Ազգային Ժողովի Նախագահի Ընտրութիւններուն Ոչ Իշխանական Ուժերը Հաւանաբար Հանդէս Գան Միասնական Դիրքորոշումով

2704AGHVAN«Երկիր»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան յայտնած է, որ Ազգային ժողովի նախագահի ընտրութիւններուն ընթացքին կարելիութիւնը կայ, որ ոչ իշխանական չորս ուժերը ներկայանան միասնական դիրքորոշումով մը:

«Մենք քառեակի նախորդ նիստին որոշեցինք, որ Ազգային ժողովի նախագահի ընտրութեան հետ կապուած պէտք է հանդէս գանք միասնական դիրքորոշումով, եւ երկուշաբթի կը փորձենք ունենալ այդ դիրքորոշումը», ըսած է Աղուան Վարդանեան:

Միւս կողմէ, այլ յայտարարութեամբ մը, Աղուան Վարդանեան News.am-ին յայտնած է, որ կառավարութիւնը Ազգային ժողովի հարցերու մնայուն յանձնախումբի 25 ապրիլին տեղի ունեցած նիստին ընթացքին խոստացած է երկուշաբթի, 28 ապրիլին խորհրդարան ներկայացնել կուտակային կենսաթոշակներու մասին նոր օրէնքի վերամշակուած տարբերակը:

«Կառավարութիւնը ներկայացուցած է նախագիծ մը, սակայն այդ տարբերակը մեզ չի բաւարարեր, մենք փոխանցեցինք մեր տարբերակը եւ անոնք խոստացան, որ երկուշաբթի առաւօտեան պիտի ներկայացնեն նոր վերամշակուած նախագիծ, որուն հիման վրայ կ՛որոշենք կո՞ղմ քուէարկել, թէ՞ ոչ», յայտնած է Աղուան Վարդանեան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )