Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Պահրէյնի Մէջ Լիբանանի Դեսպանատունը

Catholicos-Aram-I_Lebanon-EmbassyԵրէկ գիշեր Արամ Ա. կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի եւ Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեանի, այցելեց Պահրէյնի մէջ լիբանանեան դեսպանատունը:

Հանդիպումէն ետք դեսպանը տուաւ պաշտoնական ընդունելութիւն մը, որուն ներկայ եղան նաեւ լիբանանեան այլ համայնքներու պատկանող հոգեւորական եւ աշխարհական անձնաւորութիւններ:

Յայտնենք, որ Պահրէյնի միջազգային համագումարը լայն արձագանգ գտաւ տեղական մամուլին մէջ: Նաեւ յայտնենք, որ ժողովական աշխատանքներուն առընթեր, վեհափառը հանդիպումներ ունեցաւ շարք մը պատասխանատու անձնաւորութիւններու, որոնց շարքին` հնդիկ-մալապար եկեղեցւոյ կաթողիկոսին, Անտիոքի յոյն ուղղափառ պատրիարքին, Լիբանանի հանրապետութեան միւֆթիին, Սէուտական Արաբիոյ ներկայացուցիչին եւ այլ բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ:

Համագումարի վերջին նիստին, այլ մասնակիցներու շարքին վեհափառ հայրապետին անունով խoսք առաւ Սեպուհ սրբազան` գնահատելով Պահրէյնի պետութիւնը այս կարեւոր նախաձեռնութեան համար:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )