50 Տարի Առաջ (25 Յունուար 1964)

Մեծարա՜նք… Ցեղասպաններու

ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւնները որոշեր են Մուսթաֆա Քեմալի մահուան 25-ամեակին առթիւ «մեծարանք»-ի ելոյթներ ունենալ: Կարգ մը պետութիւններ, իբրեւ առաջին ցոյց, հրապարակ հանած են դրոշմաթուղթեր` Աթաթիւրքի նկարով:

Առաջին անգամ Հայ-արժանթինեան ընկերութիւնը մամուլին յանձնեց բուռն բողոք մը այդ անօրինակ եւ աննախընթաց միջազգային անիրաւութեան դէմ: Ուրիշ բողոքներ յաջորդեցին առաջինին:

Երբ հայութիւնը կը պատրաստուի արծարծել նահատակաց յիշատակի բոցը` Ապրիլեան եղեռնին զոհերուն յիշատակը, միաժամանակ կրկնելով դատապարտութեան իր խօսքը հանդէպ մեծագոյն ցեղասպանութեան հեղինակներուն, ահա ցեղասպանութեան մեղսակիցներու, հեղինակներու եւ անոնց գործը շարունակողներուն համար մեծարա՜նք կ՛ընծայեն արեւմուտքցիները, ծնրադիր, գրկաբաց, գետնատարած:

Այսքան ալ կարելի՞ է միթէ: Անարգել նահատակ ժողովուրդ մը ու թքածը լզել` ձեռք երկարելով եաթաղանը բռնողին ու կոխկռտելով վիրաւոր ինկած զոհը: Ու ցաւ է խորհիլ, որ մարդկային խղճմտանքը, ազատ մարդու իրաւունքներու եւ համամարդկային իտէալներու մասին խօսող Արեւմուտքը այսօր ոտնակոխ կ՛ընէ ամէն իտէալ եւ ամէն նուիրականութիւն:

Արեւելքի մէջ պետութիւնը, որ իր Կարմիր Սօսին է տնկեր Արարատեան դաշտին մէջ եւ իր «հովանաւորութեան» տակ առեր է մեզ, ներկայացուցեր է ցանկ մը` համաշխարհային մեծարանքի արժանի անուններու, որոնց մէջ կը գտնուի նաեւ Թուրքիոյ թեկնածուն` Մուսթաֆա Քեմալը:

Ի՜նչ հեգնանք… անպաշտպան, անիրաւուած ու նահատակուած ժողովուրդի մը հանդէպ այսքան անարգանք կարելի՞ էր երեւակայել:

Կարելի՞ էր երեւակայել, որ Արեւմուտք եւ Արեւելք միասնաբար Ցեղասպանութիւնը պիտի քաջալերէին` մեծարելով ցեղասպանները:

Ապրիլեան եղեռնին զոհերը իրենց հրեղէն աչքերը սեւեռած` արդարութիւն կը պահանջեն եւ կը ներկայանան յաւիտենական դատախազ…:

 

Ձիւն Ձմեռ Ամբողջ Թուրքիոյ Մէջ

Վանայ Լիճը Սառած Է
Ատանայի Եւ Չորքմարզպանի Նարնջենիները Փճացած Են

Գայլեր Եւ ՎարազներՔաղաքներու Շրջակայքը

Թուրքիոյ գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ սոսկալի ձմեռ եւ ցուրտ սկսած է 10 օրէ ի վեր: Պոլիս, Զմիւռնիա եւ ամբողջ Անատոլուն ձիւնով ծածկուած է:

Անատոլուի մէջ բազմաթիւ անձեր սառած են: Բանջարեղէնի եւ պտուղի բերքերը փճացած են: Սովալլուկ գայլերը գիւղերը եւ գիւղաքաղաքները իջած են:

Ատանայի, Չորքմարզպանի, Անտիոքի եւ Ալեքսանտրեթի մէջ նարնջենիները փճացած են: Պարտիզպանները խարոյկներ վառած են ծառերը փրկելու համար: Ջերմաստիճանը զերոյէն վար 15-ի իջած է:

Սաստիկ ցուրտին պատճառով ամսոյս մինչեւ 20-ը սառողներուն թիւը 10 եղած է: Գայլի վոհմակներ նոյնիսկ Պոլսոյ արուարձանները իջած են:

Բիւրակնի շրջանին մէջ վարազներ եւ գայլեր գիւղերու վրայ յարձակած են: Հովիւ մը եւ իր 300 ոչխարները սառելով մեռած են:

Սեբաստիոյ մէջ ջերմաստիճանը զերոյէն վար 25-ի իջած է. բազմաթիւ անձեր սառած են:

Տիգրանակերտէն 23 քիլոմեթր հեռու Քարաճատաղի բարձրագոյն կէտին վրայ 60 հոգինոց զինուորական ստորաբաժանում մը ձիւներու մէջ մնացած է, եւ ազատարար խումբեր օգնութեան գացած են:

Մարտինի մէջ ձիւնամրրիկը պատճառ դարձած է, որ քաղաքի հարիւրաւոր տուներու ապակիները եւ պատուհանները խորտակուին եւ ծխնելոյզները թռին: Ջուրի խողովակները պայթած են եւ ելեկտրական հոսանքը` կտրուած:

Երզնկայի եւ Բալուի շրջաններուն մէջ ճամբաները գոցուած են: Ուլուտաղի վրայ ձիւնին թանձրութիւնը երկու մեթրի հասած է:

100 տարիէ ի վեր երկրորդ անգամ ըլլալով ցուրտի պատճառով Վանայ լիճը սառած է: Մանաւանդ Քարահան գիւղին մերձակայքը լիճին սառիլը սկսած է 10 օր առաջ:

Մուշի շրջանին մէջ ճամբորդատար ինքնաշարժ մը ճամբան մնացած է, եւ ճամբորդները սառած են: Անատոլուի կարգ մը շրջաններուն մէջ միայն սահնակ կը բանի:

Կրիփը եւ այլ հիւանդութիւններ սկսած են աւեր գործել Անատոլուի գիւղերուն մէջ:

Թրքական թերթերը կը գրեն, թէ 20 տարիէ ի վեր այսքան խստաշունչ ձմեռ չէր տեսած Թուրքիան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )