Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելուներ Ընդունեց

Հինգշաբթի, 30 յունուար 2014-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար ընդունեց այցելութիւնը`

– Կենսոլորտի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Պերճ Հաճեանի: Ան վեհափառ հայրապետին զեկուցում մը տուաւ նախարարութեան կատարած աշխատանքներուն մասին եւ իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց անհրաժեշտ ծառատնկումը կատարելու ազգային հաստատութիւններուն շուրջ:

– Մարոնիներու միջազգային հիմնարկի ընդհանուր քարտուղար Հիամ Պուսթանիի եւ նոյն հիմնարկի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ռոզ Շուէյրիի: Այցելութեան նպատակն էր խնդրել վեհափառ հայրապետէն, որ արտասահման գտնուող լիբանանահայեր անհրաժեշտ արձանագրութիւնները կատարեն լիբանանեան դեսպանատուներուն մօտ, որպէսզի Լիբանանի քրիստոնեայ համայնքներու թիւը նուազում չկրէ: Յիշեալ հիմնարկը շուրջ երեք տարիներէ ի վեր լծուած է այս աշխատանքին:

– Վեհափառ հայրապետին այցելեց նաեւ Վատիկանի Պոնտիփիչըլ Միշընըրի հաստատութեան ընդհանուր տնօրէն Միշել Քոնսթանթինը: Ան վեհափառ հայրապետին զեկուցեց յիշեալ մարդասիրական կազմակերպութեան կատարած աշխատանքին մասին` ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Սուրիոյ մէջ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )