Փիրլօ` Լաւագոյն Ֆութպոլիստը. Քոնթէ` Մարզիչներուն Լաւագոյնը

pirloԵուվենթուսի եւ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Անտրէա Փիրլօ, Իտալիոյ ֆութպոլիստներու միութեան կողմէ կազմակերպուած հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին, ստացաւ Իտալիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 2012-2013 տարեշրջանի լաւագոյն ֆութպոլիստին համար շնորհուող տիտղոսը, յայտնեց ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը` մէջբերելով «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքին հրապարակած լուրը:

Բացի ատկէ, Փիրլօ, որ յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով տիրացաւ այս տիտղոսին, ընդգրկուեցաւ նաեւ Իտալիոյ ախոյեանութեան տարուան խորհրդանշական հաւաքականին մէջ, որուն ընտրութիւնը կատարեցին «Քալչիօ»-ի մարզիկները, մարզիչները, Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին այժմու եւ անցեալի մարզիկներն ու մարզիչները, ինչպէս նաեւ` կարգ մը ընտրուած լրագրողներ:

Իսկ Իտալիոյ նախորդ տարեշրջանի տարուան լաւագոյն մարզիչ` Եուվենթուսի մարզիչ Անթոնիօ Քոնթէ այս տարի եւս ընտրուեցաւ տարուան լաւագոյն մարզիչ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )