեղի մը շօշափուկները,  մողէսի մը կմախքը:

Ցուցահանդէսը նաեւ լուսարձակի տակ կ՛առնէ բժշկագիտութեան մէջ նկարելու ծառայող գործիքներու կատարելագործուած արհեստագիտութիւնը, ինչպէս` բազմաշերտ նկարող գործիքներ, որոնք կը վերարտադրեն մարմնի մը երեք տարաչափութեամբ պատկերները:

Ստորեւ` քանի մը նմուշներ.

ՆԱՍԱ-ի մէկ անջրպետանաւուն կողմէ առնուած այս նկարը կը պատկերէ Նեպուլա համաստեղութիւնը` ամպի եւ կազի վիթխարի զանգուած մը, որ կը գտնուի Երկիրէն 100 տարի հեռու:

ՆԱՍԱ-ի մէկ անջրպետանաւուն կողմէ առնուած այս նկարը կը պատկերէ Նեպուլա համաստեղութիւնը` ամպի եւ կազի վիթխարի զանգուած մը, որ կը գտնուի Երկիրէն 100 տարի հեռու:

Այս նկարը կը պատկերէ  մժեղի մը շօշափուկին վարի մասը: Մանրադիտակով առնուած նկարը գունաւորուած է արհեստական ձեւով: Ճերմակ թելերը սովորական սնկային մարմիններ են, զորս կարելի է գործածել իբրեւ միջատասպան դեղ:

Ասոնք ծովու խճաքարեր չեն, այլ` լեղուցի քարեր, շինուած` մարմնին մէջ կուտակուած հանքային նիւթերու եւ լեղուցին արտադրած մաղձին խառնուրդով: Զանոնք կարելի է լեղուցէն դուրս հանել վիրահատութեամբ կամ չէզոքացնել` լէյզըրով:

Էմ. Առ. Այ.-ով եւ Քէյ. ճառագայթով առնուած նկարներ վերարտադրուած են լուսանկարչական արհեստագիտութեամբ` ցոյց տալու համար, թէ ի՛նչ կը պատահի, երբ գաւաթ մը ջուր կը խմենք:

Էմ. Առ. Այ.-ով եւ Քէյ. ճառագայթով առնուած նկարներ վերարտադրուած են լուսանկարչական արհեստագիտութեամբ` ցոյց տալու համար, թէ ի՛նչ կը պատահի, երբ գաւաթ մը ջուր կը խմեն

Տերեւ կտրող մրջիւն մը բռնած է հազիւ 0.1 սմ մեծութեամբ մանրադիտակային գործիք մը` շինուած  կերպընկալէ: Նկարը գունաւորուած է թուային (տիճիթըլ) արհեստագիտութեամբ:

Տերեւ կտրող մրջիւն մը բռնած է հազիւ 0.1 սմ մեծութեամբ մանրադիտակային գործիք մը` շինուած կերպընկալէ: Նկարը գունաւորուած է թուային (տիճիթըլ) արհեստագիտութեամբ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )