ԴԷՊԻ ՆԱԽԱՆՁԵԼԻ ԱՍՊԱՐԷԶԻ ՁԳՏՈՒՄ

Ուսուցիչներու օրուան առիթով պատահական չէ, որ «Ազդակ» բաւական լայն կը բանայ իր էջերը` տօնին առիթով արժանին մատուցելու համար հայ ուսուցիչին: Թէեւ տօնը միջազգային է, այսուհանդերձ ինչպէս ամէն տօն հայկական ոսպնեակներէն դիտարկելու խնդիր ունի հայ մամուլը այս պարագային եւ հայ հասարակութիւնը ընդհանրապէս:

Միայն գիտակցումը, որ հայ սերունդներու մօտ ազգային կազմաւորման համար հայ ընտանիքին առընթեր եւ շատ պարագաներու հայ ծնողներէն ալ աւելի ուսուցիչն է, որ կրնայ ճակատագրական դեր խաղալ ապագայ հայ մարդուն կերտման գործընթացին մէջ, տօնն ու նուիրական օրը դուրս կը բերէ յաւուր պատշաճի խօսքեր փոխանցելու պարտականութեան սահմաններէն:

Հայ հասարակութեան ձեւաւորման եղելոյթին վրայ ամէնէն ազդեցիկ գործօնն է հայ ուսուցիչը, որ իր փոխանցած գիտելիքով, շունչով, տագնապներով, խորհրդածութիւններով եւ քննական միտքի զարգացման նպաստող դերակատարութեամբ անշրջանցելի եւ անփոխարինելի իրականութիւն է, որուն հետ հաշուի նստելու պարտաւոր է հայ ազգային կեանքի պատասխանատու խաւը:

Սփիւռքեան հանրակրթական համակարգը, դպրոցավարական խնդիրները, հայ ուսուցիչին դիմագրաւած հարցերը ամէնէն առաջնային հրատապութեամբ օրակարգային կէտերու վերածելու կարիք կը զգացուի շատ սուր կերպով: Կարճ բանաձեւումով` կրթական մարզը ապերախտ ասպարէզէն նախանձելի մասնագիտութեան վերածելու հրամայականն է, որ ինքզինք պարտադիր կը դարձնէ, եթէ անշուշտ կը շարունակենք համոզուած մնալ, որ վաղուան հասարակութեան գիտակցական մակարդակի նուաճումը մեծ բաժիններով կախեալ է հայ ուսուցիչէն:

Իսկ այստեղ հարցերը սերտօրէն փոխկապակցուած են: Նախանձելի ասպարէզի առաջադրանքը կ՛ենթադրէ համապատասխան պայմաններ, արդար վարձատրութիւն, բարոյական գնահատանք, իրաւունքներու յարգում եւ իբրեւ հեղինակութիւններ ճանաչում:

Միաժամանակ սակայն, ակնկալութիւն` նոր որակի, մանկավարժական մեթոտաբանութեան իւրացումի, անվերջ վերաորակաւորումի, մասնագիտութեան տիրապետումի: Ասոնց առընթեր նուիրուածութիւն, բոլորանուէր աշխատունակութիւն, անվերջ ինքնանորոգում` գիտելիքներու եւ միջոցներու:

Տեսութիւններու սահմաններուն մէջ մնալը օգտակար չէ անշուշտ: Այս առաջադրանքները նկատի ունենալն ու ասպարէզին նախանձելիութիւն ապահովելը ի վերջոյ ներկայ իրավիճակի հիմնական փոփոխութիւն կ՛ենթադրէ: Իսկ արմատական բարեփոխումները կ՛ենթադրեն այսօրուան իրողական պատկերի առարկայական իրազեկում, թիւով եւ տուեալներով ուսուցիչներու դիմագրաւած խնդիրներուն հանդէպ լիարժէք տեղեկացուածութիւն եւ դէպի առաջադրուած նպատակներուն հասնելու ուղիներու որոնում:

Ուսումնասիրական եւ կրթական քաղաքականութեան կիրարկման համար մշակելի ռազմավարութեան համար ճիշդ միջավայրի ընտրութիւնը աւելի քան կարեւոր է: Կրթական, տնտեսական, վարչակառավարման, մանկավարժական մասնագիտութիւններու համատեղելիութիւնը  անհրաժեշտ է աշխատանքի արդիւնաւէտութեան համար: Հեռու` շուկայական-առեւտրական մօտեցումներէ եւ գիտակից` հայ ուսուցիչին նախ նորօրեայ ժամանակներուն համապատասխան պատրաստուածութեան ապահովման եւ ապա իրմէ ակնկալելի մանկավարժական մասնագիտութեան գործնականացման  մօտեցումներով այս հարցը յառաջ տանելու հաւաքական պարտաւորութիւնը ինքզինք կը պարտադրէ իբրեւ անյետաձգելի հրամայական:

Ժամանակներն ու պայմանները կը փոխուին: Իւրաքանչիւր ժամանակահատուած իր կանոններն ու օրինաչափութիւնները ունէր եւ ունի: Նախապէս, ուսուցչական ասպարէզը իր ապերախտ բնութագիրով կը յաջողէր սերունդներ կազմաւորել իբրեւ մարդ եւ իբրեւ հայ: Այսօր այդպէս չէ իրականութիւնը: Ուսուցչութիւնը կամ առհասարակ կրթական գործունէութիւնը նախանձելի ասպարէզի վերածելու հրամայական կայ` ժամանակակից պայմաններն ու իրականութիւնները նկատի առնելով:  Զուգահեռ գործընթացներ պէտք են: Որակ, մանկավարժական մասնագիտութիւն, նոր մեթոտաբանութիւն եւ` արդար վարձատրութիւն, բարոյական գնահատանք, իրաւունքներու լիարժէք յարգում:

Share this Article
CATEGORIES