ԶԻՍ ՉՍԻՐՈՂԸ…

Դաւաճան է…
Սարսուր է…
Մուկ է…
Օտարի գործակալ է…
Ապրելու արժանի չէ՜…
Շատ յստակ, պարզ ու պայծա՜ռ տրամաբանութիւն` բռնակալի մը…

Պատմութեան ընթացքին շա՜տ բռնակալներ զիրենք չսիրողները չէզոքացուցած են, բայց ո՛չ ոք այսքան պարզ ձեւով բանաձեւած է իր ատելութիւնը նոյնինքն իր ժողովուրդին հանդէպ: Այո՛, շատ մը ժողովուրդներու արե՜ւ ու կիսաստուած ղեկավարներ, ինչպէս` Հիթլեր եւ Ստալին, Լենին ու Մաօ Ցէ Թունկ, Փոլ Փոթ եւ  Իտի Ամին, բոլորն ալ, գործնապէս, այդ քաղաքականութիւնը վարած են: Բայց Մուամմար Քազզաֆիի չափ յառաջ չեն գացած իրենց ունեցած ատելութիւնը յայտնելու նոյնինքն իրենց վստահուած ժողովուրդին նկատմամբ:

Մերօրեայ այս արե՜ւ ղեկավարը այսքան քաջութիւն ցուցաբերեց, ի փառս իւր իշխանութեան, որուն միմիայն ինքզինք արժանի կը տեսնէ…

Պատմութեան էջերուն մէջ իր շատ իւրայատուկ տեղը գտած է Հռոմի կայսր Ներոն: Այս մարդը իր մուսաները հրաւիրելու համար նախընտրած է Հռոմ մայրաքաղաքը այրել: Անոնք ալ չեն մերժած հրաւէրը: Եկած են եւ քնարակի՜ր կայսրը ներշնչած են բանաստեղծելու շա՜տ հազուագիւտ  նիւթ: Այրած է մայրաքաղաքը, բայց ստեղծուած է «բանաստեղծական երկ»: Անստգիւտ եղած է այս մարդը իր անկրկնելի արարքով: Ատոր համար ալ պատմութիւնը շատ ամուր կերպով բռնած է օձիքէն եւ բաց չէ ձգած ցարդ:

Հիմա` թէ ի՛նչ կը նշանակէ մայրաքաղաք այրելը, ուրիշ բան է: Հազարաւոր տուներ կը մոխրանան, շուկաներ, դպրոցներ եւ տասնեակ հազարաւոր անհատներ կը զոհուին կայսեր քմահաճոյքին համար:

Մենք հոս վկաները եղանք մեր մայրաքաղաքին մասնակի հրկիզումներուն: Այս քաղաքին ասպետնե՜րը ամենայն քաջագործութեամբ հրանօթի բռնեցին Պէյրութ մայրաքաղաքը: Այս արդի ներոնները թէ ի՛նչ ձգեցին կամ ձգելու միտք ունին իրենց ետին, տակաւին այնքան ալ յայտնի չէ: Միայն թէ շատ քաջածանօթ է, որ իրենց գրաւած դիրքերը եթէ զիջելու միտք պիտի ունենան, այն ալ մի միայն իրենց անմիջական ժառանգորդներուն:

Չենք կրնար ըսել, թէ որո՞նք են աւելի իմաստուն` հնօրեայ Ներո՞նը, թէ՞ մերօրեայ ներոնիկները:

Այս մասին չէի ուզեր խօսիլ, բայց հիմա, երբ մերօրեայ ուղղակի անպարտե՜լի եւ տիտանեա՜ն Ներոն մը գլուխ ցցած է եւ ինքզինք փաստելու համար պատրաստ է այրել եւ երկիր եւ ժողովուրդ…

Նախագահ Քազզաֆի աւելի քան չորս տասնամեակներէ ի վեր ինք իր մասին կը խօսի եւ չի կշտանար: Նաեւ ինք իր մասին խօսեցնել կու տայ եւ չի կշտանար: Կոկոզավիզ այս մարդը, որ աքաղաղի նման ձայն ձգել գիտէ, այնպիսի գիւտեր կը հնարէր, որ ժողովուրդը կը մղէր, կը ստիպէր, իրեն թիքրա՜մ ըսել: Յեղաշրջումով իշխանութեան հասած մարդը (27 տարեկան սպան)  անմիջապէս բռնեց ու մէկդի շպրտեց երկրին դրօշակը: Ապա սիրահարած ըլլալով կանաչ գոյնին, ուզեց ամէն բան կանաչցնել: Յատկանշական է իր «Կանաչ գիրք»ը, որ փորձեց Աւետարանին, Քուրանին, Մարքսի «Քափիթալ»ին համահաւասար, նոյնիսկ գերազանց համարել: Տասնեակ տարիներով ինք, իր պետութեան համակ քարոզչական մեքենան, «բանաստեղծ»ներ, «փիլիսոփա»ներ եւ տեսաբաններ, եռանդուն եւ աշխուժ կերպով կատարեցին այդ չըլլալիք գիրքին քարոզչութիւնը: «Գոհարներու» հսկա՜յ արկղ համարուեցաւ ան: Բնականաբար այդ «գոհարներ»ը կը բաղկանային Քազզաֆի միահեծան բռնատիրոջ չնաշխարհի՜կ մտքերէն: Եւ այս միտքերը մէկ բան կը հետապնդէին, դեռ կը հետապնդեն, որ առանց արեւափա՜յլ Մուամմար գերհանճա՜րին, մարդկութեան կը սպասէ աղէտ ու արցունք:

Ինքզինք կը համարէ եւ համայն մարդկութիւնն ալ կ’ուզէ համոզել, որ ի՛նքն է Ալֆան եւ Օմեկան…

Իր միտքերը եւ իշխանութիւնը ամրագրելու համար այս մարդը լայն միջոցներ ունէր: Նաւթ` լուսաւորութեան ու շարժումի աղբիւր հեղուկը, որ միլիոնաւոր տակառներով կ’արտահանուի իր երկրէն: Այդ օրհնութիւնը փոխանակ ժողովուրդին վրայ ծախսելու, մարդը յանձն առած էր ցարդ ինք իր վրայ ծախսել: Ինք յանձն առած է, անօրինակելի «զոհողութեամբ», յղփանալ, որպէսզի իր ժողովուրդը մնայ ժուժկալ: Եթէ ըսուած է` երանի՜ աղքատներուն, ինք շատ լաւ վարուած է: Իր բոլոր հպատակները այսպիսի երանութեա՜ն մակարդակին հասցուցած է:

Քաղաքական շատ անօրինակ գիւտերով ինք իր իշխանութիւնը տեւականացնելու համար քաղաքական նորանոր տեսութիւններ կը հիւսէր: Փոխան թագաւորի, արքայի կամ նախագահի` ինք իրեն վերապահած է եղբա՜յր տիտղոսը: Մեծ կամ աւա՜գ եղբայր, յեղափոխութեան ղեկավա՜ր: Հանրապետութիւն յղացքը, որ կու գայ Ք.Ա. ապրած Պղատոնէն, մէկդի շպրտելով, երկիրը վերածած էր Ժամահիրիէի: Ասոր թարգմանութիւնը կը վրիպի մտքէս: Խորհրդարանը վերածած էր չեմ գիտեր ինչի: Այս բոլորին միտք բանին անցեալ օր ի յայտ բերաւ ինք` աւա՜գ եղբայրը…

Իր «չնաշխարհիկ» ճառով արար աշխարհին հասկցուց, որ կա՛մ ինք, կա՛մ Լիպիոյ ժողովուրդը: Եթէ ինք չըլլայ եղեր, անիմաստ կը դառնան պետութիւն, ժողովուրդ եւ աշխա՜րհ:Ըստ սովորութեան, մէն մի նախադասութեան առաջին բառը հասկնալի էր միայն: Ձաբռտոց մը, որուն մանրամասնութիւնները փազըլի պէս կարելի եղաւ դասաւորել լրատուական միջոցներուն կողմէ: Յստակացաւ, որ ինք ղեկավարած է ոչ միայն Լիպիան, այլ նաեւ` հիւսիսային Ափրիկէն, Ափրիկէն, Հարաւային Ամերիկայի երկիրներ, Միջին Արեւելք… Այո՛, մարդը նաւթին շնորհիւ հոսած տոլարներու գետէն առատօրէն բաժնած է աջ ու ձախ: Այնքան ատեն որ պետական դէմքեր, յեղափոխականներ ընդունած են վարձատրուիլ իր գանձարկղէն, ինք բարեհաճած է լա՛յն բանալ ծորակը:

Հաւանաբար ոմանք տակաւին կը յիշեն: Հոս` մեր երկրին մէջ, այդ մարդը ոչ միայն «համակիր»ներու բանակ ունէր, այլ նոյնիսկ «Լիպիական ուժեր» անունով  զինուորական միաւորներ կը պահէր: Այս բոլորին հիմնական նպատակն էր Քազզաֆիի լուսաւո՜ր միտքերը տարածել եւ գործադրութեան դնել… Թէ որքա՛ն օգտուած են լիբանանցի քաղաքագէտներ, «յեղափոխական»ներ, բայց մանաւանդ զինք փառաբանող գրողներ, լրագրողներ, ինչպէս նաեւ` դերասան¬դերասանուհիներ, բնա՜ւ պիտի չյստականայ: Այդ բոլոր մսխումները մեզ տառապեցուցին հոս, իսկ անդին` զրկեցին լիպիացի ժողովուրդը բարօր ու բնական կեանքէ:

«Մեծ» կամ «աւագ եղբօր» իրաւունքով այս մարդը ինք իր ապագան ապահովելու համար դիմեր է իր դրացի պետական այրերուն ընթացքին: Նման Մուպարաքի կամ Պըն Ալիի (մանաւանդ ասոր վարսայարդար կնոջ) հետեւողութեամբ, քանի մը տասնեակ միլիառ տոլար ծալեր եւ պահ դրեր է զանազան երկիրներու մէջ: Հեռատեսութիւն է այդ: Արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան տիպար երկիրը` Մ. Նահանգները ընդուներ են այդ «եղբօր» դրամներէն մաս մը իրենց մօտ պահ դնել: Աւստրիա, Իտալիա եւ այլ երկիրներու մէջ պահ դրուած գումարները մի միայն 40 միլիառի պէս «համեստ» բաներ են: Քազզաֆիի պէս բազմամարդ ընտանիք ունեցող մարդու մը համար ի՜նչ են որ այդ գումարները…

Ինք անձամբ երբ իր ապահովութիւնը, գէթ երեւութապէս, կը վստահի գեղեցկուհիներու, երբ ինքզինք շրջապատել կը սիրէ խարտեաշ թիկնապահուհիներով, այդ գումարները, միլիառները դժուար թէ բաւարարեն զինք: Արդա՜ր է մարդուն մտահոգութիւնը: Երբ ժողովուրդը ուխտած է ժուժկալութեամբ եւ չքաւորութեամբ երանելի դառնալ, այդ գումարները պէտք է օգտագործել իր շատ «սիրելի ղեկավար»ին հայեցողութեամբ… Ինք` «աւագ եղբայր»ը, ամենայն զոհողութեամբ եւ հսկայական դժուարութիւններով այդ առաքելութիւնը յանձն առած է… Վարձքը կատա՛ր:

Արեւմտեան ուժերը երկար ատեն ջանացին այդ մարդը բեմէն հեռացնել: Չեղա՛ւ: Երբ հարկը պահանջեց, յանուն սրբազնագոյն ու սեւ հեղուկին, այդ նոյն ուժերը չտեսնել ձեւացուցին մարդուն ջղագարութիւնները, ձաբռտուքները եւ մտացածին վարուելակերպերը… իսկ Լոքըրպիի զո՞հերը, զանոնք «հանգստացնել»ը բնաւ ալ անկարելի չեղաւ, անշուշտ երկար բանակցութիւններէ ետք… Շուրջ երեք միլիառի գումար մը Քազզաֆիի համար մեծ զոհողութիւն մը չէր: Հանգուցեալներուն պարագաներն ալ (մանաւանդ փաստաբանները) իրենց տնտեսական կացութիւնները շտկեցին… Իսկ նաւթը, անխափան, հոսիլ շարունակեց: Այլեւս ի՜նչ բան քրքրել:

Հիմա յեղափոխութի՜ւն է կոկոզավիզ ու շատախօս աւա՜գ եղբօր երկրին մէջ:Ի՜նչ ապերախտութիւն: Մարդ մը, որ ամբողջ 43 տարի զոհուեր է իր ժողովուրդին համար, ահաւասիկ իր դէմ կը գտնէ դաւադիրներ, հինգերորդ զօրասիւներ, ապերախտներ եւ նոյնիսկ` սարսուրներ… Եթէ գիտնար, որ այդ պիտի ըլլար Լիպիոյ ժողովուրդին վերաբերումը, բնա՜ւ չէր «զոհեր» ինքզինք եւ չէր բազմեր թէկուզ եւ «պարզ» վրանի տակ զետեղուած գահին վրայ:

Արեւ ղեկավարը ինքզինք շրջապատեր է ուրեմն գեղեցկուհի հիւանդապահուհիներով, թիկնապահուհիներով եւ փառաբանութիւններ եւ ովսաննաներ հիւսող մտքի մարդոցմով… Այդ բոլորին արժանի է մարդը:

Որքա՜ն «ուրախալի» էր տեսնել այս մարդուն Սէյֆ ուլ Իսլամ եւրոպականացա՜ծ, շա՛տ արժանաւոր  առաջին ժառանգորդը: Հայրասիրութեան ինչպիսի սքանչելի եւ յուզի՜չ դրսեւորում, երբ յայտարարեց իր հօր կողքին կանգնիլը եւ դասը տալ անուղղաներուն: Արեւմուտքը այս մարդուն, Սէյֆի մէջ կը փափաքէր տեսնել արեւմտականացած, զարգացեալ, արուեստասէր եւ ժողովրդավարութեան արժէքներով զինուած ապագայի ղեկավարը կարեւոր մէկ «նաւթլենտ»ի: Յատկացած շուայտութեան դասարաններու մէջ լաւ դաստիարակուելու հետամուտ եղած է: Որդին հօրմէն քանի մը քայլ աւելի անդին գնաց այս վերջին օրերս:

Առանց բառերը ծամծմելու` յայտնեց, որ եթէ ամէն մարդ գլուխ չխոնարհէ իր արե՜ւ հօր առջեւ, մութ ապագայ պիտի դիմագրաւէ: Արեան գետեր, աւերներ եւ դժբախտութիւններ խոստացաւ իր «սիրելի» ազգին: Սքանչելի՜ ու հիանալի անկեղծութիւն:

Հիմա հօր ու որդւոյն սպառնալիքները սկսած են ի գործ դրուիլ: Քազզաֆի օդանաւերով, հրասայլերով եւ թնդանօթներով կը ջանայ լռեցնել իր դէմ ըմբոստացած ապերա՜խտ ժողովուրդը: Հապա՜. այդ ժողովուրդը թող լա՛ւ դաս առնէ: Ի՜նչ ըսել է խելագարի շարժումներով, խօսակցութեամբ եւ վարուելակերպով ղեկավար մը գահին վրայ պահել 43 տարիներէ ի վեր:

Դեռ սկիզբն է երկանց: Աստուած համբերութիւն տայ ժողովուրդին: Ո՞վ գիտէ, թէ տակաւին որքա՜ն արիւն պիտի հոսի Օմար Մուխթարի հայրենիքի աւազներուն վրայ…

Արեւմուտքը շա՜տ մտահոգ է: Նաւթը, նա՜ւթը, ի՜նչ պիտի ըլլայ նա՛ւթը:

Արդա՛ր է Արեւմուտքին մտահոգութիւնը: իսկ Լիպիան կամ լիպիացիք, է՜հ, պարզապէս ճատրակի քարեր են…

իսկ արեւ «աւագ եղբօր» թէ ի՛նչ կը սպասէ, չենք գիտեր: Անշուշտ պարզ տրամաբանութիւնը պիտի ըսէր, որ ան ալ պիտի հետեւի իր արեւելքի եւ արեւմուտքի դրացինեուն: Բայց ինքնասիրահարած բռնատէրը վարժ է երկարակեցութեան: Իսկ գահը թերեւս խրի արիւնով յագեցած աւազին մէջ: Ի՜նչ վնաս. կարեւորը գահին պինդ փակիլն է…

Ինքզինք կ՛ուզէ վարձատրել նահատակութեամբ: Այդ անաստուած «նահատակ»ը քանի՜¬քանի՛ հազար նահատակներու արեան վրայ պիտի կառուցէ Ի՛Ր նահատակութիւնը, այնքան ալ յայտնի չէ:   

    ՁԻՒՆԱԿԱՆ

Share this Article
CATEGORIES