Եւրոպական Միութիւնը Քննադատած Է Ազրպէյճանը

Էշթըն եւ Ֆիւլէ

Էշթըն եւ Ֆիւլէ

Ազրպէյճանական Haqqin.az կայքը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Քեթրին Էշթըն եւ Եւրոպական Միութեան ընդլայնման ու եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէ միացեալ յայտարարութեան մը մէջ անհանգստութիւն յայտնած են Ազրպէյճանի մէջ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու վերաբերեալ օրէնսդրական նոր սահմանափակող փոփոխութիւններու կապակցութեամբ:

«Բարձրագոյն ներկայացուցիչն ու յանձնակատարը մտահոգուած են Ազրպէյճանի մէջ հասարակական կազմակերպութիւններու նոր սահմանափակումներով, որոնք կը սահմանափակեն անկախ քաղաքացիական հասարակութեան գործունէութեան դաշտը, յատկապէս մարդու իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան հարցերուն մէջ», նշուած է անոնց յայտարարութեան մէջ:

Էշթըն եւ Ֆիւլէ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ ուղղած են յստակացնելու արձանագրութիւնը միջազգային կազմակերպութիւններուն, որոնք կ՛աշխատին այլ կազմակերպութիւններու հետ` անոնց գործունէութեան իրականացման համար:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )