Ժիհատականներու Լաթաքիոյ Ճակատ Փոխադրութեան Համար` Յորդանանէն Թուրքիա Օդային Կամուրջ

0430-LATAKIAՍուհէյպ Անկերինի լիբանանեան «Ախպար» օրաթերթին մէջ կը գրէ, որ Թուրքիան Լաթաքիոյ հիւսիսը գտնուող գիւղական շրջաններուն մէջ ճակատամարտերուն միակ աջակցող կողմը չէ: Ըստ բացայայտուած տեղեկութեան մը, Յորդանանի եւ Թուրքիոյ միջեւ գոյութիւն ունի օդային կամուրջ մը, որուն միջոցով ժիհատականներ Յորդանանի մէջ մարզուելէ ետք Թուրքիա կը փոխադրուին:

Քեսապի եւ մերձակայ շրջաններու ճակատամարտերուն մէջ Յորդանանի հետզհետէ աճող դերակատարութեան մասին տեղեկութիւնը ցոյց կու տայ, որ Սուրիոյ հարաւի ճակատ բանալու ծրագիրը փոխարինուած է հիւսիսային ճակատով, եւ ստեղծուած է օդային կամուրջ մը, որուն ճամբով հարիւրաւոր ժիհատականներ Ամմանի «Մարքա» օդակայանէն կը փոխադրուին Ալեքսանտրեթի նահանգի մէջ գտնուող Անտիոքի օդակայան: Ըստ սուրիական ընդդիմութենէն աղբիւրի մը հաւաստման, աւելի քան հազար ժիհատական զինեալներ անցնող օրերուն այս ճամբով փոխադրուած են անմիջապէս միանալու համար Լաթաքիոյ հիւսիսը գտնուող գիւղական շրջաններուն մէջ ընթացող մարտերուն: Աղբիւրը շեշտած է, որ նշեալ տեղեկութիւնը հաստատուած է «յորդանանեան ճշգրիտ աղբիւրներու» կողմէ:

Նշեալ ժիհատականները տարբեր քաղաքացիութիւններ ունին, ներառեալ` սէուտական, յորդանանեան եւ սուրիական: Աղբիւրը աւելցուցած է, որ Անտիոք փոխադրուած զինեալներուն մէկ մասը Ամմանի հիւսիսը գտնուող Ռուսայֆա շրջանի ճամբարներուն մէջ մարզուած է: Ըստ անոր, ժիհատականներու մարզումը եւ փոխադրութիւնը կարելի չէ առանց այդ գործողութիւնները յորդանանեան գաղտնի սպասարկութեան հետ համակարգելու եւ ամերիկեան ուղղակի հսկողութեան: Ծրագիրը որդեգրուած է իբրեւ այլընտրանք յորդանանեան հողատարածքէն ընթացք առնելիք հարաւային ճակատին, որ երկար ատենէ ի վեր կը ջատագովուէր:

Այլընտրանքային քայլը, որ թերեւս իսկութեան մէջ գլխաւոր ընտրանքն էր, կրնայ Յորդանանը փրկել իր տարածքէն ընթացք առնող ճակատի մը բացման բեռէն: Յորդանանի մէջ գտնուող ճամբարներէ եկող ժիհատականները պիտի միանան Թուրքիոյ մէջ իրենց զինակիցներուն: Անոնց մեծամասնութիւնը չեչեններ են եւ մարտական փորձառութիւն ունին: Անոնք իրերայաջորդ կերպով մուտք պիտի գործեն թրքական սահմանէն: Ասիկա կրնայ բացատրել պատերազմի դաշտին վրայ արձանագրուող իրերայաջորդ փոփոխութիւնները, որոնց պատճառով ռազմավարական դիրքերու եւ շրջաններու ազդու եւ հաստատ վերահսկողութիւն մը չէ գոյացած: Շարք մը վայրերու մէջ դիրքերը յաճախակի կերպով ձեռքէ ձեռք կ՛անցնին, մասնաւորաբար` «45-ի դիտարանը»: Կը թուի, թէ Սուրիոյ կանոնաւոր բանակի առաջին 24 ժամուան ընթացքին ճակատամարտի կացութիւնը ազդու կերպով լուծելու ուշանալուն պատճառով բաց ճակատ մը ստեղծուած է:

Այս իրողութեանց լոյսին տակ կը թուի, թէ ժիհատականներուն Իտլիպէն հասած օգնութեան մասին լուրերը ապատեղեկատուութիւն են եւ կը ծառայեն յաւելեալ ուժերու մատակարարման աղբիւրն ու բնոյթը ծածկելու:

Ինչ կը վերաբերի գետնի վրայ զինեալներու շարժումին, աղբիւրը շեշտած է, որ Քասթալ Մաաֆ եւ Պատրուսիա ճակատները ներկայիս ձեռք բերուած շահերը պահպանելու տեսանկիւնէն ամէնէն կարեւորներն են: Առաջինը դէպի Քեսապ տանող բուն ճամբան է, իսկ երկրորդը Գալատուրան եւ Թաշալմա հասնելու միակ ուղին է: Այդ մէկը կը պահանջէ, որ ժիհատականները շարունակեն հակառակորդին ետեւի գիծերը «Կրատ» հրթիռներով ռմբակոծել, որպէսզի «ալեւի յաւելեալ ուժեր չհասնին ճակատ»:

ժիհատականներուն քայլերը կը թուին հիմնուած ըլլալ իսկական մարտավարական ծրագիրի մը վրայ, որուն գլխաւոր նպատակը միաժամանակ ռազմավարական բարձունքներ եւ կարգ մը ծովեզերեայ կէտէր գրաւելն է:

Գետնի վրայ «45-ի դիտարան»-ին մերձակայքը բախումները շարունակուեցան: Բախումներուն ընթացքին սպաննուեցաւ «Շամ ալ-իսլամ» շարժումի հրամանատար, Եգիպտոսի քաղաքացի Ահմատ Մազիանը, որ ծանօթ է «Ապու Սաֆիյա- ալ-Մասրի» անունով: Հինգշաբթի գիշեր զինեալները դարձեալ փորձեցին վերատիրանալ ռազմավարական դիրքերուն եւ Ժապալ Նըսրի, Սաուտայի, Պէյթ Շրուքի եւ Խոտրայի մէջ բախումներ տեղի ունեցան:

Միւս կողմէ` «Ժապհաթ նուսրա» եւ «Իսլամական Ճակատ»-ը յայտարարեցին սկիզբը «Անֆալի ճակատամարտի արձագանգը» ճակատամարտի, որուն առաջին արդիւնքը պիտի ըլլայ Իտլիպի հարաւը գտնուող գիւղական շրջանին մէջ «Խան Շէյխունի մնացեալ մասի ազատագրումը»: Ժիհատական աղբիւր մը «Ախպար»-ին յայտնած է, որ այս ճակատամարտը մաս կը կազմէ «Անֆալ» ճակատամարտին եւ պիտի շարունակուի` «մինչեւ մեր եղբայրներուն հանդիպինք Լաթաքիոյ մէջ»: Սակայն սուրիական ռազմական աղբիւր մը հաստատած է, որ Սուրիոյ բանակը Խան Շէյխունի մէջ արգելակած է փորձերը ահաբեկիչներուն, որոնք որեւէ յաղթանակ չեն արձանագրած:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )