Մարմնական Ջերմառաջացում, Ջերմատուութիւն Եւ Ջերմաստիճան

Բժիշկ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ          

Մեր մարմնին ջերմաստիճանը ցուցանիշն է մեր մարմնին ջերմային վիճակին:

Անիկա կը պահուի մարմնի ջերմակարգաւորման (heat regulating) յատուկ գործընթացներով եւ կը տարուբերի 36.5-37.5 սանթիկրատի միջեւ:

Ջերմակարգաւորման գործընթացը պայմանաւորուած է մարմնական ջերմառաջացումով (heat production) եւ ջերմատուութեամբ եւ կամ ջերմակորուստով (heat dissipation, loss):

Ջերմառաջացումը կը կանոնաւորուի մարմնի տարբեր օրկաններու եւ հիւսկէններու ջերմարտադրութեամբ, այլ խօսքով` մարմնի ընդհանուր նիւթափոխանակումի գործընթացով, որ հիմնականօրէն տեղի կ՛ունենայ լեարդին մէջ եւ մկաններու պրկում-կծկումներով:

Ջերմատուութիւնը տեղի կ՛ունենայ մարմնի մակերեսէն եւ շնչառական համակարգի խլնաթաղանթէն (mucosa)` երեք ձեւերով.

1. Շողարձակում` մարմնի մակերեսէն դէպի մեր շրջապատը:

2. Անմիջական փոխանցում (conduction)` մարմնի մակերեսէն դէպի մեր հագած հագուստները:

3. Շոգիացում` մարմնի մակերեսէն դէպի մեր շրջապատը:

Շրջապատի ջերմութիւնը եւ խոնաւութիւնը անմիջականօրէն առնչուած են մարմնի ջերմատուութեան հետ: Մեր մարմինը կը փորձէ բնախօսականօրէն հակակշռել եւ կամ համակերպիլ տարբեր միջավայրերու եւ տարբեր եղանակներու ջերմաստիճանի փոփոխութիւններուն հետ: Մարմնի մակերեսը մորթն է, որ կը կատարէ այս աշխատանքը` պահելու համար մեր մարմնին ջերմաստիճանը բնական սահմաններու մէջ: Շրջապատի շատ խոնաւ օդի պարագային, ջերմութիւն չենք կորսնցներ, որովհետեւ մարմնի մակերեսէն շոգիացում տեղի չ՛ունենար:

Անապատի տաք եւ չոր օդի պարագային, ջերմառաջացում տեղի չ՛ունենար, սակայն մարմնի մակերեսէն ջերմատուութիւն եւ ջուրի կորուստ կը պատահի հետեւեալ միջոցներով.

1. Մորթի ներքին խաւին մէջ գտնուող քրտնաբեր գեղձերը կ՛արտադրեն առատ քրտինք, որ կը կորսուի շոգիացումով:

2. Մորթի մազերը կը մնան պառկած հորիզոնական դիրքի մէջ եւ կը նպաստեն ջերմատուութեան:

3. Մորթի մազերակները կ՛ընդլայնին, արեան շրջագայութիւնը կ՛արագանայ եւ ջերմատուութիւնը կ՛աշխուժանայ:

Ցուրտ եղանակներուն ջերմառաջացումը կ՛աշխուժանայ եւ ջերմատուութիւնը կը նուազի հետեւեալ միջոցառումներով.

1. Քրտնաբեր գեղձերը նուազ քրտինք կ՛արտադրեն, շոգիացում տեղի չ՛ունենար, ջուրի եւ ջերմի կորուստ չի պատահիր:

2. Մորթի մազերը կը մնան ցցուն վիճակի մէջ եւ արգելք կը հանդիսանան ջերմատուութեան:

3. Մորթի մազերակները կը նեղնան, արեան շրջագայութիւնը կը դանդաղի եւ ջերմատուութիւնը կը նուազի:

4. Ուղեղի ջերմականոնաւորման կեդրոնի հրահանգներով մարմնի մկանները կը պրկուին, կը կծկուին, տեղի կ՛ունենայ դող եւ ջերմառաջացում:

Ցուրտ օրերուն, երբ մարզանք կ՛ընենք, մարմնի ջերմութիւնը կը պահուի բնական, իսկ տաք օրերուն մարզանք ընելով` տեղի կ՛ունենայ ջերմատուութիւն եւ քրտինք:

Ջերմառաջացումը նուազագոյնի կ՛իջնէ քունի ընթացքին, որովհետեւ մարմնի ընդհանուր նիւթափոխանակումի գործընթացը կը դանդաղի. անիկա առաւելագոյնի կը հասնի օրուան ընթացքին, երբ շարժումի եւ աշխատանքի մէջ ենք, որովհետեւ մարմնի ընդհանուր նիւթափոխանակումի գործընթացը զգալիօրէն կ՛աշխուժանայ: Այս նիւթափոխանակումի գործընթացը շատ զգայուն է մարմնի ջերմաստիճանի փոփոխութեան նկատմամբ: Մարմնի ջերմաստիճանի նուազումով եւ կամ բարձրացումով մարմնի նիւթափոխանակումի գործընթացը զգալիօրէն կը դանդաղի եւ կամ կ՛աշխուժանայ, եւ անհատը կ՛ունենայ զանազան անբնական հիւանդագին երեւոյթներ:

Հետզհետէ բարձրացող զանազան  սանթիկրատ ջերմաստիճաններուն անհատը կ՛ունենայ  մարմնական  տարբեր հակազդեցութիւններ,

38-ին` քրտինք, մարմնական յոգնութիւն, թեթեւ անօթութիւն:

39-ին` քրտինք, երեսի կարմրութիւն, տաքի զգայութիւն, սրտի արագ զարկ, շնչասպառութիւն, յոգնած վիճակ:

40-ին` նուաղում, ջրանուազում (dehydration), մարմնական սուր տկարութիւն, փսխունք, գլխացաւ, գլխապտոյտ, առատ քրտինք:

41-ին` մտային խանգարում, շփոթութիւն, պատրանք (nausea), շատ արագ սրտի զարկ եւ սուր շնչահեղձութիւն. հոս այլեւս անհատը շտապ օգնութեան կը կարօտի եւ կամ` հիւանդանոցային խնամքի:

42-ին` մահաքուն եւ կամ` մահ:

Իսկ հետզհետէ ցածցող սանթիկրատ ջերմաստիճաններուն ան կ՛ունենայ հետեւեալ մարմնական հակազդեցութիւնները.

36-ին` մեղմ դող:

35-ին` սուր դող, մորթի անզգայութիւն եւ տժգնութիւն, սրտի անկանոն զարկ:

34-ին` մատներու անշարժութիւն, մտային շփոթութիւն:

33-ին` սրտի զարկի նուազում եւ անկանոնութիւն, շնչասպառութիւն, մկաններու անշարժութիւն:

32-ին` խոր քուն, մահաքունի վիճակ, անշարժացում, սրտի զարկի դանդաղեցում եւ սուր անկանոնութիւն, մահ:

Մեր մարմնի ջերմաստիճանը կը գիտնանք յատուկ ջերմաչափերով, որոնք կը զետեղուին բերնին, յետոյքին, ականջին մէջ եւ կամ անութին տակ: Մանուկներու մօտ լաւագոյն եւ դիւրին ձեւն է` յետոյքի եւ ականջի միջոցառումները:

Մարմնի ջերմաստիճանը բարձրացում կ՛արձանագրէ ուտելէ եւ հոգեբանական ցնցումներէ ետք, նաեւ` իգական սեռին մօտ դաշտանի օրերուն:

Մարմնի ներքին օրկանները աւելի տաք վիճակ կ՛ունենան, քան մեր մարմնին մակերեսը, այսինքն` մեր մորթը. առ այդ, մեր մարմնի մակերեսին տաքութիւնը կը կանոնաւորուի հետեւեալ միջոցառումներով.

1. Ներքին օրկաններու ջերմութեան փոխանցումը մարմնի մակերեսին անմիջական հաղորդակցութեամբ եւ արեան շրջագայութեամբ:

2. Մեր գործածած հագուստները կը պաշտպանեն մեր մարմինը եւ արգելք կը դառնան մակերեսային ջերմակորուստի:

3. Մեր մորթի եւ շնչառական համակարգի խլնաթաղանթի խոնաւութեան շոգիացումով:

Ամէն ժամ մենք անզգալաբար կը կորսնցնենք մեր մարմնի մակերեսէն եւ շնչառական խլնաթաղանթէն 50 մլ. ջուր, իսկ շատ տաք-չոր եւ աշխատանքով ծանր օրերուն կը կորսնցնենք մինչեւ 1.5 լ. ջուր:

Մոնրէալ 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )