ՌԻԿԱՅԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԿԸ ՇԵՇՏԷ ՀԱՅ- ԼԱԹՎԻԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ

Նախագահներ Սարգսեան եւ Զաթլերս` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Լաթվիոյ նախագահ Վալտիս Զաթլերսի հրաւէրով, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Լաթվիա, ուր տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Լաթվիոյ նախագահներուն դռնփակ հանդիպումը, ապա երկու երկիրներու պատուիրակութիւններուն ընդլայնուած կազմով հանդիպումը:

Նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Վալտիս Զաթլերս գոհունակութեամբ արձանագրեցին, որ վերջին տարիներուն փոխադարձ այցելութիւններուն եւ բարձր մակարդակի հանդիպումներուն իբրեւ արդիւնք աշխուժացած է Հայաստանի եւ Լաթվիոյ միջեւ քաղաքական երկխօսութիւնը եւ զարգացած են մշակութային, կրթական եւ այլ մարզերուն մէջ կապերը:

Նախագահները անհրաժեշտ նկատեցին հայ-լաթվիական միջկառավարական յանձնախումբի ստեղծումը, ինչպէս նաեւ Երեւանի եւ Ռիկայի մէջ դեսպանատուներու հիմնումը:

Հանդիպման աւարտին ստորագրուեցան Հայաստանի եւ Լաթվիոյ միջեւ 2011-2013 թուականներուն մշակութային համագործակցութեան ծրագիր մը, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ եւրոպական մերձեցման մարզին մէջ համագործակցութեան մասին արձանագրութիւն մը:

Ապա նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Վալտիս Զաթլերս տուին միացեալ մամլոյ ասուլիս մը:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան զարգացման մեծ ներուժը լիարժէքօրէն օգտագործելու «գոյութիւն ունեցող բարենպաստ նախադրեալներուն»` առանձնացնելով առեւտրական-տնտեսական կապերը, զբօսաշրջութիւնը, տեղեկատուական արհեստագիտութիւնը, գիւղատնտեսութիւնը, մշակոյթը, միջխորհրդարանական կապերը, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններուն եւ յատկապէս եւրոպական մերձեցման մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը ընդլայնելու անհրաժեշտութիւնը:

«Նշեմ, որ հայ-լաթվիական համագործակցութիւնը մենք կը դիտենք նաեւ Հայաստանի եւրոպական մերձեցման քաղաքականութեան ծիրին մէջ: Գործընկերոջս հետ համակարծիք էինք, որ Արեւելեան գործընկերութիւնը նոր հեռանկարներ կը ստեղծէ եւ որակական մակարդակի կը տեղափոխէ Եւրոպական Միութեան եւ անոր անդամ երկիրներուն հետ մեր համագործակցութիւնը: Նկատի առնելով այն հանգամանքը, որ Լաթվիան Արեւելեան գործընկերութեան ջատագովներէն է եւ հարուստ փորձառութիւն ունի եւրոպական համարկման մարզին մէջ` պայմանաւորուեցանք այս ուղղութեամբ եւս մեր գործակցութիւնը աշխուժացնել», ըսաւ Հայաստանի նախագահը:

Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին նախագահ Սերժ Սարգսեան նաեւ նշեց, որ լաթվիացի գործընկերոջ ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման վերջին զարգացումները` վերահաստատելով հայկական կողմին այն դիրքորոշումը, որ Հայաստան հաւատարիմ է տագնապը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի բանակցային ձեւաչափով խաղաղ լուծելու յանձնառութեան:

Պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի նախագահը հանդիպում ունեցաւ Լաթվիոյ խորհրդարանի նախագահ Սոլվիթա Ապոլթինայի հետ:

Երկու նախագահները մասնակցեցան նաեւ հայ-լաթվիական գործարար վեհաժողովի բացումին:

Share this Article
CATEGORIES