Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը`
Պետական Երիտասարդական Նուագախումբին Կողքին

IMG_0066«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը կը շարունակէ աջակցիլ Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբին: «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, որ ընկերութիւնը պետական երիտասարդական նուագախումբի գլխաւոր գործընկերն է:

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանի եւ Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Սերգէյ Սմբատեանին տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, 17 ապրիլին ներկայացուած են նուագախումբին ձեռքբերումները, իրականացուած ծրագիրները, ինչպէս նաեւ կատարուելիքները` այս տարուան ընթացքին:

«Ի դէմս Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախմբի, երկիրն ունի կայացած, ձեւաւորուած հանդիսատես ունեցող խումբ, որը հասցրել է մասնակցել տարբեր փառատօների եւ արդէն կատարողական զգալի փորձ է կուտակել` ստեղծելով տարբեր շրջանների եւ ոճերի ստեղծագործութիւնների ընդգրկուն նուագացանկ: «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը պատրաստակամ է աջակցել խոստմնալից նուագախմբին` հայ երաժիշտների սահուն սերնդափոխութիւնն ու երաժշտական հարուստ աւանդոյթների փոխանցումն ապահովելու նպատակով», նշած է Ռալֆ Եիրիկեանը:

Սերգէյ Սմբատեանը յայտնած է, որ չափազանց հաճելի է տեսնել, որ իրենց աշխատանքը կը գնահատուի:

Ասուլիսը սկսած է անակնկալ ֆլեշմոպով. նուագախումբը կատարած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի ազդանշան-մեղեդին (ճինկըլ):

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի ցուցաբերած աջակցութեան շնորհիւ` նուագախումբը կարելիութիւն ունեցած է համագործակցիլ ժամանակակից երաժշտական աշխարհի մեծ վարպետներուն հետ եւ հայ կատարողական դպրոցի ձեռքբերումները ներկայացնել թէ՛ Հայաստանի մէջ եւ թէ՛ անկէ դուրս: Այս համագործակցութեան շնորհիւ կեանքի կոչուած են նորարարական ծրագիրներ, որոնց կարգին յատկանշական է «Hollywood Non-Stop» համերգաշարը, որուն ընդմէջէն երիտասարդականը հայ հանդիսատեսին կը ներկայացնէ հոլիվուտեան յայտնի ժապաւէններու երաժշտութիւն` ժամանակակից մշակումներով:

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը հովանաւորած է նաեւ նուագախումբին` 17-24 մարտին կայացած հերթական հիւրախաղը: Գլխաւոր գործընկերոջ շնորհիւ` Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբը լիբանանեան «Պուսթան» միջազգային փառատօնի ծիրին մէջ հանդէս եկած է որպէս փառատօնի պաշտօնական նուագախումբ: Այս ծիրին մէջ Հայաստանի պետական երիտասարդականը համաշխարհային ճանաչում վայելող երաժիշտներու` Մարիօ Ստեֆանօ Փիեթրոտարքիի, Ճանլուքա Մարչիանոյի, Անթոնիօ Մենեսեսի եւ այլոց մասնակցութեամբ հանդիսատեսին ներկայացուցած է դասական երաժշտութեան լաւագոյն օրինակներ:

«Թուիթըր»-ի Փոխնախագահը Ընդունած Է
Արցախ Այցելելու ԼՂՀ Վարչապետին Հրաւէրը.
Ազրպէյճան` Ջղագրգիռ Վիճակի Մէջ

0422twitter«Թուիթըր» ընկերային ցանցի փոխնախագահ Րաֆֆի Գրիգորեան ընդունած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեանին հրաւէրը` Արցախ այցելելու: «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ այս մասին արձանագրութիւն զետեղած է Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետի մամլոյ քարտուղար Արտակ Բեգլարեանը: «Հիասքանչ է: «Թուիթըր»-ի փոխնախագահը ընդունած է Ղարաբաղի վարչապետին Արցախ այցելելու հրաւէրը «ԹՈՒՄՕ» կատարելիք յաջորդ այցելութեան ընթացքին», գրած է Բեգլարեան:

Աւելի կանուխ Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետը Գրիգորեանը պաշտօնապէս հրաւիրած էր Արցախ: Ի պատասխան այս հրաւէրին` Րաֆֆի Գրիգորեան «Թուիթըր»-ի վրայ գրած էր, որ իրեն համար մեծ պատիւ է նման հրաւէր, սակայն կ՛ափսոսայ, որ արդէն մեկնած է երկիրէն: Այդուհանդերձ, ան յայտնած էր, որ կարելի է Լեռնային Ղարաբաղ այցելելու մանրամասնութիւնները քննարկել «ԹՈՒՄՕ» կատարելիք յաջորդ այցելութեան ընթացքին:

Րաֆֆի Գրիգորեանի` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն այցելելու հրաւէրը ընդունելու տեղեկութիւնը արդէն տարածուած է ազրպէյճանական լրատուամիջոցներով, որոնք կ՛ահազանգեն, որ «Թուիթըր»-ի փոխնախագահը պիտի այցելէ ազրպէյճանական «գրաւեալ» տարածքներ:

Բակօ Սահակեան Ընդունած Է Զուիցերիոյ
«
Սետրիկ Մարթըն» Հիմնադրամի Խորհուրդի Անդամներ

0424pakoԼեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 23 ապրիլին ընդունած է Զուիցերիոյ «Սետրիկ Մարթըն» հիմնադրամի խորհուրդի խումբ մը անդամներ` կազմակերպութեան հիմնադիր Ժաք Մարթենի գլխաւորութեամբ, նաեւ` Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ «SPFA» ծրագիրի պատասխանատուներ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Արցախի մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման առնչուած հարցեր:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ շարք մը բարեսիրական ծրագիրներու իրականացման առնչութեամբ ցուցաբերած գործօն մասնակցութեան համար նախագահ Սահակեանը Ժաք Մարթընը պարգեւատրած է «Երախտագիտութիւն» մետալով:

Իր խօսքին մէջ Բակօ Սահակեան ընդգծած է, որ Արցախ պատրաստ է շարունակելու համագործակցութիւնը արտասահմանեան առաջատար կազմակերպութիւններուն հետ` զայն համարելով օգտակար Լեռնային Ղարաբաղի համար:

Հանդիպման մասնակցած են փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր:

Անդրանիկ Օզանեանի Ձեռագիրները
Ամփոփուեցան Հայաստանի Մէջ

0423antranikՀայ ազատագրական շարժման խորհրդանիշներէն մէկուն` Անդրանիկ Օզանեանի 65 էջնոց ձեռագիրներուն բնօրինակները ամփոփուեցան Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ: Երկար դեգերումներով տարբեր երկիրներէ անցած մասունքները 22 ապրիլին թանգարանին յանձնեց բրիտանահայ դոկտոր Հրաչ Գույումճեանը: Զօրավար Անդրանիկի ծննդեան 150-ամեակի եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախաշեմին ասիկա Գույումճեանի փոքրիկ ներդրումն է` այս տարելիցներուն ընդառաջ:

Անդրանիկ Օզանեանը 1921 թուականին 65 էջերէ բաղկացած ձեռագիրները տպագրութեան համար ուղարկած է Փարիզի «Ապագայ» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Յովհաննէս Պօղոսեանին: «1960-ական թուականներուն Յ. Պօղոսեան ձեռագիրները յանձնած է հօրս` Համբարձում Գույումճեանին` կարելի եղած ատեն զանոնք Հայաստան փոխանցելու համար: 1988 թուականին, մահէն երեք տարի առաջ, հայրս ձեռագիրները յանձնեց ինծի», յայտնած է Հրաչ Գույումճեան:

Զօրավարին ձեռագիրները բաւական երկար ճամբայ կտրած են` Միացեալ Թագաւորութենէն փոխադրուած են Ֆրանսա, այնուհետեւ Լիբանան, Յունաստան եւ կրկին վերադարձուած` Անգլիա:

Հայաստանի պատմութեան թանգարանի տնօրէն Անելկա Գրիգորեանի կարծիքով, ասիկա թանգարանին համար արժանայիշատակ օր է: «Կան ձեռքբերումներ, որոնք հայ ժողովուրդին պատմութեան հետ շատ սերտ առնչութիւն ունին: Այսօր մենք կը ստանանք Անդրանիկ Զօրավարի յուշագրութիւններու ձեռագիրները` 65 էջնոց բացառիկ բան մը: Անդրանիկ Զօրավարը սրբացած, առասպելացած մարդ է, որուն մասունքները մենք ունինք թանգարանին մէջ` սուրը, ստացած մարտական պարգեւները, բայց կայ բան մը, որ մարդու մասին կը խօսի աւելի, քան իրեն պատկանող իրերը: Ատիկա իր ձեռագիրն է: Այս էջերուն մէջ կը տեսնենք հոգեկան ապրումներ, յուզմունք, մարդկային տառապանքներ, զոր կրած է ան», ընդգծած է Գրիգորեան:

Վաստակաշատ Գրող Պերճ Զէյթունցեանի Մեծարում

0423berdjԱպրիլ 22-ին, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Գ. Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ կայացաւ մեծանուն գրող, թատերագիր, հրապարակախօս Պերճ Զէյթունցեանի մեծարման երեկոն, որուն մասնակցեցան պաշտօնատար անձեր, մշակութային գործիչներ, մտաւորականներ:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանուշ Յակոբեանը: Արժեւորելով եւ բարձր գնահատելով գրողին ներդրումը հայ գրականութեան ու մշակոյթի զարգացման մէջ` Հրանուշ Յակոբեան նշեց. «Դուք ձեր ստեղծագործութեամբ եւ նկարագիրով դարձած էք կենդանի ջահ մը, որ կը լուսաւորէ  ու կ’առաջնորդէ գրականութեան ճամբան բռնած նոր սերունդները: Անգերազանցելի է ձեր հրապարակախօսութեան դերը նոր սերունդներու ազգային դիմագիծի ձեւաւորման գործին մէջ: Մէկ օրէն Հայոց ցեղասպանութեան 99-րդ տարելիցն է: Այս երեկոն խորհրդանշական է անով, որ շուրջ կէս դար ձեր ստեղծագործութիւններով թոյլ չէք տուած, որ ժանգոտի մարդկութեան յիշողութիւնը»:

Նախարարի պաշտօնակատար Հրանուշ Յակոբեան վաստակաշատ գրողը պարգեւատրեց սփիւռքի նախարարութեան յուշամետալով:

Իր կենդանութեան օրով դասական դարձած մեծ գրողին ստեղծագործութիւնը ներկայացուց Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ Լեւոն Մութաֆեանը: Ան ըսաւ. «Իմ սերունդին համար Պերճ Զէյթունցեանի ստեղծագործութիւնները դուռ բացին դէպի ժամանակակից համաշխարհային գրականութիւն: Ան եղաւ այն հզօր անհատականութիւնը, որ բերեց նոր մտածողութիւն, նոր հոգեբանութիւն, իր ապրած ժամանակի գաղափարաբանութիւնը, սակայն, առանձնացնելով իր ինքնատիպութեամբ, իր կերտած ազնիւ ու մարտնչող գրական հերոսներով: Անոր ստեղծագործութիւններուն մէջ կ’արտացոլան մարդկութեան ճակատագիրին հանդէպ գրողին մտահոգութիւններն ու տագնապները, անոր գրականութիւնը կ’արժեւորուի մեր պատմութեան նորարարական մեկնաբանութեամբ: Ան խիզախ էր եւ խորհրդային անհանդուրժողականութեան պայմաններուն մէջ մեր թատերգութեան մէջ եւս դարձաւ նորարար` արծարծելով Ցեղասպանութեան թեման»:

Մեծարման երեկոյին ընթացքին ներկայացուեցաւ Պերճ Զէյթունցեանի ստեղծագործական ուղին, տեսաշարով ցուցադրուեցան հատուածներ գրողին կատարած հարցազրոյցներէն, ինչպէս նաեւ Արմէն Ջիգարխանեանի, Լեւոն Անանեանի, Արմէն Խանդիկեանի, գրողին դստեր` Զարմինէ Զէյթունցեանի գնահատանքի խօսքերը:

Ներկայացուեցաւ նաեւ դրուագ մը` Պերճ Զէյթունցեանի «Ոտքի՛, դատարանն է գալիս» թատրերգութենէն (բեմադրիչ` Տիգրան Գասպարեան, Սողոմոն Թեհլիրեանի դերով` Տիգրան Ներսիսեան):

Իրենց կատարումներով Պերճ Զէյթունցեանին յարգանքի տուրք մատուցեցին Կոմիտասի անուան պետական քառեակը, Արարատեան հայրապետական թեմի «Ծաղկազարդ», ինչպէս նաեւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան «Զօրական» համոյթները:

Մահացած Է «Գրանդ Հոլդինգ»-ի Ղեկավար
Հրանդ Վարդանեանը` 65 Տարեկանին

0423Hrant-Vardanian19 ապրիլին 65 տարեկան հասակին իր մահկանացուն կնքեց Հայաստանի մէջ արտադրութեան ոլորտին մէջ 6000-է աւելի, գիւղատնտեսութեան մէջ շուրջ 25,000 աշխատատեղ ստեղծած գործարար, մեծ հարկատու, «Գրանդ տոբակօ», «Գրանդ Քենդի», «Գրանդ սպորտ» Հայաստանի վաճառանիշ դարձած անունները մէկտեղած «Գրանդ հոլդինգ»-ի ղեկավար Հրանդ Վարդանեանը:

Երկու զաւակներու հայր, հինգ թոռներու մեծ հայր Հրանդ Վարդանեանին հոգեհանգիստը տեղի ունեցաւ 22 ապրիլին, Նոր Նորքի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, իսկ վերջին հրաժեշտը` 23 ապրիլին Երեւանի Կոմիտասի անուան սենեկային  երաժշտութեան տան մէջ, անոր աճիւնը ամփոփուեցաւ Երեւանի քաղաքային պանթէոնին մէջ:

«Մեծագոյն նախասիրութիւնս այն է, որ քայքայուած, անպիտան որեւէ սխեմայից, տարածքէն ինչ որ բան կառուցեմ, աշխատանքային մթնոլորտ ստեղծեմ», ըսած էր ան` իրեն հետ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին:

1997-ին, յետխորհրդային եւ յետպատերազմեան քայքայուած Հայաստանի մէջ, որուն երբեմնի  գործարաններէն մնացած էին միայն քայքայուած պատերն ու քանի մը պատուհաններ, հիմնադրելով «Գրանդ տոբակօ» հայ-քանատական համատեղ ձեռնարկութիւնը` Հրանդ Վարդանեան սկիզբ դրաւ Հայաստանի մէջ հայրենական արտադրութեան վերածնունդին, զարգացման, արտադրողի հաւատքին: Այնուհետեւ ստեղծելով «Մասիս տոբակօ» եւ «Ինտերնէյշնլ Մասիս տաբակ» ընկերութիւնները` զարկ տուաւ Հայաստանի մէջ մոռացութեան մատնուած ծխախոտագործութեան: Իսկ 2000-ին «Գրանդ Քենդի» ընկերութեան հիմնադրումով Հայաստանի մէջ սկիզբ դրուեցաւ հրուշակագործութեան զարգացման:

2013-ի առաջին ինը ամիսներուն 1000 մեծ հարկատուներու ցանկին մէջ ամէնէն մեծ հայրենական արտադրող «Գրանդ հոլդինգ»-ի կազմին մէջ մտնող ինը ձեռնարկութիւնները Հայաստանի պետական պիւտճէին վճարած են 15 միլիառ 56 միլիոն 928 հազար դրամ (մօտ 36 միլիոն 724 հազար 215 տոլար) հարկ` ցանկին մէջ գրաւելով չորրորդ դիրքը:

«Կ’երազեմ գոնէ 2-3 տարի ետք ունենալ բնական, քաղաքակիրթ երկիր, պետութիւն` իր բնական հասարակութեամբ, բնական աշխատող առեւտուրներով, որոնք չինովնիկներու ենթակայական տրամադրութիւններէն կախեալ չըլլան: Այդ ատեն կարելի պիտի ըլլայ առեւտուրէն հեռանալ եւ զբաղիլ թոռնիկներով: Զաւակներուս ատեն գիշեր-ցերեկ կ’աշխատէի, հիմա ալ` թոռներուս ժամանակ: Կը թուի, թէ մինչեւ ծոռներս ֆիզիքապէս չեմ դիմանար, ուստի կ’երազեմ, որ մօտակայ 5 տարիներու ընթացքին զբաղիմ թոռնիկներուս դաստիարակութեամբ», առիթով մը ըսած է Վարդանեան:

«Կը կարծեմ, թէ երիտասարդները ո՛չ քարոզներու կարիք ունին, ո՛չ ալ բարեգործութեան: Անոնց համար պէտք է առաւելագոյնս շատ աշխատատեղեր ստեղծել, բնական հասարակութիւն, որ զարգացած, գրագէտ երիտասարդները չարտագաղթեն ու չերթան ուրիշ պետութեան ծառայելու: Պէտք է ընենք առաւելագոյնը, որպէսզի մեր ազգի սերուցքը մնայ այս հողին վրայ ու այստեղ ստեղծագործէ», կը հաւատար ան:

Ջաւախահայ Նկարիչներու «Ցեղասպանութեան
100-
Ամեայ Տարելիցին Ընդառաջ»
Խորագրեալ Ցուցահանդէսի Բացում

0419exhibitionԵրեւանի Պատմութեան թանգարանին մէջ, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, 18 ապրիլին տեղի ունեցած է ջաւախահայ նկարիչներու աշխատանքներու ցուցահանդէսի բացման արարողութիւնը, որուն ներկայ եղած են մշակոյթի գործիչներ, պետական, հասարակական կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, հիւրեր:

Ողջունելով ներկաները` սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանուշ Յակոբեան շնորհաւորած է ջաւախահայերը` հերթական մշակութային գեղեցիկ ձեռնարկի կազմակերպման առիթով եւ նշած է. «Մօտենում է 100-րդ տարին, բայց ժողովրդի պայքարը չի դադարում: Աշխարհի հայութիւնը` հայրենիքի, Արցախի, Ջաւախքի, սփիւռքի հայերը ձեռք ձեռքի տուած` պայքարում են Ցեղասպանութեան ճանաչման, Հայ դատի, արդարութեան վերականգնման համար: Այդ պայքարի ձեւերից մէկն էլ մշակոյթն է, որի միջոցով մեր Դատը ներկայացնում ենք աշխարհին: Մշակոյթն այն ուժն է, որ կարողանում է սոսնձել, իրար միացնել անցեալը, ներկան եւ ապագան»:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է նաեւ Հայաստանի նկարիչներու միութեան նախագահ Կարէն Աղամեանը:

Վրաստանի վաստակաւոր նկարիչ Կառլեն Կարապետեանը շնորհակալութիւն յայտնած է սփիւռքի նախարարութեան, Երեւանի քաղաքապետարանին, Ջաւախքի աջակցութեան հիմնադրամին (ՋԱՀ)` ցուցահանդէսի կազմակերպման աջակցելնուն համար. «Այսօրուայ ցուցադրութիւնը մեզ համար մեծ ուրախութիւն եւ յաջողութիւն է, շնորհակալութիւն` բոլոր աջակցողներին: Մէկ անգամ եւս հաւաստուեց, որ Ջաւախքի ժողովուրդը նաեւ մեծ արուեստ ունի: Մենք ցուցադրուել ենք ոչ միայն Հայաստանում եւ Վրաստանում, այլեւ` Միացեալ Նահանգներում եւ Քանատայում: Դիտելով մեր աշխատանքները` դուք կը զգաք մեր ուրախութիւնը եւ ցաւը», նշած է Կարապետեան:

Սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանուշ Յակոբեան հայ մշակոյթի զարգացման եւ տարածման իմաստով ունեցած նշանակալի աւանդին համար Կառլեն Կարապետեանը պարգեւատրած է «Արշիլ Կորքի» մետալով:

Այս առիթով սրտի խօսքեր արտասանած են նաեւ բարերար, գործարար, Ջաւախքի աջակցութեան հիմնադրամի համահիմնադիր Սօս Սահակեանը, Հայկական հանրագիտարանի գլխաւոր խմբագիր Հրաչ Այվազեանը, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեանը, Ջաւախահայերու հայրենակցական միութեան նախագահ Շիրակ Թորոսեանը, «Վիրահայերի միասնութիւն» կազմակերպութեան նախագահ, երեսփոխան Տաճատ Վարդապետեանը: Երեւանի թիւ 131 դպրոցի տնօրէն, «Սայաթ Նովա» աշուղական համոյթի մեներգիչ Գրիգոր Սաֆարեանը կատարած է Ջիւանիի «Առաւօտեան քաղցր հովին» ստեղծագործութիւնը:

«Ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին ընդառաջ» խորագիրով ցուցահանդէսին իրենց աշխատանքները ներկայացուցած են քանդակագործներ` Սերգէյ Սահակեանը, Ռաֆիկ Սարգսեանը եւ Բաղդասար Սարգսեանը: Յատուկ ուշադրութեան արժանացած է Կառլեն Կարապետեանի Ցեղասպանութեան նուիրուած շարքը` «Եղեռն եռապատկերը»` «Մօր դիմանկարը», «Հայեացքը», «Արեւի աղջիկը» կտաւները:

Ուշագրաւ եղած են նաեւ Համլեթ Արոյեանի, Մնացական Դալլաքեանի, Հայկազուն Ղարագուլեանի` Ջաւախքի թեմաներով բնապատկերները, դիմանկարներն ու նաթիւր մորթերը:

Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 23 ապրիլ:

Viva-cell-logo2

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )