Շքանշան` Հալէպահայութեան Կուրծքին

Յ. Մ.

Անոնք, որոնք մամուլի կամ Դիմատետրի մէջ կարդացին, թէ անցնող ամիսներուն ինչ հրապարակային ձեռնարկներ կազմակերպուած են Հալէպի մէջ, հալէպահայ միութիւններու կողմէ, վստահ եմ, որ զարմացան եւ իրաւունք ունէին զարմանալու, որ Հալէպի շուրջ եւ մէջ ծաւալած ու շարունակուող պատերազմի ճգնաժամային պայմաններուն մէջ, երբ մարդիկ սնունդի, ելեկտրական հոսանքի, ջուրի կամ վառելանիւթի տարրական պէտքերը հոգալու ահաւոր դժուարութիւններուն մէջ են, զանոնք անտեսելով` մշակութային բարձրորակ ձեռնարկներով սրահներ կը լեցնեն:

Սակայն տարօրինակ բան չկայ այս երեւոյթին մէջ, մասնաւորաբար երբ նկատի ունենանք, որ մարդ արարածը ոչ թէ հերոսութիւն գործելու նպատակով, այլ պարզապէս յուսահատութեան գիրկը իյնալով` չլճանալու, չանդամալուծուելու ու չքայքայուելու համար, իր հոգեկանը ամուր պահելով, վերապրումի սիրոյն, ի պահանջել հարկին կրնայ սխրանքներ գործել` ի գին մեծ զոհողութիւններու:

Ձեռնածալ նստիլը, ծունկ ծեծելն ու լալը ոչ միայն օգուտ չեն բերեր, այլեւ կրնան տասնամեակներէ ի վեր իրագործուածն ալ կորստեան մատնել` անձնատուր ըլլալով մաշեցումի խօլ քամիներուն:

Ամբողջ տարի մը գրեթէ ամլութեան եզրին կանգնած մնացին մեր միութիւններն ու կազմակերպութիւնները մշակութային գործունէութեան առումով եւ պատերազմի առաջին խորշակներէն չայրելու համար, միջոցներ որոնելու վազքին մէջ անցուցին իրենց օրերը, սակայն երբ զգացուեցաւ գաղութի սահանքն ի վար քշուելու սպառնալիքի ահագնութիւնը, ցնցումով մը թօթափեցին կուտակուիլ սկսած փոշին, թմրութեան շապիկը նետեցին իրենց վրայէն ու գործի լծուեցան` ընթացքի մէջ եղող բարեսիրական պաշարի ու նպաստաբաշխումի կողքին վերակենդանացնելու համար մշակութային ասպարէզն ալ:

Կոտորակուած գաղութը վերապրումի պէտք ունէր, ժողովուրդին յոյս ու հաւատք ներշնչելու էին մեր միութիւնները. պէտք էր պատանիներն ու երիտասարդութիւնը մշակութային զինակոչի ենթարկել:

Ու այսպէս, սկիզբը տատամսոտ քայլերով, ապա` աւելի հաստատ ու ինքնավստահ, սկսան իրարու յաջորդել մէկը միւսը գերազանցող հրապարակային ձեռնարկները:

Ամայացած մեր սրահներն ու բեմերը կեանքի վերադարձան: Բազմահարիւր աթոռները, փոշիի փոխարէն, գեղարուեստի ծարաւ հանդիսականներով խճողուեցան:

Երգով, պարով, ասմունքով, նուագով ու թատերական պատկերներով ճոխացած արուեստի երեկոներ, յոբելենական հանդիսութիւններ` նուիրուած քսան կախաղաններուն, ապա Ա. Ծառուկեանի 100-ամեակին: Սայաթ Նովայի երգերու փառատօն, ՀՅԴ-ի հիմնադրութեան 123-ամեակի նշում, Հալէպին նուիրուած գրական կտորներու աշակերտական ասմունքի երեկոյ, Հայաստանի վերանկախացման տարեդարձի նշում, պատանեկան երդման հանդիսութիւն, «Կարմիր ժամուց» թատերախաղի ներկայացում, հայկական երգերու երգահանդէս… ու տակաւին` շարք մը ներակումբային ձեռնարկներ:

Անհաւատալի՞. ո՛չ, ասիկա իրական պատկերն է (թերեւս ոչ ամբողջական) սեպտեմբերէն դեկտեմբեր` 4 ամիսներու ընթացքին իրագործուածը վիրաւոր Հալէպի մէջ:

Հարկ չկայ կազմակերպիչ միութիւններուն անունները յիշելու, քանի այս գրութեան նպատակը կազմակերպող միութիւններուն գլխուն դափնեպսակ դնել չէ, այլ` հալէպահայութեան գլխուն, եւ այն ալ` լուսապսա՛կ…

Այն միութիւններն ու կազմակերպութիւնները, որոնք ունին նիւթաբարոյական կարողութիւն եւ հարուստ են մարդուժով, անոնք եղան պատնէշի վրայ, իսկ մնացեալները, եթէ ոչ կազմակերպող, բայց հանդիսատես ըլլալով` իրենք ալ սատարած եղան այս մշակութային եռուզեռին:

Պատի՜ւ հալէպահայութեան:

Հալէպ` մայր գաղութի կուրծքին շքանշան մը պէտք չէ՞:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )