Սիրուն Երէցեանի Յղացքներով`. Սիրուն Տառեր

Մ. Հ.

Սիրուն Երէցեանի հայկական տառերը

Սիրուն Երէցեանի հայկական տառերը

Երբ կ՛ըսենք, թէ հարկաւոր է հոգեւոր ժամանակակից մշակոյթ ստեղծել, չի նշանակեր  անպայման անցեալէն կտրուիլ: Ընդհակառակը, խօսքը կը վերաբերի միջնադարեան մշակոյթի վերարժեւորման, վերաթարմացման ու վերաիմաստաւորման: Օրինակի համար, «Սիսթըմ աֆ է տաուն» ժամանակակից նուագախումբը գեղեցկօրէն վերամշակած է «Տէր ողորմեա»-ն ու պատշաճեցուցած` ժամանակակից հայ երիտասարդի խառնուածքին ու երաժշտական ճաշակին:

Այս առումով, հայ մանրանկարչութիւնը չափազանց հարուստ է եւ մեծ հնարաւորութիւններ ունի վերաիմաստաւորուելու: Ժամանակին, խորհրդային շրջանին, Սուրէն Խաչիկեանն ու կարգ մը այլ հայ գեղանկարիչներ փորձեր կատարեցին, սակայն անոնք մնացին շուքի մէջ` տարբեր պատճառներով:

Այսօր լաւ լուրը կու գայ Քալիֆորնիայէն: Վերջերս Կլենտէյլի «Էփրիլ փապլիշինկ» հրատարակչատունը լոյս ընծայած է գերիրապաշտական հակումներու տէր գեղանկարիչ Սիրուն Երէցեանի երկրորդ պատկերագիրքը` «Սիրուն տառեր», որ ունի «Armenian Ornate Initials» («Հայկական նկարազարդուած սկզբնական տառեր») ենթախորագիրը: Ճիշդ է, որ գիրքը մեծմասամբ նուիրուած է նկարազարդուած հայ սկզբնատառերուն, սակայն, բացի այն իրողութենէն, որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը առանձին ստեղծագործութեան մը կշիռը ունի, կան նաեւ առանձին թեմաներով այլ գործեր, ինչպէս` «Կենաց ծառեր»-ու, «Սիրամարգ»-ի, «Դրախտ»-ի, «Խորաններ»-ու եւ այլ տարբեր տեսակի խորհրդանշաններու:

Երկու հարիւր յիսուն էջերէ բաղկացած այս գեղատիպ պատկերագիրքին շնորհահանդէսը տեղի պիտի ունենայ 5 փետրուարի երեկոյեան, «Կլենտէյլ փապլիք լայպրերի»-ին մէջ

Ահաւասիկ տաղանդաւոր արուեստագիտուհի մը, որ լաւապէս ուսումնասիրելէ ետք հայ միջնադարեան գեղանկարչութիւնը, կրցած է վերաթարմացնել, վերաիմաստաւորել եւ վերարժեւորել հայ հոգեւոր մշակոյթի մէկ կենսական երակը: Անոր ստեղծագործութիւններէն շատեր (որոնք ունին կոթողային բնոյթ), հարկաւոր է զետեղել մեր եկեղեցիներէն ներս, մանաւա՛նդ անոր համար, որ հայ մերօրեայ հաւատացեալը իր ժամանակակից գեղագիտական ըմբռնումներուն, խառնուածքին ու ճաշակին համապատասխան արուեստի պիտի հանդիպի ու հաճոյքով պիտի աղօթէ անոնց դիմաց: Այս պատկերագիրքը արժանի է գնահատանքի ու առանձինն քննարկման:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )