50 Տարի Առաջ (5 Մայիս 1964)

Հարիսայի Տիրամօր Շքեղ Տօնակատարութիւնը

Բազմահազար Քեսրուանցիներ
Ողջունեցին Հանր. Նախագահը

Լիբանանի տիրամօր տօնը մեծ հանդիսաւորութեամբ նշուեցաւ կիրակի Հարիսայի մէջ, ի ներկայութեան նախագահ Ֆուատ Շեհապի:

Հանրապետութեան նախագահը ներկայ գտնուեցաւ Ս. Կոյսի հսկայ արձանին ստորոտը գտնուող տիրամօր եկեղեցիի ընդարձակ բակին մէջ տեղի ունեցած պատարագին: Կը պատարագէր Ապտալլա Նուժէյմ, հանդիսադրութեամբ պապական նուիրակ Ալիպրանտիի: Արարողութեան ներկայ էին նաեւ տեղեկատուութեան եւ հանրօգուտ շինութեանց նախարար Ժորժ Նաքաշ, Ազգային տնտեսութեան եւ ծրագրաւորումի նախարար Ժոզեֆ Նաժժար, Լեռնալիբանանի նահանգապետ Ֆաուզի Պարտաուիլ, Քեսրուանի երեսփոխաններ` Նուհատ Պուէյզ, Մորիս Զուէյն, Ժորժ Քարամ եւ Էլիաս Խազեն, Քեսրուանի քաղաքապետութեանց նախագահներ, ինչպէս նաեւ` բազմաթիւ ժողովրդային պատուիրակութիւններ:

Ժիւնիէն մինչեւ Հարիսա, ճամբու ամբողջ երկայնքին, հանրապետութեան նախագահը խանդավառօրէն ողջունուեցաւ բազմահազար անձերու կողմէ, որոնք եկած էին Քեսրուանի բոլոր շրջաններէն:

Աւետարանի ընթերցումէն ետք, Նուժէյմ խօսեցաւ քարոզ մը, որուն մէջ յայտնեց, թէ Քրիստոսի վարդապետութիւնը հիմնուած է գթութեան, բարիին, խաղաղութեան եւ սիրոյ վրայ: «Արդ, աւելցուց ան, քաղաքական գետնի վրայ նոյն նպատակն է, որ կը հետապնդէ նախագահ Շեհապի վարչակարգը` աշխատելով զօրացնել ընկերային արդարութիւնը եւ ազգային միութիւնը եւ բարելաւել աղքատներու վիճակը»:

Եկեղեցիի ընդունելութեան դահլիճին մէջ, պատարագէն ետք, յանուն իր պաշտօնակիցներուն` Քեսրուանի չորս երեսփոխաններուն, Պուէյզ խօսք առաւ` իր կարգին դրուատելով նախագահ Շեհապի կողմէ ձեռնարկուած տնտեսական եւ ընկերային արդարութեան զարգացման գործը, «որ պէտք է շարունակուի»:

Կրօնական արարողութենէն ետք հայր Ռոպերի «հիւանդներու օճախ»-ի խուլ համրերը, «տափքէ» մը պարեցին ի պատիւ նախագահին:

 

ԽՈՐԷՆ Ա. ՔԱՐԱՆԹԻՆԱՅԻ ՄԷՋ

ՍՐՏԱԶԵՂ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԵԱՆ
Կ՛ԱՐԺԱՆԱՆԱՅ ՎԵՀԱՓԱՌԸ

Խորէն Ա. կաթողիկոս, կիրակի, 3 մայիս 1964-ին, իր անդրանիկ այցելութիւնը տուաւ Քարանթինայի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին:

Թաղական խորհուրդը մեծ պատրաստութիւններ տեսած էր արժանավայել շուքով ընդունելու համար վեհափառ հայրապետը:

Յաղթական կամարներ կանգնեցուած էին:

Աղաւնիներ արձակուեցան եւ ոչխարներ զենուեցան, երբ վեհափառը մոթոսիքլիստ ոստիկաններու առաջնորդութեամբ, աւելի քան 30 ինքնաշարժներով ժամը 9:00-ին Անթիլիասէն առաջնորդուեցաւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցի:

Ս. պատարագին ներկայ եղան պետական հայ երեսփոխաններ` Մովսէս Տէր Գալուստեան, Խաչիկ Պապիկեան, Սուրէն Խանամիրեան եւ Անտրէ Թապուրեան, Ազգային իշխանութեանց ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու խուռներամ բազմութիւն մը:

Պատարագիչն էր Լիբանանահայոց բարեջան առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեան:

Ս. պատարագը երգուեցաւ քառաձայն` Ս. Նշան եկեղեցւոյ դպրաց դասի երգչախումբին կողմէ:

Հաւատացեալներ խոր գոհունակութեամբ ունկնդրեցին վեհափառ հօր պատգամն ու հայրական օրհնութիւնը:

Յաւարտ Ս. պատարագի, տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, աջահամբոյր եւ ճաշկերոյթ` լիբ. օգնութեան խաչի սրահին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )