Սուրիոյ Դեսպանը Շաբաթ Ուշ Գիշերին Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին – Վեհափառ Հայրապետին Կողմէ Պատուիրակութիւն Մը Կ’ուղղուի Լաթաքիա – Վեհափառ Հայրապետը Իր Զօրակցութիւնը Կը Յայտնէ Քեսապի Հայութեան

AramI_AliՈւրբաթ առաւօտեան զինեալ ուժերու թրքական սահմանէն Քեսապ ներթափանցումի առաջին իսկ ժամերէն սկսեալ, Արամ Ա. կաթողիկոս մօտէն հետեւեցաւ ստեղծուած կացութեան եւ յատկապէս Քեսապի մեր ժողովուրդին դիմագրաւած դժուարութիւններուն: Այս ուղղութեամբ վեհափառ հայրապետը մնայուն կերպով կապեր հաստատեց Հալէպի, Լաթաքիոյ, Դամասկոսի եւ Լիբանանի մեր հոգեւոր, համայնքային ու քաղաքական պատասխանատուներուն հետ եւ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ անոնց հետ:

Երբ շաբաթ յետմիջօրէին Թուրքիայէն աւելի կազմակերպուած կերպով եւ քանի մը ճակատներու վրայ ներթափանցումներ կատարուեցան` սաստիկ ռմբակոծումներու թիրախ դարձնելով Քեսապը, վեհափառ հայրապետը անմիջապէս կապ հաստատեց պատասխանատու անձնաւորութիւններու հետ եւ պահանջեց, որ անմիջապէս առնուին պէտք եղած քայլերը` պաշտպանելու համար Քեսապի հայութիւնը:

Շաբաթ գիշեր ուշ ժամուն վեհափառ հօր այցելեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանը: Հանդիպման ներկայ եղան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Խաչերեան եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի: Սուրիոյ դեսպանը յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահին կողմէ իրեն պարտականութիւն տրուած է անմիջապէս այցելելու վեհափառ հայրապետին իրեն վստահեցնելու, թէ Սուրիոյ պետութիւնն ու բանակը իրենց կարելին պիտի ընեն վերահաստատելու շրջանի խաղաղութիւնը:

Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին դեսպանը յայտնեց, որ յստակ տուեալներու համաձայն, Թուրքիան ո՛չ միայն քաջալերած է զինեալներու մուտքը Քեսապ, այլ նաեւ անոնց տրամադրած է ծանր զէնքեր եւ դիւրացուցած անոնց յառաջխաղացքը: Ան յայտնեց, որ սուրիական բանակը թէեւ զոհեր տուած է, սակայն կրցած է լայն չափով ետ մղել զինեալ ուժերու թափանցումները: Շարունակելով իր խօսքը` դեսպանը ըսաւ, որ նախագահը եւ Սուրիոյ պետութիւնը խոր յարգանք ունին հայ ժողովուրդին նկատմամբ եւ սուրիահպատակ հայերը կը նկատեն հաւատարիմ քաղաքացիներ սուրիական հայրենիքին, հետեւաբար անոնց պաշտպանութիւնը պետութեան աւագ պարտաւորութիւնն է: Ան նաեւ տեղեակ պահեց վեհափառ հայրապետը, որ Լաթաքիոյ նահանգապետը այցելած է եկեղեցւոյ ու դպրոցի սրահներուն մէջ հաստատուած Քեսապի հայութեան ու խոստացած ամէն տեսակ օգնութիւն ընծայել:

Վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ ինք մտահոգութեամբ կը հետեւի Սուրիոյ անցուդարձերուն, եւ ո՛չ միայն Սուրիոյ հայերով, այլեւ ամբողջ Սուրիոյ ժողովուրդի ու Սուրիոյ բոլոր շրջաններու ապահովութեամբ մտահոգ է: Խօսելով Քեսապի մասին` վեհափառը ըսաւ, որ Քեսապը խորհրդանշական իմաստ մը ունի մեր ամբողջ ժողովուրդին համար: Վեհափառը յիշեցուց, որ նոյն ցեղասպան Թուրքիան է, որ առիթը կ’օգտագործէ հարուածելու հայ ժողովուրդը:

Կիրակի առաւօտ վեհափառ հայրապետը միաբան հայրերէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը ղրկեց Լաթաքիա: Պատուիրակութեան նպատակն է մեր ժողովուրդի զաւակներուն փոխանցել վեհափառ հայրապետին աղօթքներն ու զօրակցութիւնը, տեղեակ դառնալ ստեղծուած կացութեան եւ յատկապէս ուսումնասիրել ժողովուրդին կարիքները, որպէսզի կաթողիկոսարանին կողմէ անհրաժեշտ կարգադրութիւնները կատարուին:

Կիրակի առաւօտ Մայր տաճարին մէջ վեհափառ հայրապետը պատգամ մը ուղղեց մեր ժողովուրդին: Ան ընդհանուր գիծերով բացատրեց Քեսապի մէջ ստեղծուած կացութիւնը եւ յիշեցուց, որ նոյն ցեղասպան թուրքը 100 տարիներ ետք դարձեալ գաղթական կը դարձնէ մեր ժողովուրդի զաւակները: Ապա վեհափառը շեշտեց, որ աղօթքի եւ զօրակցութեան ճամբով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը մնայ Քեսապի ու ամբողջ Սուրիոյ հայութեան կողքին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )