Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Թեհրան

Իրանի «Սիփան» Միութեան ՀիմնադիրՆախագահ
Նորայր Էլսայեան Պարգեւատրուեցաւ
«
Մայրենիի Դեսպան» Շքանշանով

iranԴեկտեմբեր 28-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Իրանի «Սիփան» միութեան հիմնադիր-նախագահ Նորայր Էլսայեանը, միութեան նախկին նախագահ Սէրուժ Սուքիասեանը եւ Հայաստանի մէջ «Ալիք» օրաթերթի ներկայացուցիչ Տիգրան Դաւթեանը:

Նախարար Հրանուշ Յակոբեան, բարձր գնահատելով բազմավաստակ մանկավարժ, միութեան ղեկավար Նորայր Էլսայեանի հայրենանուէր գործունէութիւնը, սփիւռքի մէջ մայրենի լեզուի անաղարտութեան պահպանման, Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան զարգացման նշանակալի ծառայութիւններ մատուցելուն համար եւ միութեան հիմնադրման 50-ամեակին առիթով Նորայր Էլսայեանը պարգեւատրեց Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի դեսպան» շքանշանով:

Նորայր Էլսայեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին` նման բարձր պարգեւի համար եւ նշեց, որ միութեան 50-ամեակը մեծ շուքով նշուած է նաեւ Թեհրանի եւ Լոս Անճելըսի մէջ:

Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ
Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի Հանդիպումները

ROBERT* Յունուար 8-ին Սպահանի եւ հարաւային իրանահայութեան երեսփոխան Ռոպերթ Բեգլարեան շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ սրբազան հօր:

Սրբազան հայրը ջերմօրէն ողջունեց Բեգլարեանին ներկայութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր: Հանդիպումը առիթ եղաւ միասին զրուցելու ազգային ու շրջանային հարցերու եւ յատկապէս սուրիահայութեան ներկայ դժուար կացութեան մասին:

NAYIRI* Յունուար 9-ին Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան ընդունեց ՀՄՄ «Նայիրի» միութեան նուիրահաւաքի յանձնախումբին այցելութիւնը:

Յանձնախումբը զեկուցեց «Նայիրի» միութեան շինարարական աշխատանքներուն մասին: Սրբազան հայրը մեծապէս գնահատեց յանձնախումբին նախաձեռնութիւնը, քաջալերեց զանոնք եւ թելադրեց, որ հաստատակամ հաւատքով շարունակեն գործել:

Ան նաեւ խոստացաւ իր կարգին ուղղակի եւ անուղղակի միջոցներով օգտակար դառնալ միութեան շինարարական աշխատանքներուն, որպէսզի կարճ ժամանակամիջոցին մէջ  աւարտին:

Իրանի Նախագահին Նուիրատուութիւնը
Հայ Համայնքին

Իրանեան «Իրնա» լրատու գործակալութեան համաձայն, նախագահ Հասան Ռոհանի 340 հազար տոլար նուիրած է Թեհրանի մէջ հիմնուած հայ համայնքի հիւանդանոցին: Անոր խորհրդականը հիւանդանոց այցելելով` ըսած է, թէ Իրանի մէջ մահմետականներու եւ այլ կրօններու համակեցութիւնը լաւագոյն օրինակն է տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն համար:

Միաժամանակ նախագահ Ռոհանի, աւանդութեան համաձայն եւ Քրիստոսի Ս. Ծննդեան առիթով, այցելած է Մովսիսեան ընտանիքին բնակարանը, որուն հայրը եւ զաւակը կռուած են իրանեան բանակին մէջ ու նահատակուած: Ան ընդգծած է կրօնական փոքրամասնութիւններուն կարեւոր դերը` իսլամական յեղափոխութեան եւ Իրան-Իրաք պատերազմի օրերուն: Նախագահը իր յարգանքը մատուցելով զոհուածներու յիշատակին` ըսած է, թէ մահմետականներուն համար Յիսուս կը հանդիսանայ գթութեան եւ բարութեան մարգարէ:

Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Բարեան իր կարգին յայտնած է, որ Իսլամական Հանրապետութեան մէջ լաւապէս կը յարգուի խօսքի ազատութիւնը, քանի որ խորհրդարանին մէջ փոքրամասնութիւնները խաղաղ կը գոյակցին եւ ազատօրէն կ՛արտայայտուին իրենց ներկայացուցիչներուն միջոցով:

 

Կիպրոս

Նիկոսիոյ Համալսարանի
Կազմակերպութեամբ Ձեռնարկ

cyprusԿազմակերպութեամբ  Նիկոսիոյ համալսարանի «ԵՈՒՆԵՍՔՕ»-ի ամպիոնին, վերջերս «Սինէ Սթիւտիօ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ, որուն նպատակն էր քաջալերել կղզիի համայնքներուն միջեւ մշակութային բազմազանութիւնը եւ երկխօսութիւնը:

«ԵՈՒՆԵՍՔՕ»-ի ամպիոնի տնօրէն տոքթ. Էմիլիոս Սոլոմու բարի գալուստի իր խօսքին մէջ բացատրեց ամպիոնին նպատակներն ու յառաջիկայ ծրագիրները:

Համալսարանի դասախօս փրոֆ. Միխալիս Աթթալիտիս իր խօսքին մէջ կեդրոնացաւ Կիպրոսի համայնքներուն միջեւ անհրաժեշտ նկատուող հասկացողութեան, հանդուրժողութեան եւ երկխօսութեան վրայ:

Խորհրդարանին մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան իր  ելոյթին մէջ հաստատեց, որ Կիպրոսի  հայ համայնքը կը վայելէ ընկերային, կրօնական, մշակութային, քաղաքական եւ կրթական բազմաթիւ առանձնաշնորհումներ, աւելցնելով, որ պետութեան շնորհած բարոյական եւ նիւթական աջակցութիւնը կը զօրացնէ զիրենք եւ կ՛ամրապնդէ իրենց ոգին ու վճռակամութիւնը` պայքարելու ֆիզիքական եւ ազգային գոյատեւման համար:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ «Տի արմինիընզ ին Սայփրըս» փաստագրական ժապաւէնը:

Կրօնական խմբակցութիւններու նախագահական յանձնակատար Կետի Կլիրիտիս ելոյթ ունենալով` վստահեցուց, թէ կառավարութիւնը ճիգ պիտի չխնայէ գոհացնելու համար կիպրահայ համայնքին մշակութային եւ այլ կարիքները:

Գեղարուեստական յայտագրէն ետք օրուան բանախօս, «Նարեկ» վարժարաններու նախկին տնօրէն եւ ներկայիս կիպրահայ վարժարաններու հոգաբարձութեան ատենապետ Վարդան Թաշճեան խօսք առնելով ներկայացուց կիպրահայ համայնքին անցեալն ու ներկան` շեշտը դնելով անոր բազմամշակութային բնոյթին եւ ձեռքբերումներուն վրայ:

Ձեռնարկի աւարտին տոքթ. Էմիլիոս Սոլոմու հաստատեց, որ Նիկոսիոյ համալսարանի «ԵՈՒՆԵՍՔՕ»-ի ամպիոնը պիտի շարունակէ քաջալերել Կիպրոսի հայ եւ այլ համայնքներու միջեւ փոխադարձ հասկացողութիւնն ու երկխօսութիւնը:

 

Վրաստան

Սերգէյ Փարաջանովի Ծննդեան
90-
ամեակի Նշում

ParajanovՆախաձեռնութեամբ վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնին, համագործակցութեամբ լուսանկարիչ Եուրի Մեչիտովի, աջակցութեամբ  Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան, 9 յունուարին տեղի ունեցաւ Սերգէյ Փարաջանովին նուիրուած յուշ-երեկոյ:

Թիֆլիսի Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած հոգեհանգստեան  արարողութենէն ետք «Հայարտուն» կեդրոնին մէջ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Վիրահայոց  թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի համակարգող Լեւոն Չիթիլեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք  Եուրի Մեչիտով խօսք առնելով` անդրադարձաւ` Սերգէյ Փարաջանովի հանճարին, անոր երեւակայական աշխարհին, գեղեցիկը ընկալելու եւ վերարտադրելու զանազան դրսեւորումներուն, հանճարեղ ստեղծագործողի դաստիարակիչ խօսքի ազդեցութեան: Ան նաեւ դրուագներ պատմեց Սերգէյ Փարաջանովի կեանքէն: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ թատրոնի նախկին բեմադրիչ Միքայէլ Գրիգորեան:

Ներկաները դիտեցին Ռոն Հոլլովէյի «Փարաջանով. ռեքուիեմ» վաւերագրական ժապաւէնը:

Յայտնենք, որ կազմակերպուած էր նաեւ Սերգէյ Փարաջանովի լուսանկարներու ցուցահանդէս:

 

Փարիզ

Ալֆորվիլի Հայ Մշակոյթի Տան Գիրքի
9-
րդ Տօնավաճառը

Վերջերս  Ալֆորվիլի մշակութային ձեռնարկներու տարածքին` «Լէօ 148»-ի մէջ 3 օրերու վրայ տեղի ունեցաւ Ալֆորվիլի Հայ մշակոյթի տան գիրքի` «Արմէնլիվր»-ի 9-րդ տօնավաճառը:

Փարիզեան շրջանի աշակերտներ այցելեցին գիրքի տօնավաճառ, ուր ներկայացուած էին հայերէն եւ մեծ թիւով ֆրանսերէն զանազան տեսակի գիրքեր: Աշակերտները հանդիպում ունեցան «Քոթոթ»-ի հրատարակիչ, մանկական գիրքերու հեղինակ Յասմիկ Շահինեանին հետ: Տօնավաճառ այցելեցին նաեւ Հայ մշակոյթի տան հայերէն դասընթացքներուն հետեւող բարձրագոյն դասարաններու աշակերտներ: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Տեղի ունեցաւ նաեւ  Իվ Թեռնոնի դասախօսութիւնը «Օսմանեան կայսրութեան մէջ գործուած Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած պատմական ուսումնասիրութիւններու գլխաւոր առանցքները» նիւթով:

Երրորդ օրը տեղի ունեցաւ մանկագիր եւ մանկավարժ Անահիտ Սարգիսեանի կողմէ մանուկներուն համար պատրաստուած «Բաց սնտուկ, գոց սնտուկ» ներկայացումը:

Տօնավաճառին զուգահեռ կազմակերպուած էր լուսանկարներու փոքր ցուցահանդէս մը` «Հայերը Ալֆորվիլի մէջ» խորագրով, ուր ներկայացուած  էին անձնական հաւաքածոներէ հին նկարներ` Ալֆորվիլի մէջ հայկական առաջին ներկայութեան վկայութիւններ:

 

Միացեալ Նահանգներ

Քալիֆորնիայէն Նուիրատուներ
Կ՛իրականացնեն Տուն Մը Ունենալու
Պօղոսեան Ընտանիքին Երազը

0000poghosyanՀայաստանի Գիւմրի քաղաքին մէջ գտնուող Պօղոսեաններուն ժամանակաւոր բնակարանը հրոյ ճարակ դարձած էր 2012-ի վերջին օրերուն, որմէ ետք վեց զաւակ ունեցող այս ընտանիքը պարտադրուած էր ժամանակաւոր, անապահով այլ տնակ մը փոխադրուելու:

Անոնց կացութիւնը բարելաւելու նպատակով Քալիֆորնիայէն «Փարոս» բարեսիրական կազմակերպութիւնը նախաձեռնած էր արշաւի մը` «Բնակարան մը գնէ» իր ծրագիրին ծիրէն ներս, որ մաս կը կազմէ մինչեւ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակը 100 ծրագիրներ իրականացնելու միտող կազմակերպութեան ընդհանուր արշաւին, որուն նպատակն է նպաստել Հայաստանի բարգաւաճման:

Այս արշաւը յաջողութեամբ պսակուեցաւ` շնորհիւ Քալիֆորնիայէն երկու նուիրատուներու առատաձեռն նուէրին: Անոնք նախընտրած են ճանչցուիլ պարզապէս իբրեւ Նժդեհ եւ Լիլիթ: Անոնց նուիրատուութեան շնորհիւ` Պօղոսեան ընտանիքը այս տարուան դեկտեմբերի սկիզբը կրցաւ նոր յարկաբաժինի մը տիրանալ:

«Փարոս» բարեսիրական կազմակերպութեան գործադիր վարիչ Փիթըր Ապաճեան կը յայտնէ, թէ Պօղոսեան ընտանիքին առաջին անգամ հանդիպած էր յունուար 2013-ին, երբ Գիւմրիի մէջ տեղի կ՛ունենար ձմեռնային օժանդակութիւններ բաժնելու աշխատանք:

Այս նպատակի իրականացման համար կարեւոր աշխատանք տարած է նաեւ Գիւմրիի մէջ «Փարոս»-ին աջակցող «Շիրակ» կեդրոնի գործադիր վարիչ Վահան Թոմասեանը:

Հայաստանի երկրորդ մեծագոյն քաղաքը հանդիսացող Գիւմրիի մէջ ներկայիս մօտաւորապէս 4000 ընտանիք անապահով պայմաններու մէջ կ՛ապրի, երբեմն նոյնիսկ` ապաստանելով փլուզման վտանգ դիմագրաւող շէնքերու կամ փոխադրական ժանգոտած բեռնարկղերու մէջ: Անոնցմէ ոմանք անտուն մնացած են 1988-ի երկրաշարժին պատճառով, իսկ ուրիշներ զոհ գացած են տնտեսութեան անկումին:

«Փարոս» կազմակերպութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Նժդեհին եւ Լիլիթին, որոնք իրականացուցած են ապահով բնակարան մը ունենալու Պօղոսեան ընտանիքին երազը:

«Փարոս» բարեսիրական կազմակերպութեան «Բնակարան մը գնէ» կամ միւս ծրագիրներուն նեցուկ կանգնելու, անոնց մասին յաւելեալ տեղեկութիւն ստանալու համար այցելել www.parosfoundation.org կայքը, իսկ Պօղոսեան ընտանիքի պատմութեան մասին կարճ ժապաւէնը դիտելու համար` www.parosfoundation.org/purchaseahomeII կայքէջը

«Ս. Ներսէս Շնորհալի» Շքանշանով
Պարգեւատրումներ
Ս. Յակոբ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Մէջ

Լոս Անճելըսի Սուրբ Յակոբ Հայց. եկեղեցւոյ անուանակոչութեան եւ հիմնադրութեան 72-րդ տարեդարձին առիթով, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան 15 դեկտեմբերին Ս. պատարագ մատուցեց, քարոզեց եւ հայրապետական կոնդակներու ընթերցումով Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին կողմէ «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» շքանշանով պարգեւատրեց ծուխէն ներս երկար տարիներու անձնուէր ծառայութիւն մատուցող Ստեֆընի Կոշտիկեանը, Գրիգոր սրկ. Ագարակեանը եւ Դանիէլ սրկ. Ագարակեանը:

Արարողութեան աւարտին, եկեղեցւոյ «Ճան Կոկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ մը: Ծխական խորհուրդի ատենապետ Լիլի Պալեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ անցնող եօթը տասնամեակներուն ընթացքին ծուխին արձանագրած աճին եւ արձանագրած յիշատակելի յաջողութիւններուն:

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Ապա առաջնորդը «Հայ ոգի» շքանշանով պարգեւատրեց Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ ծուխէն ներս երկարամեայ եւ հաւատարիմ ծառայութիւն մատուցող Գէորգ եւ Արուսեակ Անթապեանները, Էն Միլզը եւ Շահէ Ատուրեանը: Սրբազանը իւրաքանչիւրին յանձնեց յատուկ վկայագիր մը: Ան նաեւ խաչեր նուիրեց Մաննիկ Մանուկեանին եւ բարերարուհի Ճին Պարսամին` առ ի գնահատանք եւ անոնց շարունակական ծառայութեանց:

Փակման խօսք արտասանեց Յարութիւն քհնյ. Թաշճեանը, որ շնորհաւորեց օրուան բոլոր մեծարեալները:

«Հայ Մայրը Եւ Հայ Կինը Հայոց
Պատմութեան Ընթացքին» Նիւթով
Դասախօսութիւն

detroitԿազմակերպութեամբ Տիթրոյթի Համազգային հայ մշակութային եւ կրթական միութեան, վերջերս Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ յարակից «Լիլիըն Առաքելեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շահեկան դասախօսութիւն մը` «Հայ մայրը եւ հայ կինը հայոց պատմութեան ընթացքին»:

Օրուան հանդիսավար, Համազգայինի վարչութեան քարտուղարուհի Շողեր Ուրլեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց  օրուան դասախօս եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հրանդ քհնյ. Գէորգեանին կենսագրութիւնը:

Հրանդ քհնյ. Գէորգեան խօսք առնելով` հաստատեց մեր ազգային պատմութեան ընթացքին հայ մօր ունեցած  եզակի դերակատարութիւնը` եկեղեցական, մշակութային, ընկերային, բարեսիրական, քաղաքական եւ ազատագրական պայքարներուն մէջ: Ան ընդհանուր ակնարկ մը նետեց մեր ազգային պատմութեան վրայ` մինչեւ 21-րդ դար, որուն ընթացքին հայ մայրը հանդիսացած է տիպար ու առաքինի:

 

Քանատա

ՀՅԴ Քանատայի Երիտասարդական
Միութեան Սեմինարը Նուիրուած Էր
Բեկոր Աշոտի Յիշատակին

pegorՅունուար 10-12-ին ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական միութեան «Լեւոն Շանթ» եւ «Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղի 40 անդամներ հաւաքուեցան Քեպեքի «Արիւնտել» բանակավայրը` իրենց տարեկան ձմեռնային սեմինարի աշխատանքները համադրելու համար:

Բանակում-սեմինարը նուիրուած էր Արցախի ազատամարտիկ Բեկոր Աշոտի յիշատակին, իսկ սեմինարի կարգախօսն էր Բեկորի խօսքը` «Ամէն հայ պիտի զգայ, որ առանց իրեն հայրենիքը կը փլուի»: Բանակումի ընթացքին ցուցադրուեցաւ Բեկոր Աշոտին նուիրուած վաւերագրական ժապաւէն մը: Սեմինարի ընթացքին ՔԵՄ-ականներուն փոխանցուեցան  շարք մը դաստիարակչական նիւթեր:

 

Արժանթին

Արժանթինի Թիէրա Տել Ֆուէկօ Նահանգը
Կը Ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը

argentinaՀարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Արժանթինի Թիէրա տել Ֆուէկօ նահանգը, հետեւելով կեդրոնական կառավարութեան օրինակին, վաւերացուցած է բանաձեւ մը` պաշտօնապէս ճանչնալով Հայոց ցեղասպանութիւնը, միաժամանակ ապրիլ 24-ը հռչակելով «Հանդուրժողութեան եւ ժողովուրդներու փոխադարձ յարգանքի օր», ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն:

Բանաձեւը, որ ներկայացուած էր նահանգային խորհրդարանի անդամներ Ամանտա տել Քորոյի ու Ֆապիօ Մարինելոյի կողմէ եւ կը վայելէր մարդկային իրաւանց հարցերով նահանգային կառավարութեան նախարարին աջակցութիւնը, միաձայնութեամբ վաւերացուած է:

Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբէն Ալեհանտրօ Աւագեան ողջունած է այս քայլը` ըսելով, թէ այս ջանքերը մաս կը կազմեն Հայոց ցեղասպանութեան հարցը պետական ու համալսարանական շրջանակներու օրակարգին վրայ պահելու եւ պատմական այդ իրողութիւնը անոնց ծանօթացնելու ուղղութեամբ Հայ դատի յանձնախումբի շարունակական աշխատանքներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )