Այսօր Բացումը Կը Կատարուի Վաստակաւոր Արուեստագէտ Քարլոս Սայադեանի Ցուցահանդէսին

HAM-001Այսօր երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան»  ցուցասրահին մէջ բացումը կը կատարուի հայրենի վաստակաշատ գեղանկարիչ Քարլոս Սայադեանի ցուցահանդէսին` հովանաւորութեամբ Շահէ Արա Երեւանեանի:

Արուեստագէտը Լիբանանի մէջ իր այս առաջին անհատական ցուցահանդէսով կը ներկայացնէ տարբեր չափերով 38 գործեր` իւղաներկ եւ փասթել:

Սայադեան ծնած է Երեւան եւ հոն կատարելագործած  իր արուեստը: Ան անհատական ցուցահանդէսներով հանդէս եկած է Երեւանի, Մոսկուայի, ամերիկեան ցամաքամասի, Ծոցի շրջանի եւ Եւրոպայի տարբեր քաղաքներուն մէջ: Արուեստագէտին գործերը կը ցուցադրուին Հայաստանի, Մոսկուայի, Ռումանիոյ, Իտալիոյ, Յունաստանի, Լիւքսամպուրկի եւ Փարիզի թանգարաններուն մէջ:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 10 մարտ, առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:30:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )