ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐ ԸՆՏՐՈՎԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ խումբ մը քաղաքացիներ Արաբական ծոցի դաշնակցային երկրի իշխողներուն ուղերձ մը յղելով ընտրովի խորհրդարան մը եւ քաղաքական յաւելեալ ազատութիւններ կը պահանջեն:

Ուղերձը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ իր տեսակին մէջ իշխանութեան վերակազմակերպման հրապարակային առաջին պահանջն է: Ուղերձը ստորագրուած  է ընդդիմութեան 130 համակիրներու կողմէ:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու խորհրդարանի կեդրոնատեղին Ապու Տապին է: Ան օրէնսդրական իշխանութիւն չունի եւ անոր քառասուն անդամները իշխող շէյխերուն կողմէ նշանակուած են: Ապու Տապիի Ալ Նահիան ընտանիքը կը վերահսկէ Էմիրութիւններու քարիւղի մեծ հարստութեան վրայ եւ անոր անդամները կը գրաւեն կառավարական գրեթէ բոլոր պաշտօնները: Ալ Նահիանները նաեւ նկատառելի ազդեցութիւն ունին վեց այլ քաղաք-պետութեանց մէջ, ներառեալ` մեծ պարտքեր ունեցող Տուպայի մէջ:

Share this Article
CATEGORIES