ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՊԼՈՔԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԸՍԻ

Հըս` Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի պատուիրակութեան հետ

Նախկին վարչապետ Սելիմ Հըս երէկ իր բնակարանին մէջ ընդունեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ պլոքի նախագահ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային ու միջազգային զարգացումներ:

Հանդիպումէն ետք Ռաատ նշեց, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը իր բնական ընթացքին մէջ կը գտնուի:

Պատասխանելով նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորային` Ռաատ յայտնեց, որ Միջազգային դատական ատեանի ընդհանուր դատախազ Տանիել Պելմար ներքին գործոց նախարարութենէն պահանջած էր յանձնել իր մօտ գտնուող բոլոր լիբանանցիներուն մատնահետքերուն պատճէնները:

«Եթէ այս եզրերով գրուած նախադասութիւնը կարգ մը մարդիկ կը հասկնան իբրեւ միայն 1200 լիբանանցիի մատնահետքեր, ապա անոնք ազատ են, սակայն բոլորին ծանօթ է, թէ ներքին գործոց նախարարութեան մօտ կը գտնուին աւելի քան 4 միլիոն մատնահետքեր», ընդգծեց ան:

Նշենք, որ նախանցեալ օր Հըս Այշա Պաքքարի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոնը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Փիեթոն շեշտեց կառավարութեան կազմութեան անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով, որ Լիբանան երկիր մըն է, որ չի կրնար առանց կառավարութեան գոյատեւել:

Share this Article
CATEGORIES