Ծերութիւն Եւ Մտային Առողջութիւն

Բժիշկ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

mental-healthՄեր առօրեայ կեանքին մէջ յաճախ կը հանդիպինք տարեցներու, որոնք իրենք զիրենք կը գտնեն անախորժ եւ դժուար կացութեան մը դիմաց. անոնք կը մոռնան իրենց հին բարեկամին անունը: Ընդհանրապէս, մեզմէ ոչ մէկը կը յիշէ ամէն բան: Բժշկականօրէն մէկ կամ քանի մը հարցեր մոռնալը կը նկատուի բնական երեւոյթ որեւէ տարիքի, նոյնիսկ` երիտասարդի մը պարագային:

Մտային առողջութիւնը բանալին է արտադրողական ծերութեան (productive aging), այսինքն տարեց անձի մը արտադրողականութիւնը զուգահեռաբար կ՛ընթանայ իր մտային առողջութեան հետ: Բայց ի՞նչ է մտային առողջութիւնը ծերութեան պարագային: Տարեց անհատի մը մտային առողջութիւնը զայն կը պահէ գիտակից ինքն իրեն հետ եւ իրեն շրջապատին հետ: Տարեցի մը մտային առողջութեան յատկութիւններէն կարելի է յիշել քանի մը հատը.

1. Առանձին կը կատարէ իր բնական պարտականութիւնները եւ պէտքերը:

2. Կրնայ տունէն դուրս ելլել առանձին եւ վերադառնալ տուն ապահով եւ հանգիստ:

3. Տունէն դուրս ելլելու ժամանակ չի մոռնար տան դուռը կղպել:

4. Իր բժիշկին կ՛այցելէ ըստ ժամադրութեան եւ ոչ թէ տարբեր օր մը եւ կամ տարբեր ժամու մը:

5. Ճշգրտօրէն կու տայ իր տան հասցէն եւ հեռաձայնի թիւը, ինչպէս նաեւ` իր գործածած դեղերուն անունները, եթէ իրմէ պահանջուի:

6. Իր տունը մտնելու փոխարէն` ուրիշի մը տունը չի մտներ:

Յիշողութիւնը չափանիշն է տարեցութեան կարողականութեան: Ծերութեամբ բոլորս ալ պիտի ունենանք յիշողութեան որոշ կորուստ եւ կամ տկարութիւն, մանաւանդ` մօտիկ անցեալի իրադարձութիւններու կապակցաբար, սակայն հեռաւոր անցեալի իրադարձութիւնները կը յիշուին լաւապէս: Պիտի ունենանք նաեւ սորվելու դժուարութիւն, մտային կեդրոնացումի եւ տեղեկութիւններու ընկալման ու ամբարումի դանդաղում: Բնական կը նկատուի, երբ տարեց մը չյիշէ ինքնաշարժին բանալիին տեղը, սակայն բնական չի նկատուիր եւ մտահոգիչ կ՛ըլլայ, երբ ան չգիտնայ եւ կամ չյիշէ բանալիի ի՛նչ բանի համար գործածումը:

Տարեցներ պէտք է հասկնան, որ իրենց յիշողութիւնը կը տկարանայ ոչ միայն ծերութեամբ, այ`լ շատ մը ուրիշ պատճառներով, որոնցմէ կարելի է յիշել`

1. Տարիներու ընթացքին ուղեղին մէջ տեղադրելով անսահման տեղեկութիւններ եւ մանրամասնութիւններ:

2. Որոշ դեղերու երկարատեւ գործածութիւնը:

3. Ապրելով անձկալից եւ ընկճուած կեանք մը:

4. Երկարատեւ հոգեբանական հիւանդութեան մը գոյութիւնը:

5. Ֆիզիքական եւ մտային չափազանց գերյոգնութիւնը:

6. Որոշ մնայուն եւ երկարատեւ հիւանդութիւններ` շաքարախտ, երիկամախտ եւ սրտի հիւանդութիւններ:

Բնականօրէն տարեցութեան հետ տեղի կ՛ունենայ որոշ դանդաղեցում  ֆիզիքական եւ մտային կարողականութեան մէջ:

Ֆիզիքական կարողականութիւնը պահպանելու համար տարեցներ պէտք է հետեւին ամէնօրեայ եւ օրինաւոր մարզանքի, որ կ՛աշխուժացնէ ոտքերու եւ սրունքներու մկանները ու կը զարգացնէ քալելու, ցատքելու, շարժելու եւ վազելու կարողութիւնները:

Մտային կարողութիւնն ալ պահպանելու համար ծերեր պէտք է դիմեն հետեւեալ միջոցառումներուն,

1. Պահել, տարիքի համաձայն, ընդհանուր առողջութիւն:

2. Հետեւիլ առողջ սննդականոնի:

3. Լաւ քնանալ, չծխել եւ ալքոլը չափաւոր գործածել:

4. Ունենալ կեանքի յստակ նպատակ եւ աշխատիլ իրականացնելու զայն:

5. Ունենալ կեանքի հանդէպ հետաքրքրութիւն, եռանդ, դրական կեցուածք ու մտածողութիւն:

6. Մտածել շարունակ լաւի եւ յաջողութեան մասին. յոռետես մարդիկ կ՛ըլլան ձախող, յուսահատ եւ ընկճուած:

7. Բնաւ չխորհիլ, թէ ծերութեան պատճառով մտային կարողութեան կորուստ պիտի պատահի:

8. Հաւատալ, որ կարելի է իրականացնել մեծ իրագործումներ:

9. Ունենալ մտային մարզանք, ստեղծագործական եւ արտադրողական աշխատանքներ` գծել, նկարել, գրել, կարդալ, շինել, նոր բան մը սորվիլ, որովհետեւ սորվիլը յիշողութեան բանալին է:

10. Օգտագործել լսողատեսողական սարքերու օգտաշատ յայտագիրներ:

11. Չմխրճուիլ անցեալի պատահարներու մէջ, ապրիլ օրուան նորութիւններով եւ ապագայի տեսլականով:

13. Օգտուիլ կեանքի եւ բնութեան բոլոր բարիքներէն ու վայելքներէն:

14. Ամէն օր արձանագրել կատարուելիք աշխատանքներուն ցանկը եւ փորձել իրականացնել առաւելագոյնը:

15. Ունենալ լաւատես, աշխատասէր եւ դրական ընկերներ եւ բարեկամներ:

16. Ունենալ ընկերային կեանք, հետեւիլ որոշ ժամանցի խաղերու, մարզանքի, երաժշտութեան եւ գծելու դասընթացքի:

17. Մասնակցիլ ազգային, մշակութային, կրօնական, եկեղեցական զանազան ձեռնարկներու:

18. Վայելել բնութեան գեղեցկութիւնները, զբօսնել անտառներու, պարտէզներու եւ լեռներու մէջ:

Նախապէս յիշեցինք, թէ սորվիլը բանալին է յիշողութեան: Բայց տարեցներու սորվելու կարողութիւնը սահմանափակ է եւ կը կարօտի յատուկ գործելակերպի: Տարեցներուն ներկայացուած տեղեկութիւնները պէտք է ըլլան պարզ, յստակ եւ կարճ:

Տեղեկութիւնները պէտք է ներկայացուին դանդաղ կերպով եւ երկար ժամանակամիջոցի մէջ, որպէսզի անոնք կարենան հասկնալ, ըմբռնել եւ կուտակել իրենց մտքին մէջ: Մեր խօսակցութեան ընթացքին անոնց պէտք է տանք աւելի երկար ժամանակ, որպէսզի անոնք կարենան վերյիշել, վերարտադրել եւ արտայայտուիլ:

Մոնրէալ  

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )