Սուրիական Հակամարտութեան Մէջ Ազրպէյճանցի Կամաւորներ

Azerbaijan_SyriaԷմիլ Սուլէյմանով Կեդրոնական Ասիա-Կովկաս վերլուծողական կայքէջին վրայ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ սուրիական քաղաքացիական պատերազմին մէջ Ազրպէյճանի քաղաքացիներուն մասնակցութեան մասին լուրերը վերջերս աւելի յաճախակի դարձած են: ԱPostsյդ հակամարտութեան մասնակից ազրպէյճանցի կամաւորներու տունդարձը կրնայ լրջօրէն վտանգել ինը միլիոն բնակչութիւն ունեցող եւ Թուրքիա-Իրան-Ռուսիա քառուղիին վրայ գտնուող երկրին ներքին կայունութեան:

Նախաբան

Սուրիոյ յարանուանական պատկերը կը նմանի Ազրպէյճանի յարանուանական պատկերին, սակայն` շրջուած ձեւով: Պաշտօնապէս, ազրպէյճանցիներուն շուրջ երկու երրորդը շիի է: Բնակչութեան մէկ երրորդը սիւննի է եւ կեդրոնացած է երկրին հիւսիսային նահանգներուն մէջ: Սիւննի են Ազրպէյճանի մէջ բնակող ազգային փոքրամասնութիւններէն` լեզգիները, աւարները եւ ժողովրդագրականօրէն տկար շարք մը փոքրամասնութիւններ, որոնք տարածուած են Տաղստանի հետ սահմանին վրայ: Թէեւ ազրպէյճանցիներուն մեծամասնութիւնը ինքզինք իսլամ կը նկատէ, սակայն եօթը տասնամեակներու վրայ երկարած խորհրդային իշխանութեան պատճառով աշխարհիկ դարձած է: Շարք մը հարցախոյզեր ցոյց կու տան, որ ազրպէյճանցիները կրօնական հարցերով հետաքրքրուած չեն:

Վերջերս, սակայն, կրօնի դերակատարութիւնը աճ արձանագրած է` շարք մը ազդակներու իբրեւ հետեւանք: Առաջին` երկրին մէջ քաղաքական ընդդիմութեան դէմ լայնածաւալ ճնշումը պատճառ դարձած է, որ աշխարհիկ քաղաքական կուսակցութիւնները նկատառելի կերպով տկարանան: Այդ կուսակցութիւնները իրենց ժողովրդականութիւնը կորսնցուցած են վարչակարգին հետ գործակցելնուն կամ ապիկարութեան եւ իրենց ղեկավարներու տկարութեան իբրեւ հետեւանք: Երկրորդ` թէեւ ազրպէյճանցիներուն մեծամասնութիւնը աշխարհիկութեան բարձր մակարդակով կը բնորոշուի, սակայն իսլամութիւնը իբրեւ մշակութային երեւոյթ կը շարունակէ բնակչութեան որոշ հատուածին մէջ, մասնաւորաբար գիւղական շրջանի բնակիչներուն մէջ դերակատարութիւն ունենալ: Երրորդ` աշխարհի տարածքին քաղաքական իսլամութեան վայելած ժողովրդականութեան լոյսին տակ ազրպէյճանցի երիտասարդներու մէկ մասը տարուած է սալաֆականութեան յեղափոխական գաղափարախօսութեամբ, ինչպէս նաեւ կը պայքարի բարեպաշտութեան, համերաշխութեան եւ բարօրութեան սկզբունքներու վրայ հիմնուած արդար իսլամական պետութեան մը հաստատման համար:

Մինչ ազրպէյճանցիներու մեծամասնութիւնը կը շարունակէ չհետաքրքրուիլ կրօնական հարցերով, երկրին արմատականացած իսլամները Իրանէն կամ տաղստանցի ժիհատականներու կողմէ աջակցութիւն ստացած են: Փաստերը ցոյց կու տան, որ մինչ երկրին շիի արմատականները Թեհրանի զօրակցութիւնը վայելող Հըզպալլայի խմբակներու մէջ զինուորագրուած են, անդին` սիւննի արմատականները Ազրպէյճանի մէջ սալաֆական պետութեան մը հաստատումը կը ջատագովեն, ինչ որ առնչուած կրնայ ըլլալ Հիւսիսային Կովկասի մէջ աստուածապետութեան մը` Կովկասեան ամիրայութեան, որ տարածաշրջանին մէջ ռուսական իշխանութեան դէմ պատերազմ կը մղէ:

Թէեւ Ազրպէյճանի սիւննի եւ շիի համայնքներէն արմատականները ազրպէյճանական իրաւապահ մարմիններու բռնաճնշումներուն պատճառով տկարացած են, սակայն անոնք կը շարունակեն երկրին մէջ ապահովական մտահոգութիւն մը ներկայացնել` ի հեճուկս բնակչութեան մէջ իրենց ներկայացուցած փոքր թիւին:

Վերլուծում

Ազրպէյճանի քաղաքացիներու սուրիական քաղաքացիական պատերազմին մասնակցութիւնը այս վերջին ընթացքին համահունչ է: Ազրպէյճանի սիւննի արմատականները Թուրքիոյ ճամբով մեծ թիւերով Սուրիա կը մեկնին մաս կազմելու համար վարչակարգի ուժերուն դէմ կռուող միջազգային ժիհատական ջոկատներուն: Ըստ կարգ մը տուեալներու, ազրպէյճանցի շուրջ 300 քաղաքացիներ մաս կազմած են ժիհատական խումբերու, մասնաւորաբար` Քայիտայի հետ կապ ունեցող «Ժապհաթ նուսրա»-ի եւ «Ժէյշ ալ-մուհաժիրին ուալ անսար»-ին:

Ապու Եահիա Ալ Ազերի

Ապու Եահիա Ալ Ազերի

Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութեան (ՏԱՀԵՇ) զինեալներու հետ դաշնակցելով` ազրպէյճանցի ժիհատականները մեծ մասամբ կը գործեն Սուրիոյ`  Թուրքիոյ սահմանակից հիւսիսային նահանգներուն մէջ, մասնաւորաբար` Իտլիպ եւ Հալէպ նահանգներուն մէջ: Նկատի ունենալով, որ անոնք ռուսերէնի կը տիրապետեն, ազրպէյճանցի զինեալները Հիւսիսային Կովկասէն, Կեդրոնական Ասիայէն եւ Վոլկա-Ուրալ շրջանէն եկած ժիհատականներու հետ անջատ խումբեր կը կազմեն: Ազրպէյճանցի հռչակաւոր ժիհատական մը` Ապու Եահիա ալ-Ազերի, որ անցեալ տարի կռուի ընթացքին սպաննուած էր, չեչեն ժիհատական հրամանատարներ Ապու Ումար ալ-Շիշանիի եւ Սալահուտին ալ-Շիշանիի սերտ գործակիցներէն մէկն էր եւ շարք մը տեսերիզներու մէջ անոնց կողքին կ՛երեւէր:

Կը հաղորդուի նաեւ, որ շուրջ հարիւր ազրպէյճանցի շիիներ վերջին ամիսներուն Սուրիա մեկնած են` կազմելով Ասատի վարչակարգին կողքին կռուող ազրպէյճանական հրամանատարութեամբ իրանեան զինեալ խմբակներու կորիզը: Կը թուի, թէ Սուրիա մեկնող ազրպէյճանցի շիի կամաւորներուն նկատառելի մէկ մասը կազմուած է իրանեան Քոմ եւ Մաշհատ քաղաքներուն մէջ գտնուող իսլամական աստուածաբանութեան կեդրոններու ուսանողներէ: Մինչ ազրպէյճանցի ժիհատականներուն մեծամասնութիւնը կը թուին երկրին հիւսիսէն, Պաքուէն եւ հիւսիսարեւմտեան կարգ մը շրջաններէ ըլլալ, շիի արմատականները մեծամասնութեամբ Ապշերոն թերակղզիի եւ Լենքորան շրջանէն են: Վերջինս իրանամէտ շիի արմատականութեան կեդրոնը կը նկատուի:

Ազրպէյճանցի կամաւորներու զինուորագրման ձեւը հետաքրքրական է: Ազրպէյճանցի ժիհատականները անհատական միջոցներով կը մեկնին Սուրիոյ ռազմաճակատ եւ այդտեղ հասնելէ ետք կը միանան խմբակներու` հիմնուելով իրենց անհատական ծանօթութեանց կամ թուրք, հիւսիսկովկասցի կամ սուրիացի ժիհատականներու աջակցութեան վրայ:

Շիի արմատականները կը թուին զինուորագրման աւելի կազմակերպուած ձեւի մը հետեւիլ եւ իրանեան իշխանութիւնները աջակցութիւնը վայելել: Անոնք իրանեան իշխանութիւններու կողմէ պատերազմական գօտի կը փոխադրուին եւ տարբեր զինեալ խմբաւորումներու մէջ կը խմբուին: Իրանեան իշխանութիւնները հաւանաբար կամաւորներուն նախնական մարզումը կը կատարեն: Այս ենթադրութիւնը հիմնուած է այն իրողութեան վրայ, որ ազրպէյճանցի շիի զինեալներու դիակները Ազրպէյճան կ՛ուղարկուին Իրանէն, քայլ մը, որ իրանեան իշխանութեան հաւանութեան կը կարօտի:

Իրանամէտութեամբ ծանօթ շարք մը շիի ազդեցիկ ղեկավարներ, ինչպէս` Էլշան Կուլիեւ, Էլշան Մուսթաֆաօղլու եւ Իլկար Իպրահիմօղլու,  ժիհատականներուն Սուրիոյ պատերազմին մասնակցութիւնը նկատած են` բոլոր շիիներու բնական դաշնակից, իրանամէտ ալեւի Ասատը տապալելու ամերիկեան աջակցութեամբ ջանքերու մէկ այլ ցուցանիշ մը: Բայց եւ այնպէս, Ազրպէյճանի իշխանամէտ հոգեւորականութիւնը,  ղեկավարութեամբ շէյխ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէի, Սուրիոյ տագնապին վերաբերեալ կեցուածք չէ արտայայտած:

Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմի սկիզբէն ի վեր` ազրպէյճանական իշխանութիւնները ջանացած են չէզոք մնալ սուրիացի ժողովուրդին կոչ ուղղելով` բռնարարքներուն վերջ տալ եւ տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնել: Այդ մէկը մասնակի կերպով կարելի է բացատրել դիւանագիտական նկատառումներով: Իրենց կողմէ օրինական նկատուած կառավարութիւնները տապալելու փորձերը, տասնամեակ մը առաջ յետխորհրդային տարածաշրջանին մէջ գունաւոր յեղափոխութիւններու տարածումը, ինչպէս նաեւ «Արաբական գարուն»-ը եւ ատոր ռազմական հետեւանքները Պաքուի մէջ ազրպէյճանական հասարակութեան յեղափոխական ձգտումներու հեռանկարին նկատմամբ մտահոգութիւն ստեղծած են, նկատի ունենալով, որ վերջինիս մօտ վարչակարգին նկատմամբ դժգոհութիւնը աճ կ՛արձանագրէ: Տեղական ցոյցերու շարժումով զբաղելով` Ազրպէյճանի կառավարութիւնը կը թուի թերագնահատած ըլլալ սուրիական ռազմաճակատ մեկնող ազրպէյճանցի քաղաքացիներուն ներկայացուցած վտանգը:

Վերջին անգամ, որ ազրպէյճանցիներ կամաւոր կերպով մասնակցած են հեռաւոր պատերազմի մը, 1877-1878-ի ռուս-թրքական պատերազմին ընթացքին էր, երբ սիւննի ազրպէյճանցիները իրենց օսմանցի հաւատակիցներուն աջակցեցան, իսկ շիի ազրպէյճանցիները միացան ռուսական բանակին` կռուելու համար սիւննի «անհաւատներուն» դէմ: Մինչ Ազրպէյճանի ընկերային պատկերը նկատառելի կերպով փոխուած է, Սուրիոյ պատերազմը ցոյց կու տայ, որ այժմ թեթեւցած այդ պառակտումները որոշ պայմաններու մէջ կրնան վերակենդանանալ: Եթէ պատերազմի մթնոլորտէն ներշնչուած վճռակամութեամբ, ռազմական փորձառութեամբ զինուած եւ աշխարհի տարածքին կապեր ունեցող ազրպէյճանցի հարիւրաւոր կամաւորներ յաջողին պատերազմի աւարտէն ետք հայրենիք վերադառնալ, անոնք կրնան Ազրպէյճանի ներքին ապահովութեան մեծ վտանգ ներկայացնել:

Երկու կողմերն ալ հաւանաբար Լեռնային Ղարաբաղին ռազմական միջոցներով վերատիրանալու հարցով իշխանութեան վրայ ճնշումը աւելցնեն: Ժիհատականները ամենայն հաւանականութեամբ դաշնակցին տաղստանցի ըմբոստներու եւ ազրպէյճանցի դաշնակիցներու հետ` երկրին հեռաւոր հիւսիսային շրջաններուն մէջ իրարանցում ստեղծելով եւ այդպիսով Ազրպէյճանը տկարացնեն անոր հիւսիսային հարեւանի կողմէ ճնշումներուն դիմաց: Միւս կողմէ` շիի վեթերաններ կրնան երկրին շիի արմատական կեդրոնները վերաշխուժացնել, իբրեւ Իրանի 5-րդ զօրասիւնը: Թէեւ երկրին մէջ վարչակարգի փոփոխութիւնը, ազրպէյճանական հասարակութեան կողմէ կրօնական արմատականներու զօրակցութեան բացակայութեան պատճառով անհաւանական պիտի ըլլայ, վերջիններս կրնան մարտահրաւէր ուղղել Պաքուի իշխանութեան կամ իրարու հետ բախումներ ունենալ: Ազրպէյճանցի երիտասարդութենէն որոշ հատուածի մը համար անոնք վարչակարգին այլընտրանք մը կրնան ներկայացնել:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )