Էրտողան. «Մեզ Թիկունքէն Հարուածած Են»

ErdoganԹրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ իր որդիին` Պիլալ Էրտողանի եւ նախարարներու որդիներուն դէմ գործ բացած դատախազներու դէմ հայց պիտի ներկայացնէ դատարան:

«Հիւրրիյէթ» ատիկա կարեւոր զարգացում կը նկատէ 17 դեկտեմբերին սկսած փտածութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ: Էրտողան 17 դեկտեմբերին ձերբակալութիւններու որոշումը որդեգրած դատախազները նկատած է «զուգահեռ կառոյցի» մը մէկ մասը:

Թուրքիոյ վարչապետը նաեւ անդրադարձած է այն լուրերուն, թէ Կիւլենական համայնքին պատկանող դպրոցներուն մէջ կը սորվեցնեն զինք անիծել:

«Անոնք կ՛անիծեն «բարձրահասակ մարդուն», որ ես եմ: Սակայն Աստուած մեզի կ՛օգնէ, որովհետեւ ժողովուրդը մեզի համար կ՛աղօթէ: Ժողովուրդը անկեղծօրէն կ՛աղօթէ մեզի համար, այդ պատճառով ալ մենք անկեղծ ենք. անոնք անկեղծ չեն, ատոր համար անոնց ոտքերը ամուր չեն», ըսած է Էրտողան:

Անդրադառնալով վերջին շրջանին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն եւ Ֆեթհուլլահ Կիւլենի հետ հակասութիւններուն` Էրտողան յայտարարած է, որ տեղի ունեցածը ոչ թէ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան, այլ Թուրքիոյ Հանրապետութեան, անոր միասնականութեան եւ ամբողջականութեան դէմ է:

«Մենք անոնց համար ամէն տեսակ կարելիութիւն ապահովեցինք, իսկ անոնք մեզ թիկունքէն հարուածեցին», ըսած է Թուրքիոյ վարչապետը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )