Մոռացութեան Ենթարկուած Հայ Տաղանդի Մը` Ժան Դարբինեանին Մասին

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Եթէ չեմ սխալիր, 2000 թուականի սկիզբն էր. նստած էինք «Քազինօ Հաննուշ» (Թաանայէլ, Պեքաա) ու կը զրուցէինք անոր տիրոջ` Էմիլ Հաննուշի եւ գեղանկարիչ Ռաշիտ Ուահպէի հետ: Օրուան խօսակցութեան նիւթը լիբանանահայ գեղանկարիչ Ժան Դարբինեանն էր: Մինչ այդ, թէեւ լսած էի անոր մասին, սակայն ոչ մէկ ստեղծագործութիւն տեսած էի անկէ: Էմիլ Հաննուշ Դարբինեանէն նոր ձեռք բերած էր բնանկար մը, ուր պատկերուած էր հովիւ մը` լեռներուն վրայ: Ի տես այս փոքր չափի բնանկարին` զարմացած էի ու հիացած` միաժամանակ: Ռաշիտ Ուահպէ հպարտ էր, որ վրձնակից ընկերը եղած էր Դարբինեանի, սակայն ցաւով կը նշէր, թէ` «ան լքուած ու մոռացութեան ենթարկուած տաղանդ մըն էր»:

«Դերձակատուն` հին Պուրճ Համուտի մէջ»

«Դերձակատուն` հին Պուրճ Համուտի մէջ»

Ռաշիտ Ուահպէի վկայութիւններն ու բնանկարի  կատարողական բարձր մակարդակը ոչ միայն հետաքրքրութիւնս շարժեցին, այլեւ յանցաւոր զգացի, որ մինչ այդ լուսանցքի վրայ ձգած եմ այս արժանաւոր արուեստագէտը: Ռաշիտ Ուահպէ պատմեց, թէ ինչպէս Փոլ Կիրակոսեանը, Ժան Դարբինեանը եւ ինք յաճախ օդափոխութեան կու գային Ժելելէ (Շթորայի շրջան) ու երբեմն կը շրջէին Պեքաայի դաշտը եւ բնանկարներ կը պատկերէին: (Ի միջի այլոց  ան տուաւ նաեւ Կալենցի, Թորոս Տէր Յակոբեանի, Յով. Ասատրեանի եւ Թերճանի անունները, որոնց նոյնպէս կը ճանչնար եւ անոնց հետ եւս որոշ մտերմութիւն ունեցած էր):

«Պտղավաճառը Քէմփ Սանճաքի մէջ»

«Պտղավաճառը Քէմփ Սանճաքի մէջ»

Դարբինեանին բնանկարը մեր դիմացն էր, աթոռին վրայ. Ուահպէ մատնացոյց ընելով զայն` ըսաւ. «Դրէք զայն` Օմար Օնսիի եւ կամ Մուսթաֆա Ֆարրուխի քով ու պիտի համոզուիք, ու Դարբինեանը պիտի չտկարանայ անոնց դիմաց»: Իսկ Էմիլ Հաննուշ հիացական բացագանչութեամբ մը աւելցուց. «Դարբինեանը համալիբանանեան արժէք է, ես գոհ եմ, որ անկէ գործ մը ունիմ, եթէ ուրիշներ ալ ձեռք բերեմ, աւելի ուրախ կ՛ըլլամ»: Ի դէպ, Էմիլ Հաննուշ շարքային արուեստասէր մը չէ, այլ ան լիբանանեան կերպարուեստի մեծագոյն հաւաքորդը կը համարուի` թէ՛ որակով եւ թէ՛ քանակով: Անոր քով կարելի է տեսնել նաեւ բացառիկ Փոլ Կիրակոսեաններ, Կալենցներ, Թորոս Տէր Յակոբեաններ, Աշոտ Զօրեաններ, նոյնի՛սկ հալէպահայ «Եզեկել»-էն գեղեցիկ գործեր ունի:

«Վերապրողներ Քարանթինայի մէջ»

«Վերապրողներ Քարանթինայի մէջ»

Երբ հարց տուի, թէ` «ի՞նչ տեսակ մարդ էր, եւ ո՞ւր են հիմա անոր գործերը», Ուահպէ գլուխը շարժեց ափսոսանքով ու ըսաւ. «Ոչ մէկը ունէր աշխարհի վրայ, խրճիթի մը մէջ կ՛ապրէր նուազագոյն պայմաններով: Տուփեղէն միսը տուփով կը տաքցնէր քարիւղով բանող ու ձայնաւոր օճախի մը վրայ եւ ուղղակի անկէ կ՛ուտէր… Տառապեալ մըն էր, թշուառ մը, սակայն գիտակից իր տաղանդին` հպարտ էր ու ինքնավստահ: Կատաղի վիճող մըն էր, ոչ մէկ զիջում կ՛ընէր իր արուեստի ըմբռնումներէն: Կը քննադատէր այն բոլորը, որոնց գործերը չէր հաւներ, այդ պատճառով ալ բազմաթիւ չսիրողներ ու «թշնամիներ» ունէր: Մնաց աղքատ ու չկրցաւ իր արուեստով օրապահիկը ապահովել ու տաղանդը ամբողջութեամբ դրսեւորել: Միջոցները կը պակսէին իրեն, կը նկարէր փոքր կտաւներու եւ կամ պատահական խաւաքարտերու ու թուղթերու վրայ: Քիչ կը ստեղծագործէր ու հազուադէպ պարագաներու միայն կը ցուցադրուէր: Կը մերժէր կողմնակի գործերով դրամ շահելու առաջարկները: Մնաց արուեստագէտ` առանց հասկցուելու ու գնահատուելու: Ափսո՜ս… շա՛տ ափսոս»:

«Հին Պէյրութ»

«Հին Պէյրութ»

Թերեւս, հարազատօրէն չկրցայ արտաբերել Ռաշիտ Ուահպէի խօսքը, սակայն իր ամբողջութեանը մէջ իմաստն ու բովանդակութիւնը այս էր: Ան կը խօսէր խիստ զգացական ու յուզումով: Յուզուած էինք նաեւ մենք: Էմիլ Հաննուշ աւելցուց. «Փաստօրէն` Վան Կոկի Լիբանանին տարբերակը: Այո՛, պէտք է որոնենք անոր գործերը ու բացայայտենք անոր տաղանդը…»:

Այդ օրէն ի վեր սկսայ պրպտումներու: Այսօր ձեռքիս տակ ունիմ բաւականին նիւթ իր մասին: Կան վկայութիւններ իր ժամանակակիցներէն (Ժոզեֆ Թարրապ, Կիւվտեր, Զաւէն Խտըշեան, Յարութիւն Թորոսեան), որոնք համակրանքով ու գնահատանքով խօսած են իր մասին: Կան երկու խմբային պատմական լուսանկարներ` տրամադրուած Յարութիւն Թորոսեանի կողմէ: Մեզի յայտնի են արդէն շուրջ երեսուն ստեղծագործութիւններ, որոնցմէ մէկը կը գտնուի Հայաստանի պետական պատկերասրահը: Տնօրէնին` Տիգրան Ճինպաշեանի վկայութեամբ քանի մը հատ կայ «Մ. եւ Հայկ Արսլանեան» ճեմարանի հաւաքածոյին մէջ: Որոշ թիւով գործեր կան նաեւ Տիգրան Թոսպաթի, Սիմոն Սիմոնեանի եւ փարիզաբնակ այլ արուեստասէրի մը հաւաքածոյին մէջ: Հնարաւոր է, որ Զմմառի հայ կաթողիկէ վանքի հաւաքածոյի մէջ եւս յայտնաբերուին Ժան Դարբինեանին գեղանկարներէն, որովհետեւ վկայութիւններ կան այն մասին, թէ ան կեանքի վերջին տարիներուն հոն «ապաստանած» էր:

«Երդիքներ Քարանթինայի մէջ»

«Երդիքներ Քարանթինայի մէջ»

Տանիէլ Գզնունի իր «Հայ կերպարուեստագէտներու» համառօտ բառարանին մէջ տեղ տուած է նաեւ Ժան Դարբինեանին: Կը պարզուի, որ բուն անունը Յովհաննէս է եւ կը սերի «Չիլինկիրեան» գերդաստանէն: Ծնած է Կիւրին: 1937-1942 մասնագիտական կրթութիւն ստացած է, Պէյրութի Ժորժ Միշլէի արուեստանոցին մէջ, իբրեւ դասընկեր ունենալով` Կալենցը, Յովհաննէս Ասատրեանն ու Թերճանը: Առաջին անգամ կը ցուցադրուի 1946-ին, իսկ 1956-ին ու 1961-ին կու տայ անհատական ցուցահանդէսներ Պէյրութի մէջ: Իր վերջին ցուցահանդէսին առիթով «Սփիւռք» շաբաթաթերթի 1962, 14 յունիսի համարին մէջ Կարօ Բարսեղեան  դրուատական յօդուածով մը կ՛անդրադառնայ անոր ստեղծագործական կեանքին` «Ժան Դարբինեանի ցուցահանդէսը» խորագիրին տակ: Ըստ Գզնունիի, անոր կարեւոր գործերն են` «Սպասում», «Ափրիկէի  ափերը», «Տուներ Համրայի մէջ», «Ոսկեղէն երազներ», «Փարոսը անձրեւի տակ», «Կարմիր ճառագայթներ» եւ այլն: Բացի Ռաշիտ Ուահպէէն, ան կապեր ունեցած է նաեւ Նիքոլա Նամմարի, Ամին Սֆէյրի, Սալիմ Աթթարի եւ այլ լիբանանցի արուեստագէտներու եւ մտաւորականներու հետ:

«Նահր գետը Քարանթինայէն կ՛անցնի»

«Նահր գետը Քարանթինայէն կ՛անցնի»

Բացի լիբանանեան եւ սուրիական շարք մը տեսարժան վայրերէ, Ժան Դարբինեան պատկերած է նաեւ Քարանթինայէն եւ Քեմփ Սանճաքէն առնուած որոշ տեսարաններ, ուր գեղեցկօրէն ու ամենայն հարազատութեամբ դրսեւորած է հայ գաղթականներու կենցաղն ու առօրեան: Այս առումով, անոր ստեղծագործութիւնները կը զգենուն նաեւ պատմամշակութային արժէք, յատկապէս երբ ի նկատի ունենանք, որ ան Եղեռնէն ճողոպրած հայ ստեղծագործ մըն է: Ցարդ անոր տոհմական ծագումն ու առհասարակ ստեղծագործական կեանքը կը մնան մութ ու խորհրդաւոր: Բացայայտելու պարագային աւելի լաւ պիտի կարողանանք ըմբռնել անոր արուեստն ու գնահատել զայն:

Եւ որպէսզի հնարաւոր ըլլայ  արժանին հատուցել արժանաւորին, պէտք է միասնաբար աշխատինք: Մեր ընթերցողներէն անոնք, որոնք ստեղծագործութիւններ եւ կամ որեւէ տեսակի տեղեկութիւններ ունին Ժան Դարբինեանի մասին, կը խնդրուի («Ազդակ»-ի միջոցով) կապ պահել մեզի հետ, որուն համար խորապէս շնորհակալ պիտի ըլլանք: Իսկ հնարաւորութեան չափ ամբողջական դարձնելու համար մեր հաւաքած տեղեկութիւններն ու լոյս աշխարհ բերելու մոռացութեան ենթարկուած տաղանդ մը, կը խնդրուի հայ մամուլէն ու համացանցային լրատուամիջոցներէն  արտատպել եւ կամ թէկուզ հակիրճ ձեւով անդրադառնալ այս թեմային:

Կապ: [email protected]
հեռ:+ 9613727211
+ 9614711852

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )