Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Ինչպէ՞ս Յարմարիլ Հոգեկան Ցնցումներու Հետեւանքներուն» Նիւթով

LOKH03672Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ Արաքսի «Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 19 փետրուար 2014-ին առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «ինչպէ՞ս յարմարիլ հոգեկան ցնցումներու հետեւանքներուն» նիւթով դասախօսութիւնը զոր ներկայացուց հոգեբուժ փրոֆ. Շարլ Պատտուրա:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ Մկրեան: Ան ներկայացնելէ ետք  դասախօսը նշեց, որ մասնագէտ հոգեբուժն է, որ կրնայ դարման մը գտնել հոգեկան ցնցումներուն մէջ տուայտող անձին, իսկ անմիջական շրջապատը պարտի ցուցաբերել կարեկցութիւն, հոգածութիւն եւ գուրգուրանք:

Հոգեբուժ փրոֆ. Շարլ Պատտուրա դասախօսութեան սկսաւ ներկայացնելով երեք հիմնական հոգեբանական հետեւանքներ, զորս ենթական կրնայ ապրիլ տարբեր ցնցումներու եւ արկածներու պատճառով:

Յաջորդաբար իր նիւթը բաժնելով երեք բաժիններու, դասախօսը անդրադարձաւ ամէն մէկ բաժինին:

Ա- Տիփրեշըն – Ընկճուածութիւնը հետեւանքն է զանազան ընկերային, տնտեսական  ապահովական եւ այլ ցնցումներու: Ընկճուածութիւնը կարելի է բաժնել երեք տեսակի.

1.- Երբ կայ հիմնական պատճառ:
2.- Երբ գոյութիւն չունի պատճառ:
3.- Երբ անձը իր նկարագրային, Ֆիզիքական տկար պայմաններէն մեկնած կ՛ունենայ ընկճուածութիւն:

Դասախօսը շարունակելով կեդրոնացաւ առաջին տեսակի ընկճուածութեան վրայ, որուն մէջ առկայ է պատճառը: Այս ընկճուածութիւնը կը տեւէ մէկ ամիսէն մինչեւ վեց ամիս: Ընկճուածութիւնը ունի իր սկզբնական ախտանշանները, որոնք շրջապատին ակնյայտ կը դառնան: Որեւէ ցնցումի պարագային բնական է ընկճուածութիւնը իբրեւ հետեւանք, բայց տեւողութիւնը պէտք է սահմանուի մէկ շաբթուան մէջ. երբ ատիկա կ՛ունենայ աւելի երկար ընթացք, այս հանգրուանին պէտք է դիմել բժիշկին` ստանալու տարբեր մակարդակի բուժումներ: Բուժումը կը կատարուի երկու մակարդակներով` դեղորայք եւ բանաւոր հոգեբուժութիւն: Բնականաբար, ընկճուածութեան գոյութիւն ունենալուն համեմատութիւնը աւելի բարձր է երիտասարդներու քով, քան աւելի երէցներու կամ տարեցներու քով:

Բ.- Էնկզայըթի (վախ, յուզմունք).-

Այս կարելի է բաժնել երկու տեսակի`

1.- Սուր/ ուղղակի վախ, յուզմունք, որ առաւելագոյնը կը տեւէ մէկ ամիս:
2.- Քրոնիկ, յետպատահարի վնասուածքի վախ, յուզմունք, որ կը տեւէ երկուքէն երեք ամիս: Սկզբնական շրջանին ախտանշանները կ՛ըլլան աննշան, բայց երկու-երեք ամիս ետք անոնք ակնյայտ կը դառնան:

Վերոնշեալ հոգեբանական պարագաները կը բուժուին դեղերով եւ բանաւոր հոգեբուժութեամբ:

Գ.- Ցաւեր.-

Այս վիճակը կրնայ պատահիլ որեւէ հոգեկան, ընկերային, տնտեսական եւ այլ ցնցումներու պատճառով:

Հոգեբանական ցնցումներու պատճառով ցաւերու առկայութիւնը ենթակային քով յաճախ չունի բժշկական, Ֆիզիքական հիմնաւորում:

Կարելի է բաժնել երեք մասերու.

1.- Ենթական յաճախ կը գանգատի ընդհանուր մարմինի ցաւերէ:
2.- Ենթական պատահարի իբրեւ հետեւանք կ՛ունենայ հոգեբանական ցնցում, յաճախ չի խօսիր քանի մը օր կամ չի կրնար քալել, բայց Ֆիզիքական ոչ մէկ հիմնաւորում առկայ է:
3.- Ենթական կը գանգատի ցաւերէ, անհանգստութենէ, բայց այս պարագային գոյութիւն կ՛ունենայ ցաւի յստակ տեղ` մարմինի որեւէ մէկ բաժինը կամ օրկան մը:

Աւարտին հոգեբուժ փրոֆ. Շարլ Պատտուրա բացատրութիւններով ու օրինակներով պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )