Վարդանանց Ոգեկոչում. Թատերական Երգախառն Մատուցումով

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Հաւատքի եւ հայրենիքի համար 451 թուականին մղուած պատերազմը պարսիկ Յազկերտ արքային դէմ, դարեր շարունակ ներշնչած է հայ ժողովուրդը` ամուր մնալու քրիստոնէական իր հաւատքին վրայ: Ճակատագրական մարտնչումին արդիւնքը եղած է պահպանել քրիստոնէութիւնը, չխոնարհիլ սուտ ու կեղծ կրօններու տարածիչներու դիմաց:

Մեր եկեղեցական հայրերը, մեր գրողները եւ մեր ազգային դաստիարակութեան ղեկը ստանձնած դէմքեր ամէն տարի անդրադարձած են Վարդանանց հաւատամարտին` երբեմն թատերական ներկայացումներով, յաճախ ակադեմական-ճառախօսական ձեռնարկներով:

Լիբանանահայ գաղութի կազմաւորման սկզբնական ժամանակաշրջանին թատերական ներկայացումներ կը բեմադրէին մեր եկեղեցիներուն մէջ, երբ տեղին թատերասրահներ չունէինք: Կը բեմադրէին Սմբատ Բիւրատի «Վարդանանք» թատրերկը, սկսնակ սիրողական դերակատարներով, ներկայ հանդիսատեսներուն ներշնչելով խորհուրդը Վարդանանց պայքարին:

Վերջին տասնամեակներուն կը բաւարարուէինք գեղարուեստական-բանախօսական նախաձեռնութիւններ ներկայացնելով:

***

Կարեւոր նկատեցինք վերոյիշեալ հակիրճ տեղեկութիւն մը ներկայացնելու` տարիներու անցուդարձին հետեւողութեամբ, նկատի առնելով կիրակի, 23 փետրուար 2014-ին ներկայացուած Վարդանանց յիշատակին առիթով պատրաստուած «Հաւատքի պատերազմը» թատերական երգախառն ներկայացումը: կազմակերպութեամբ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին եւ մասնակցութեամբ համանուն եկեղեցւոյ դպրաց դասի անդամներուն, առաջնորդութեամբ դպրապետ Երուանդ Քեշիշեանի:

«Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահը նեղ կու գար պարփակելու համար խուռներամ բազմութիւնը, մեծ մասամբ ծնողք` իրենց զաւակներով: Ժամը երեկոյեան 7:30-ին սկսելիք ներկայացումը սկսաւ ժամը 8:00-ին, մինչ հանդիսականները անհամբեր էին նոր ձեւով ներկայացուելիք Վարդանանքը տեսնելու: Ի՜նչ լաւ պիտի ըլլար, եթէ յարգէինք մեր ժամադրութիւնները եւ մոռցուէր «հայկական ժամադրութիւն» ըսուած ժամանակավրէպ խօսքը:

Ներկայացումը կը վայելէր հովանաւորութիւնը եւ նախագահութիւնը Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի: Ներկայ եղաւ քահանայից դասը, եկեղեցականներ, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ:

Նախքան ներկայացում` բացման խօսքը կատարեցին Ներսէս Օհանեան եւ Սոնա Գարաօղլանեան (արաբերէնով): Անոնք շեշտը դրին Վարդանանց յիշատակը պանծացնելու` պահելով հայու մեր դիմագիծը, չխոնարհիլ, չտկարանալ օտարոտի եւ կեղծ նորահնար հաւատալիքներու դիմաց:

Հետաքրքրութեամբ եւ սիրով հետեւեցանք Վարդանանց պատերազմի նախօրէին հայկական արքունիքին մէջ պատահած խորհրդակցութիւններուն: Ժողովի դրուած էր Յազկերտ արքային հրահանգը` մերժելու քրիստոնէութիւնը եւ հետեւելու կրակապաշտութեան: Ժողովին պատասխանը մերժողական էր, ըստ պատմիչներու:

Բեմին վրայ ներկայացուած էր բեմայարդարման ուրուագիծը` Յազկերտի պալատը, հայոց արքունիքը, ժողովական իշխաններ, Յովսէփ կաթողիկոսով եւ Ղեւոնդ Երէցով: Վարդան Մամիկոնեանի ներշնչող պատգամը կը լսէին նախարարները, բացի Վասակ Սիւնիէն:

Ներկայացումը բնագիրէն համադրած է Մարիա Յովսէփեան: Խոստովանինք, որ դիւրին չէ նման պատմական վէպեր համադրելը, կամ` մեր պատմագիրներուն բնագիրը ամփոփելը: Բեմով ներկայացուածը հասկնալի եղաւ բոլորին համար, որովհետեւ անդադար կը ծափահարէին:

Վարդան Մամիկոնեանի դերը ստանձնած էր Սերոբ Մինասեան, Ղեւոնդ Երէց` Երուանդ Քեշիշեան, Յովսէփ կաթողիկոս` Մանօ Մինասեան, Վասակ Սիւնի` Յովիկ Թաֆրանեան, Յազկերտ` Թորոս Հելվաճեան, դենպետ` Րաֆֆի Սալիպեան: Նախարարի դերերով հանդէս եկան` Գէորգ Ադամեան, Վահէ Ներսէսեան, սուրհանդակ` Յակոբ Պոյաճեան, Շուշանիկ` Արեւիկ Գրիգորեան, Վրոյր` Րաֆֆի Կէօվօղլանեան, Արսէնի դերով` Խաչիկ Քէօշկէրեան:

Ներկայացումը հիմնուած էր գլխաւորաբար մեր ազգայնաշունչ երգերու վրայ. Վարդանանց նախերգանքէն ետք, «Հիմի էլ լռենք», «Տէր կեցո դու զհայս»: «Բամբ որոտան», «Տէր Ողորմեա», «Քրիստոս պատարագեալ», «Երգ մեռնող հայրենասէրի» (Գէորգ Գուշաքճեան), «Մենք Քաջ Վարդանի տոհմէն ենք» (Րաֆֆի Կէօվօղլանեան), «Մարտիրոսաց սրբացասութիւն», «Նորահրաշ» (Յակոբ Պոյաճեան, մեներգ), «Լռեց» (մենակատար Յովիկ Թաֆրանեան), «Գողթնի քնարք»` երգչախումբ:

Յիշենք, որ «Աւետաբեր» երգչախումբի կատարողութեամբ եւ մեներգողներու մասնակցութեամբ լսեցինք հիանալի երգեցողութիւն` խմբավարութեամբ Երուանդ Քեշիշեանի: Ընթերցողներ նկատի պիտի առնեն անշուշտ արձանագրուած այս երգերը, որոնք յատկապէս Վարդանանցի նուիրուած են մեծ մասամբ: Այս երգերը հազուադէպօրէն կը լսենք ներկայիս: Շնորհակալութիւն` «Աւետաբեր» երգչախումբին, որ իր շարքին մէջ ունի սքանչելի ձայներ, սոփրանօ թէ պարիթոն, թենոր թէ ալթօ: Երգերուն մեկնաբանութիւնը ոգեւորեց սրահը լեցուցած հանդիսականները, ծափերը եղան երկարատեւ:

Երգեհոնով ընկերացաւ Ճորճ Կրպոյեան:

Չմոռնանք յիշելու ասմունքի բաժինը. ի պատուի էր Վահան Թէքէեանի «Խորհուրդ Վարդանանց» սքանչելի բանաստեղծութիւնը, զոր ներկայացման ընթացքին մէջմընդմէջ արտասանեց Մարօ Սարգիսեան: Պիտի ուզէինք, որ այս բանաստեղծութեան մեկնաբանութիւնը ըլլար տպաւորիչ, ոչ տողերու դանդաղ անջատումով: Այս բանաստեղծութեամբ Վ. Թէքէեան հրաշալի ներշնչումով նկարագրած-պատկերացուցած է Վարդանը եւ անոր քաջարի զինուորներու մարտնչումները:

Հանդիսութեան աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ առաջնորդ սրբազանը, որ ուրախութիւն յայտնեց ներկայ հանդիսականներու ոգեւորութեամբ դիմաւորած ըլլալուն համար այս սրբազան տօնը: Ան շեշտը դրաւ Վարդանանց ոգիին պահպանման, սերունդէ սերունդ փոխանցման:

«Վարդանանց յիշատակը կ՛ապրի ժողովուրդին մէջ եւ կը ներշնչէ: Հաւատքի եւ հայրենիքի համար նուիրում է, նուիրաբերում է, պայքար է եւ դէպի յաղթանակ գնացք է մեր կեանքի ընթացքը», ըսաւ Շահէ եպս. Փանոսեան:

Սրբազանը բարձր գնահատեց կատարուած բեմական աշխատանքը` շեշտելով որ` «առանց հայրենիքի եւ «առանց քրիստոնէական հաւատքի չկայ հայութիւն»:

Հոգեկան գոհունակութեամբ դուրս ելանք սրահէն` մաղթելով, որ այս հաւատքը հաստատ մնայ մեր նոր սերունդի սրտին մէջ:

«Թելէ Լիւմիէր» կայանը արձանագրեց ձեռնարկը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )