«ԲԱԳԻՆ» ԳՐԱԿԱՆ ՀԱՆԴԷՍԻ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԾԻՐԻՆ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ` ՇՈՒՇԻԿ ՏԱՍՆԱՊԵՏԵԱՆԻ «ԿԵՆԱՑ ԾԱՌ» ՔԵՐԹՈՂԱԳԻՐՔԻՆ

Ընթերցման հանդիպումէն պահ մը

Կազմակերպութեամբ «Բագին» գրական հանդէսին, երէկ` չորեքշաբթի, 9 մարտին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին կայացաւ լիբանանահայ բանաստեղծ Շուշիկ Տասնապետեանի «Կենաց ծառ»ը քերթողագիրքին ընթերցում-քննարկումը:

«Բագին»ի խմբագիր Յակոբ Պալեան իր բացման խօսքով ողջունեց ներկաները եւ մէջընդմէջ մէջբերումներ կատարելով ներկայացուց Տասնապետեանի վերջին քառամեակի գրական աշխատանքին արգասիքը եղող «Կենաց ծառ» քերթողագիրքը:

Գրաքննական խոր ու լուրջ վերլուծումով Պալեան ներկաներուն փոխանցեց Տասնապետեանի ներաշխարհը ցոլացնող քերթողական նիւթերը, ինչպէս` «Արմաւենի», «Հայելի», «Գլանիկ», «Արիւն» եւ այլն:

«Գէորգ Մելիտինեցի» գրական մրցանակին կողմէ 2010-ին լոյս տեսած Շուշիկ Տասնապետեանի նորագոյն քերթողագիրքը մեկնաբանելու փորձով մը, «Բագին»ի խմբագիրը թելադրեց զայն ընթերցել տողերուն եւ բառերուն միջեւ` «ինքնաընթերցում» որակելով հեղինակին այս գործը: «Բանաստեղծութիւնը ինքզինք ըլլալու միտում է, նաեւ` որոնում երջանկութեան, որ մեղք է եւ անոր գերանցումը. մեղքը կը գործենք կարծելով, որ երջանկութեան հասանք, յետոյ մենք մեզ կը դատապարտենք», ընդգծեց Պալեան:

Ապա փոխն ի փոխ ներկաներէն ոմանք ընթերցեցին քերթողագիրքէն կտորներ` մերթ հարցադրումներով, մերթ մեկնաբանութիւններով ընդմիջելով ընթերցումը: Ուշագրաւ էր ընթերցումներէն «Կիներ ու ցաւ» ոտանաւորը, ուր հեղինակը կ՛անդրադառնայ Եղեռնի զոհ թէ անկէ ճողոպրած հայուհիներուն` ընդգծելով, որ Եղեռնը միշտ առկայ եղած է մեր կեանքին, հա՛յ իրականութեան մէջ:

Ապա հեղինակը շնորհակալութիւն յայտնեց «Գէորգ Մելիտինեցի» հրատարակչական մարմնին, «Բագինի»ի խմբագրութեան եւ ներկաներուն: Տասնապետեան իր կարգին ընթերցեց քանի մը ոտանաւորներ` մէջընդմէջ պատասխանելով ներկաներու հարցումներուն:

Ներկաները գնահատեցին հեղինակի ճոխ բառամթերքը, որ «հայերէնի նկատմամբ իմ սէրս է», ընդգծեց Շուշիկ Տասնապետեան եւ աւելցուց. «Կենաց ծառը» ե՛ս եմ, իմ թուղթերուս մէջ կ՛ապրիմ»:

Այս առիթով ներկաները դիտել տուին հեղինակին, որ «քիչ գրող է»` թելադրելով, որ ան շարունակէ գրել:

Հանդիպումի աւարտին «Բագին»ի խմբագիր Յակոբ Պալեան բարձր գնահատեց Շուշիկ Տասնապետեանի գրական-ստեղծագործական ձիրքը` յիշեցնելով, որ ան եղած է իր յառաջադէմ աշակերտներէն, որ գերազանց արդիւնքով` «մանսիոնով» յաջողած է պաքալորէայի քննութեանց:

Share this Article
CATEGORIES