Հաղորդագրութիւն

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի մէջ գործող Հայրենակցական միութիւններու գործունէութիւնը համակարգող յանձնախումբին ուրբաթ, 10 յունուար 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի հաւաք մը` ներկայութեամբ 20 հայրենակցական միութիւններու վարչութիւններուն: Ձեռնարկը կը հովանաւորէր «Էմիրէյթց Լեպանըն Պենք» դրամատունը:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Մարալ Հարպոյեան: Ան իր խօսքին մէջ ներկայացուց նման համադրումի անհրաժեշտութիւնը` շեշտելով, որ հայրենակցական միութիւնները ուղղակի ձայնն են իւրաքանչիւր հայու, այն հայուն, որ կը հետապնդէ իր իրաւունքները, ըլլան անոնք նիւթական թէ բարոյական»:

Ապա կատարուեցաւ հայրենի գրաւեալ հողը եւ անոր վրայ ապրած մեր ժողովուրդի կենցաղը պարզող Սահիկներու ցուցադրութիւն, որմէ ետք Նայիրի Գռուզեան ասմունքեց Սիլվա Կապուտիկեանի «Քելէ լաօ» բանաստեղծութիւնը:

Օրուան խօսքը արտասանեց դոկտ. Սեդա Քիլեճեան: Ան անդրադարձաւ սփիւռքի մէջ հայրենակցական միութիւններուն դերակատարութեան` շեշտելով, որ մեծ է անոնց դերը մեր ազգային-պահանջատիրական երթին մէջ:

Քիլեճեան ներկայացուց այն ծրագիրը, որ հայրենակցական միութիւններու գործակցութեամբ կրնայ սատարել մեր իրաւունքներու պահանջատիրութեան կանչին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին` շեշտը դնելով «դէպի երկիր» կարգախօսի գործնականացման անհրաժեշտութեան վրայ:

Գեղարուեստական յայտագիրի վերջին բաժինով ելոյթ ունեցաւ Հրաչ Կայծակեան` ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի:

Յայտագիրի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ վարչականներու ծանօթացում:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )