Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Քարլոս Սայադեանի Անհատական Ցուցահանդէսի Հանդիսաւոր Բացում

IMG_1628Երէկ` հինգշաբթի, 20 փետրուարի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, հովանաւորութեամբ Շահէ Արա Երեւանեանի, ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեանի, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանի, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, մեծ թիւով արուեստասէրներու եւ արուեստագէտներու  բազմութեան մը, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ հայրենի վաստակաւոր արուեստագէտ Քարլոս Սայադեանի ցուցահանդէսին:

Բացման խօսքը արտասանեց ցուցասրահի վարչութեան անդամ Լոլա Պէօյիւքեան: Ան յայտնեց, որ երազային, բայց տպաւորիչ է Սայադեանի գեղանկարչական աշխարհը եւ ան հայ ժամանակակից գեղանկարչութեան ամէնէն նշանակալի անուններէն մէկն է, որ տասնամեակներու իր աշխատանքով ստեղծած է ինքնուրոյն դրոշմ մը:

IMG_1686Սայադեանի բնապատկերները հարուստ են եւ հիւթեղ, ամբողջ Հայաստանի Հանրապետութեան ու Արեւմտահայաստանի մէկ մասը պտտած է եւ ներկայացուցած հայոց աշխարհի հրաշալիքները: Պէօյիւքեան աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցահանդէսի հովանաւոր Շահէ Երեւանեանին:

«Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Քարլոս Սայադեանի գեղանկարչական մեծ վաստակին` շեշտը դնելով այն երեւոյթին վրայ, որ Սայադեան իր գեղանկարներուն ընդմէջէն երեւան կը բերէ լոյսը: Այս երեւոյթին կը հանդիպինք յատկապէս իր բնանկարներուն մէջ, որոնք հայոց բռնագրաւեալ աշխարհի հրաշալիքներն են, եւ այդ լոյսին ճամբով ան հայութեան փայլուն ապագայի արշալոյսը կ’աւետէ:

Հաւաթեան յայտնեց, որ ցուցասրահը այս ցուցահանդէսին կազմակերպումով կու գայ նոր քար մը դնելու Հայաստան – Լիբանան գեղանկարչութեան բնագաւառի մէջ համագործակցութեան առումով, հաստատելով, որ մշակութային այս օճախը պիտի շարունակէ մնալ բոլոր արուեստագէտներուն հարազատ տունը:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Շահէ Երեւանեանի` այս ձեռնարկին հովանաւորութիւնը ստանձնելուն համար, վեր առնելով վերջինիս հօր` Արա Երեւանեանի ներդրումը լիբանանահայ հասարակական ու ազգային կեանքին մէջ եւ շեշտը դնելով այն հանգամանքին վրայ, որ Արա Երեւանեան այդ արժէքները լաւապէս կտակած է իր ընտանիքին, եւ Շահէ Երեւանեան ու իր հարազատները կը շարունակեն անոր ուղին:

IMG_1720Խօսք առաւ արուեստագէտ Քարլոս Սայադեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի ցուցասրահի տնօրէնութեան, վարչութեան, ինչպէս նաեւ ցուցահանդէսի հովանաւորին: Արուեստագէտը շեշտեց, որ իւրաքանչիւր անհատ իր իւրայատուկ մօտեցումով կը դիտէ իր այս գեղանկարները, եւ ինք հաւատացած է, որ իւրաքանչիւրը իր տպաւորութիւնները եւ պատգամները կը քաղէ անոնց ընդմէջէն, եւ ինք կը յարգէ բոլորին տեսակէտներն ու դատողութիւնները:

Աւարտին խօսք առաւ Շահէ Երեւանեան, որ դրուատիքով արտայայտուեցաւ Քարլոս Սայադեանի գեղանկարչական արուեստին եւ իւրայատուկ դրոշմին մասին` հաստատելով, որ Սայադեան եւ իր նմանները հայ մշակոյթը կը պանծացնեն եւ հայութեան հպարտութիւն կը ներշնչեն: Աւարտին ան ուրախութիւն յայտնեց այս ցուցահանդէսին հովանաւորութիւնը իրեն վստահուելուն համար:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 10 մարտ, ամէն օր առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:30:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )