Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Այս Տարի Պիտի Նկարահանուին
Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած
Երկու Վաւերագրական Ժապաւէններ

gevorg-gevorgyan2014  թուականին պիտի նկարահանուին Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած երկու վաւերագրական ժապաւէններ, սակայն նոյն նիւթին նուիրուած խաղարկային ժապաւէնի վերաբերող Հայաստանի ազգային շարժանկարի կեդրոնը առայժմ յստակ որեւէ տեղեկատուութիւն չի կրնար տրամադրել: Շարժանկարի կեդրոնի տնօրէն Գէորգ Գէորգեան այսօր նշած է, որ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկները համակարգող յանձնախումբը հարցը դեռ կը պահէ քննարկման հանգրուանի մէջ: Ազգային շարժանկարի կեդրոնին տնօրէնը այսօր խօսած է նաեւ 2014-ի կարեւոր` շարժանկարի նախագիծերուն մասին:

Նշենք, որ «Բանտարկուած հոգիներ» եւ «Յիշատակի պատը» խորագիրներով` Ցեղասպանութեան նիւթին նուիրուած երկու վաւերագրական ժապաւէնները պատրաստ պիտի ըլլան մինչեւ 2015 թուականը: Հայաստանի Ազգային շարժանկարի կեդրոնը առաջին նախագիծը իրականացուցած է «Բարս մեդիա» սթիւտիոյի հետ միատեղ, բեմադրիչ Վարդան Յովհաննիսեանի եւ երկրորդ բեմադրիչ Արամ Շահբազեանի հետ: Հայոց ցեղասպանութեան նիւթին նուիրուած խաղարկային ժապաւէնին շուրջ առայժմ լռութիւն կը տիրէ:

«Պետական յանձնախումբի քննարկման ներկայացուած են 6 նախագիծեր, որոնց մասին դեռ որոշում չէ կայացած»:

Արդեօք ժամանակը բաւարա՞ր է Ցեղասպանութեան նիւթին նուիրուած լուրջ շարժանկարի նախագիծ իրականացնելու համար, եթէ հաշուի առնենք, որ 2015 թուականի ապրիլը շատ հեռու չէ: Ազգային շարժանկարի կեդրոնի տնօրէնը այս առումով մտավախութիւն ունի, բայց նաեւ կը նշէ, թէ որեւէ պարագայի ժապաւէնը պէտք է իրականութիւն դարձնել: Իսկ մինչ այդ 2014 թուականի կարեւորագոյն շարժանկարի նախագիծերու մասին նշեն, որ շարժանկարի կեդրոնը աւարտին պիտի հասցնէ բեմադրիչ Յովհաննէս Գալստեանի «Լուսաւոր շրջան» ժապաւէնը, որ հայ-նորվեկիական միացեալ նախագիծ է: Պիտի փորձեն հանդիսատեսին դատին յանձնել նաեւ Սօս Սարգսեանի միանուն պատմուածքին հիման վրայ նկարահանուող «Լակոտը» ժապաւէնը, բեմադրութեամբ Ալպերթ Մկրտչեանի: Երիտասարդ բեմադրիչ Արա Առուշը կը պատրաստուի նկարահանելու ժապաւէն Պրուս Լիի մասին: Վերջինին կինը արդէն տեղեակ եւ համաձայն է նախագիծին: Վիգէն Չալդրանեանի Կոմիտասին նուիրուած «Իմ քաղաքի առասպելները» ժապաւէնը եւս 2014-ի կարեւորագոյն շարժանկարի նախագիծերէն մէկն է:

Շարժանկարի ոլորտին յատկացուած կէս միլիոն տոլարի շրջանակներուն մէջ շարժանկարի կեդրոնը 2014-ին կը նախատեսէ աւարտին հասցնել 12 ժապաւէն: «Այսպիսի պիւտճէով, Հայաստանէն բացի, աշխարհի մէջ որեւէ պետական շարժանկար չի ստեղծուիր», ըսած է Գէորգ Գէորգեանը` միաժամանակ նշելով, որ հայ շարժանկարի գործիչները արդէն կը տիրապետեն սուղ միջոցներով ժապաւէններ ստեղծելու վարպետութեանը: Շարժանկարին յատկացուած սուղ միջոցներուն զգալի հատուածը կը տրամադրուի երիտասարդ բեմադրիչներու մեկնարկային ժապաւէններուն:

«Նոր փարաջանովներ եւ փելեշեաններ յայտնաբերելու համար երիտասարդներուն դրսեւորուելու կարելիութիւն պէտք է տալ», համոզուած նշած է շարժանկարի կեդրոնի տնօրէնը: 2013-ի հայկական շարժանկարի արտադրանքը պիտի գնահատէ արդէն «Հայակ 2014» ազգային շարժանկարի մրցանակաբաշխութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ ապրիլ 26-ին կամ մայիս 3-ին` պայմանաւորուած օփերային թատրոնի աշխատանքային յայտագիրէն: Յայտնենք, որ ազգային շարժանկարի մրցանակաբաշխութեան դատական կազմի նախագահը այս տարի բեմադրիչ Էդկար Բաղդասարեանն է:

Ստեփանակերտի «Սայաթ Նովա»
Երաժշտական Քոլեճի Վերակառուցում

Stepanakert-Sayat-Nova-College_04«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի բարերար, մոսկուաբնակ հայ գործարար Արմէն Շախազիզեանի հովանաւորութեամբ եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութեան համաֆինանսաւորմամբ կը վերակառուցուի Ստեփանակերտի Սայաթ Նովայի անուան երաժշտական քոլեճը:

1925 քմ. ընդհանուր մակերեսով շէնքը ամրացուած է եւ արտաքինէն երեսպատուած մարմարէ սալիկներով: Շէնքը, ներառեալ տանիքը, վերայատակագծուած է, որուն իբրեւ արդիւնք խորհրդային շրջանին կառուցուած այս գեղեցիկ ընդարձակ կառոյցը ամիսներ ետք պիտի դառնայ արդի պահանջներուն համապատասխանող կրթական հաստատութիւն`  լուսաւոր աստիճանավանդակներով, յարմարաւէտ հանդիսութիւններու դահլիճով եւ համապատասխան ձայնամեկուսացում ունեցող դասարաններով:

Յիշեցնենք, որ Արմէն Շախազիզեանի հովանաւորութեամբ վերջերս իրականացած են բազմաթիւ ծրագիրներ Արցախի մէջ:

Տիգրանակերտի Թանգարանը
Նոր Ցուցասրահ Պիտի Ունենայ

Արցախի Տիգրանակերտի թանգարանը մինչեւ տարեվերջ նոր ցուցադրութեան վայր պիտի ունենայ, յայտնած է Արցախի Տիգրանակերտի արշաւախումբի ղեկավար Համլէթ Պետրոսեանը` լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին:  Տիգրանակերտի թանգարանի ներկայի ցուցադրութեան մէջ տիրական է խեցեղէնը: Նոր ցուցադրութիւնը կարելիութիւն պիտի տայ ներկայացնելու նաեւ Տիգրանակերտի հնավայրին մէջ պեղումներու ատեն յայտնաբերուած այլ նիւթեր` հիմնականին մէջ երկաթեայ: «Նոր ցուցադրութեան ծրագիրին մշակումը արդէն աւարտած է, նիւթերն ալ ընտրուած են: Կը մնայ լուծել որոշ քարտէսներու եւ գրութիւններու հարցեր: Եթէ համապատասխան նիւթական ունենանք, կը լուծենք նաեւ կահոյքի եւ ձեւաւորումի հարցերը», նշած է Համլէթ Պետրոսեան:

Անոր համաձայն, Տիգրանակերտի թանգարանի այցելուները յաճախ կը բաւարարուին միայն թանգարան այցելելով: «Տարեկան 20-30 հազար այցելու կ՛ունենանք, որոնցմէ միայն 3 հազարը օտարներ են, իսկ 5 հազարն ալ օտար երկիրներու մէջ բնակող հայեր են», յայտնած է ան:

Հնագէտին տուեալներով` Տիգրանակերտը Արցախի մէջ Գանձասարէն եւ Շուշիէն ետք երրորդ ամէնէն աւելի այցելու ունեցող վայրն է:

Համլէթ Պետրոսեան նշած է, որ այս տարի պիտի լուծուի հնագէտներու հանգրուանի հարցը: «Առաջ մենք տուն կը վարձէինք, այնտեղ ալ կը ձգէինք մեր բոլոր գործիքները: Հիմա արդէն կը բնակինք հնավայրին կից տնակներու մէջ», աւելցուցած է ան:

Գիրք Նուիրելու Օրը Տօնի Պիտի Վերածուի
Հայաստանի Մէջ

Հայաստանեան շարք մը գրախանութներ եւ հրատարակչութիւններ կը պատրաստուին իւրայատուկ անակնկալներով նշելու 19 փետրուարը` Գիրք նուիրելու օրը: Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրը աւանդաբար նշուող գիրքի տօնին այս տարի եւս պիտի բաժնուին անվճար գիրքեր, պիտի կազմակերպուին գրականութեան վերաբերող շարք մը նախաձեռնութիւններ:

Գիրք նուիրելու օրը «Էտիթ Փրինթ» հրատարակչութիւնը եւ «Անտարես մեդիա հոլդինգ»-ը պիտի նշեն Դիմատետրեան նախաձեռնութեամբ: Դիմատետրի իրենց էջերուն վրայ հրատարակչութիւնները տեղադրած են գիրքեր, զորս ընկերային ցանցի օգտատէրերը կրնան տեղադրել իրենց էջերուն վրայ, հաւաքել համապատասխան քանակով «լայք»-եր եւ զանոնք ստանալ իբրեւ նուէր: «Մենք մարդոց գիրքեր կը նուիրենք ո՛չ միայն տօներուն, այլ նաեւ տարբեր այլ ձեռնարկներու ընթացքին: Պարբերաբար գիրքեր կը նուիրենք գրադարաններուն, դպրոցներուն, համալսարաններուն: Այս տարի առաջին անգամ միացած ենք դիմատետրի շարժումին: Մեր նպատակն է գիրքը աւելի զանգուածային դարձնել եւ խթանել ընթերցանութիւնը», դիտել տուած է «Էտիթ Փրինթ» հրատարակչութեան ծրագիրներու ղեկավար Շաւարշ Կարապետեանը:

Այս ծիրին մէջ հրատարակչութիւնը ընթերցասէրներուն պիտի նուիրէ 110 գիրք` ընդհանուր 500 օրինակով: Մօտաւորապէս 100 գիրք նախատեսուած է մանուկներուն համար: Կարապետեան ընդգծած է, որ պիտի նուիրուին արտասահմանեան եւ հայ հեղինակներու տարատեսակ գիրքեր:

«Անտարես» հրատարակչութեան գլխաւոր խմբագիր Արքմենիկ Նիկողոսեան լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ իրենք մարդոց պիտի նուիրեն 150 գիրք: «Գիրքերը հիմնականօրէն գիտական աշխատութիւններ են, հայ եւ համաշխարհային հեղինակներու գործեր, ինչպէս նաեւ ժամանակակից հայ գրողներու ստեղծագործութիւններ: Քանի մը օրէն կը սկսի «Անտարես»-ի մանկական գիրքերու արշաւը, որուն ծիրին մէջ մանուկները պիտի ստանան մօտաւորապէս 200 գիրք: Նման նախաձեռնութիւններ գեղեցիկ աւանդոյթներ կը ձեւաւորեն եւ կ՛ապահովեն նաեւ գիրքի հանրաճանաչութիւնը», դիտել տուած է Նիկողոսեան:

Հայկական գրախանութներէն «Պուքինիսթ»-ը 19 փետրուարին իր իւրաքանչիւր գնորդին պիտի տրամադրէ նուէր-գիրք, ինչպէս նաեւ զեղչի տոմս: Գրախանութի ծանուցողական բաժինի պատասխանատու Անի Ղազարեան յայտնած է, որ «Պուքինիսթ»-ի մէջ պիտի կազմակերպուի նաեւ գիրքերու վերաբերող մրցում-խաղ, որուն ընթացքին մարդոց հարցումներ պիտի ուղղուին տարբեր գիրքերու մասին, եւ նուէրներ պիտի տրուին:

Գիրք նուիրելու օրուան ընդառաջ «Պուքինիսթ» ընկերութիւնը, «Անտարես», «Արեւիկ», «Էտիթ Փրինթ», «Հայագիտակ», «Կռունկ», «Ճի. Էս. Էմ.» եւ այլ հրատարակչութիւնները յայտարարած են նաեւ «Իմ ամենասիրելի գիրքը» լուսանկարներու մրցում, որուն նպատակը գիրքին հանդէպ հետաքրքրութիւն յառաջացնելն է: Մրցումին մասնակիցները պիտի լուսանկարուին իրենց սիրելի գիրքը ձեռքին կամ պարզապէս ներկայացնեն զայն: Ամէնէն աւելի «լայք» հաւաքած 10 լուսանկարներու հեղինակները պիտի ստանան նուէր գիրք: Այլ 10 մասնակիցներ` արժանանալով կազմակերպիչներուն հաւանութեան, իրենց գրադարանը պիտի հարստացնեն նուէր գիրքերով:

Նուէր գիրքերու յանձնման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ տօնին` 19 փետրուարին, «Պուքինիսթ» գրախանութին մէջ: «Լաւագոյն նուէրը գիրքն է» կարգախօսով աշխատող գրախանութը ընթերցասէրներուն պիտի նուիրէ մօտաւորապէս 1000-է աւելի գիրքեր: «Զանգակ» հրատարակչութիւնը եւս անակնկալներ պատրաստած է իր գնորդներուն:

Մշակոյթի Բոլոր Բնագաւառներուն Մէջ
Պիտի Կազմակերպուին Ցեղասպանութեան
100-
ամեակի Ձեռնարկներ

Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան 7 փետրուարին տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ նախարարութեան ապագայ ծրագիրներուն, յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին վերաբերող, եւ ընդհանրապէս մշակութային հարցերու:

«Այսօր արտերկրին մէջ անուանի բեմադրիչներ` ոչ հայ, նախաձեռնած են ժապաւէններու նկարահանման: Նոյնիսկ երկուքը արդէն աւարտած է», յայտնեց ան: Ըստ Պօղոսեանի, նախարարութիւնը միջոցներ տրամադրած է 3 փաստավաւերագրական ժապաւէն նկարահանելու համար, իսկ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի պետական յանձնաժողովը յառաջիկայ 1-2 ամիսներուն պիտի քննարկէ շարժապատկերի կարգ մը նախագիծեր:

«Մենք կանգնած ենք բազմաշերտ հարցերու առջեւ: Առաջին հերթին պէտք է կարողանանք ստեղծել համահաւաք դաշտ բոլոր այն նիւթերուն շուրջ, որոնք ստեղծուած են Ցեղասպանութեան վերաբերող: Խօսքը բոլոր գիրքերու, մատենաշարերու, գեղարուեստական ստեղծագործութիւններու մասին է: Մենք պէտք է ամփոփենք այն ամէնը, ինչ որ կայ, եւ հասկնանք, թէ ուր են մեր բացերը: Իսկ բացերը առաջին հերթին կը վերաբերին վաւերագրական, փաստավաւերագրական եւ կոթողային գործերուն, որոնք մինչեւ օրս չեն թարգմանուիր օտար լեզուներով: Այս մէկը մեր թիւ մէկ հարցն է», յայտնեց մշակոյթի նախարարը:

Յասմիկ Պօղոսեան նշեց, որ նախարարութիւնը ամէն տարի միջոցներ կը տրամադրէ` մշակոյթի որեւէ օճախի հիմնովին նորոգութեան կամ վերանորոգութեան համար: Յառաջիկայ երկու տարիներուն պիտի վերանորոգուին թատրոններ, թանգարաններ: Անոր համաձայն, այս տարի նոր երաժշտական գործիքներ պիտի ստանայ Հայաստանի ֆիլհարմոնիք նուագախումբը, շէնք պիտի կառուցուի Սօս Սարգսեանի հիմնադրած Համազգային թատրոնին համար:

«Մշակոյթի ոլորտին մէջ հրատապ կարգաւորման 3 հարցեր կան 2014 թուականին: Առաջին հերթին խօսքը կը վերաբերի օրէնսդրական դաշտին` մասնաւորապէս յուշարձաններու ոլորտին եւ թանգարանային գործին: Երկրորդ հատուածը կը վերաբերի մարդուժին, որովհետեւ այսօր մշակոյթի ոլորտին մէջ գործող մասնագէտներու վերապատրաստման գործընթացները շատ հրատապ կարգաւորման անհրաժեշտութիւն ունին: Եւ երրորդը, անշուշտ, Ցեղասպանութեան տարելիցի նախապատրաստման աշխատանքն է», ըսաւ ան:

Խօսելով «Հին Երեւան» նախագիծի իրականացման մասին` նախարարը համոզում յայտնեց այն մասին, որ ատիկա պիտի իրականացուի, եթէ ներդրում ընողներ գտնուին: «Այսօր կառուցապատումը կանգնեցուած է, չի յառաջանար այն պատճառով, որ չեն կրնար համաձայնիլ, «Հին Երեւան»-ի ամբողջական վերականգնման մասով հետաքրքրուող շահագրգիռ անձանց գտնել»:

Նշելով, որ Աբովեան փողոցին վրայ երեք շէնք վերականգնուած է` Յասմիկ Պօղոսեան ըսաւ. «Մենք անցանք դժուար անցումային շրջանէ մը, որոնցմէ ետք, այնուամենայնիւ, դրական գործընթացներ ալ կան»:

2014 Թուականին Պիտի Իրականացուի
«
Իմ Հայաստան»
Համահայկական 2-րդ Փառատօնը

Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը 2014 թուականին պիտի իրականացնէ «Իմ Հայաստան» համահայկական 2-րդ փառատօնը:

Փառատօնի ծիրին մէջ կը նախատեսուին.

  • Փառատօնի հանդիսաւոր բացումը` յուլիս 1-ին
  • «Պարարուեստի օրեր», յուլիս 1-էն յուլիս 10
  • «Խմբերգային  արուեստի օրեր», օգոստոս 1-էն օգոստոս 5
  • «Ասմունքի երեկոյ», օգոստոս 16
  • «Տուտուկի եւ հայկական այլ նուագարաններու փառատօն», սեպտեմբեր 20-էն սեպտեմբեր 25
  • «Հայ երգի օր», սեպտեմբեր 26-ին

Հաղորդենք, որ փառատօնին կրնան մասնակցիլ սփիւռքի տարբեր համայնքներու պարախումբեր, երգչախումբեր եւ անհատ կատարողներ, երաժիշտներ, ասմունքողներ: Փառատօնին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նաեւ ճանչցուած խումբեր եւ անհատ կատարողներ Հայաստանէն  եւ Արցախէն:

Մասնակցութեան պայմաններուն տեղեկանալու համար կրնաք այցելել Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան պաշտօնական կայքը` www.mindiaspora.am կամ «Իմ Հայաստան» փառատօնի կայքը` www.mindiaspora.am եւ ամբողջացնել այնտեղ ներկայացուած դիմումնագիրները:

«ՎիվասելԷմ.Թի.Էս»-ը Ներդրած Է
42.2
Մեկապայթ/Վայրկեան Արագութիւն
Ապահովող Dual Carrier Hsdpa Ցանց

g_image2013-ին Հայաստանի 612 շրջաններու մէջ հասանելի դարձաւ ներբեռնման համար մինչեւ 42.2 մեկապայթ/վայրկեան արագութիւն ապահովող` «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի Dual Carrier HSDPA ցանցը: Հայաստանի մէջ հեռահաղորդակցութեան առաջատար ընկերութեան կողմէ Dual Carrier HSDPA արհեստագիտութիւնը երկրին մէջ ներդրուած էր 2012 թուականի յունուարին եւ սկզբնական շրջանին հասանելի էր Հայաստանի երեք մեծ քաղաքներուն` Երեւանի, Գիւմրիի եւ Վանաձորի մէջ: Ներկայ դրութեամբ` ներբեռնման մինչեւ 42.2 մեկապայթ/վայրկեան արագութիւն ապահովող Dual Carrier HSDPA ցանցը կ՛ընդգրկէ Հայաստանի 615 շրջան` 48 քաղաք եւ 567 գիւղ: 2013 թուականին Dual Carrier HSDPA արհեստագիտութիւնը շահագործման յանձնուեցաւ Տաւուշի, Գեղարքունիքի, Լոռիի, Կոտայքի, Արագածոտնի եւ Շիրակի մարզերու ամբողջ տարածքին վրայ, ինչպէս նաեւ` Արարատի, Արմաւիրի, Սիւնիքի եւ Վայոց Ձորի բոլոր քաղաքներուն մէջ: Այսօրուան դրութեամբ, Dual Carrier HSDPA ցանցը կը գործէ Հայաստանի բնակեցուած տարածքին աւելի քան 86 առ հարիւրը: Յառաջիկային կը նախատեսուի զայն հասանելի դարձնել երկրի բոլոր բնակավայրերուն տարածքին:

Ներբեռնման առաւելագոյնը 42.2 մեկապայթ/վայրկեան արագութիւն ապահովող Dual Carrier HSDPA ցանցին շնորհիւ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի բաժանորդները համացանցի առաւելութիւններէն օգտուելու աւելի մեծ կարելիութիւն պիտի ունենան` թէ՛ աշխատանքի, եւ թէ՛ պարզապէս ժամանցի համար` առցանց խաղեր, ժապաւէններ դիտել` առանց ընդհատումներու եւ այլն:

Ամէնէն արդիական արհեստագիտութեան հիման վրայ կառուցուած Dual Carrier HSDPA ցանցը «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի բաժանորդներուն կ՛առաջարկէ ծառայութիւններու լաւագոյն որակ:

Կայացաւ 2014 Թուականի Հայաստանի Սփիւռքի
Նախարարին Կից Ատեանի 1-ին Նիստը

3Յունուար 31-ին կայացաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարին կից ատեանի նիստը, զոր կը վարէր Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը:

Նիստին օրակարգին վրայ էին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան, Համաշխարհային հայկական քոնկրեսի եւ Ռուսիոյ հայերու միութեան հետ միատեղ կազմակերպած 2013 թուականի «Հայապահպանութեան գործին նշանակալի աւանդին համար» մրցանակաբաշխութեան արդիւնքներու ամփոփման եւ 2014 թուականի անուանակարգերու հաստատման,  Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի ձեռագրագէտներու խումբի կողմէ Զմմառու Տիրամօր վանքի ձեռագիրներու ցանկի պատրաստութեան, ինչպէս նաեւ նախարարութեան աշխատակազմի անձնակազմի կառավարման բաժինի կողմէ 2012-2013 թուականի ընթացքին կատարած աշխատանքներու հաշուետուութեան հարցերը:

Ողջունելով ատեանի անդամները` սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան նախ նշեց, որ 2014 թուականը  ատեանի անդամ, մայեսթրօ Յովհաննէս Չէքիջեանի ծննդեան 85-ամեայ յոբելեանին առթիւ յայտարարուած է չէքիջեանական տարի, որուն ծիրին մէջ  պիտի իրականացուին բազմաթիւ ձեռնարկներ, համերգներ` Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ: Յունուար 23-ին Երեւանի մէջ կայացաւ առաջին համերգը:

Ներկայացնելով Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Ռուսիոյ, Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի թեմի առաջնորդ Ռաֆայէլ արք. Մինասեանը` Սփիւռքի նախարարը բարձր գնահատեց սրբազան հօր ջանքերը` 2013 թուականին Զմմառու վանքին մէջ Հանրապետութեան նախագահի մասնակցութեամբ ձեռագիրներու եւ հնատիպ գիրքերու ցուցահանդէսի բացման հանդիսութեան ընթացքին Մաշտոցի անուան Մատենադարանի եւ Զմմառու վանքին միջեւ համագործակցութեան պայմանագիրի կնքման գործին:

Համաձայնագիրի կնքման իբրեւ արդիւնք հայաստանեան գիտնականները կարելիութիւն  ստացած են  աշխատելու վանքին մէջ արձանագրուած 2054 ձեռագիրներու հետ, որոնցմէ 1072-ը նկարագրուած չեն:

Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կնքուած համաձայնագիրին եւ նախարարութեան ֆինանսաւորմամբ Զմմառու վանք գործուղուած գիտնականներու հիմնական հարցը 1072 տակաւին չնկարագրուած ձեռագիրներու մէկ մասին գիտական մշակումը եւ արդիւնքներու հրապարակումն էր:

Համահայկական ծրագիրներու վարչութեան գիտական կրթական բաժինի նախագահ Ս.Համբարեան ներկայացուց 2013 թուականին հաստատուած մրցանակաբաշխութեան «Մայրենիի պաշտպան», «Երիտասարդական, ուսանողական կազմակերպութիւն», «Հայրենիք, քեզ այսպիսին եմ տեսնում» մանկական ստեղծագործութիւններու, «Մայր իմ անուշ ու անգին» շարադրութիւններու, «Համայնքային կառոյց» անուանակարգերուն յայտարարուած մրցոյթներուն արձանագրուած արդիւնքները, ինչպէս նաեւ 2014 թուականին անուանակարգերը` «Մայրենիի պաշտպան», «Հայկական լաւագոյն լրատուամիջոց», «Լաւագոյն ամէնօրեայ կրթօճախ», Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած շարադրութիւններու մրցոյթ: Առաջարկուեցաւ իրականացնել նաեւ մրցոյթ «Հայոց լեզուի արագացուած ուսուցման  լաւագոյն մեթոտիկա» անուանակարգով:

Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի անձնակազմի կառավարման բաժինի կողմէ 2012-2013 թուականներուն ընթացքին կատարած աշխատանքներուն մասին հաշուետուութեամբ հանդէս եկաւ բաժինի նախագահ Անուշ Պետրոսեանը:

Նշելով բաժինի կողմէ իրականացուող գործառոյթները` Ա. Պետրոսեան ներկայացուց նախորդ 2 տարիներուն ընթացքին նախարարութեան մէջ կատարուած կառուցուածքային փոփոխութիւններու, մրցումներու, գործուղումներու, անձնակազմի տեղաշարժի, վերապատրաստման, վկայականներու վաւերացման, քաղաքացիական ծառայութեան դասային աստիճաններու շնորհման, երդման արարողութեան իրականացման, աշխատանքային ծրագիրի մշակման, ուսանողներու փորձաշրջանի կազմակերպման, փաստաթղթաշրջանառութեան եւ այլ աշխատանքներու արդիւնքները:

Գնահատելով բաժինին կատարած աշխատանքը` Սփիւռքի նախարարը անհրաժեշտ նկատեց քաղաքացիական ծառայողներու մրցոյթներու հարցաշարերուն վերանայումը եւ թարմացումը:

Եզրափակելով նիստը` նախարարը կոչ ուղղեց առաւելագոյն խստութեամբ հետեւիլ աշխատակիցներու կարգապահութեան:

Viva-cell-logo2

Share this Article
CATEGORIES