ՄԵՐ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐԸ ԿԸ ԳՐԵՆ. ԽՈՆԱՐՀՈՂ ԾԱՌԵՐ

Մեր քաղաքին մէջ կայ մի պողոտայ
Ուր ծռած ծառեր, բոլորն համարեա՛,
Ուղղահայեացէն յիսուն աստիճան,
Այդ վիճակին մէջ ինչպէ՞ս կը մնան,
Կը խորհիս յանկարծ վար պիտի իյնան.
Որքա՜ն ուժ հարկ է կառչելու այդքան,
Ծանր ճիւղերով տարածք գրաւած,
Հաստաձիգ կոճղերն հողին մխրճած:
Շուք է ամէն կողմ, հաճոյք է քալել,
Ամառն պաշտպանուած խիստ արեւին դէմ,
Իսկ ձմեռները անձրեւի կաթիլն
Ճամբայ չի գտներ հասնելու գետին:
Ես կը խուսափիմ ո՛չ թէ սարսափէս
Գուցէ տապալին իմ գլխուս ի վար,
Այլ պժգանք կը զգամ երբ անցընեմ մտքէս`
Ծառերն անարժան ստրուկներ այնտեղ, Խոնարհումի մէջ մի պետին ահեղ
Որուն ճանապարհն է յաճախակի,
Բազմած անթափանց սեւ Քատիլաքի,
Հրճուանքով կտրել սիրած պողոտան
Որտեղ ծառերն իսկ իրմէ կը դողան:
Բարեւի չէ, որ կեցած են անոնք,
Այլ խոնարհումի` մարդն ստրկացնող.
Կը յարգեմ խոնարհն, բայց ո՛չ խոնարհողն:
Չե՛մ անցնիր հոնկէ, թէպէտեւ ան կարճ,
Ես կը նախընտրեմ ուրիշ ճանապարհ.
Իմ սիրած ճամբաս, հոգ չէ թէ երկար,
Ուր ծառերն ուղիղ կանգնած են հպարտ,
Թէպէտեւ իրենց ճիւղերով խոնարհ
Ամէն անցնելուս կեցած բարեւի`
Հանդէպ անցորդիս, իրենց սիրելի:

ԿԱՐԱՊԵՏ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES