Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Նիկոլ Աղապապեանի «Հայաստան» Ցուցահանդէսի Բացում

IMG_2819Երէկ` հինգշաբթի, 8 մայիսին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, հովանաւորութեամբ «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու հիմնադրամին եւ ներկայութեամբ արուեստասէրներու եւ արուեստագէտներու, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ կատարուեցաւ բացումը Նիկոլ Աղապապեանի «Հայաստան» թեմայով ցուցահանդէսին:

Արուեստագէտը հարուստ գոյներով եւ Հայաստանի բնութեան հրաշալիքները հարազատօրէն ցոլացնող ամբողջ աշխարհ մը փոխադրած էր Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահ:

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան ներկայացուց արուեստագէտ Նիկոլ Աղապապեանը, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց «Փիւնիկ» համահայկական հիմնադրամին, որ միշտ սատար կը հանդիսանայ հայ մշակոյթի վերելքին ու զարգացման:

IMG_2839Արուեստագէտ Նիկոլ Աղապապեան իր խօսքին մէջ մաղթեց, որ լիբանանահայ արուեստասէր հանրութիւնը ըմբոշխնէ իր արուեստը, ապրի վայելքի պահ մը եւ իր ստեղծագործութիւններուն ընդմէջէն աւելի սիրէ Հայաստանը:

Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան այս ցուցահանդէսին առիթով ներկայ գտնուող արաբական «Հուրրա» պատկերասփիւռի կայանի թղթակիցին հարցումներուն պատասխանելով շեշտեց Հայաստան-Լիբանան մշակութային կապերու սերտացման ու զարգացման անհրաժեշտութիւնը եւ այս ծիրին մէջ անդրադարձաւ Համազգային «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի բեղուն գործունէութեան եւ գնահատեց անոր գործունէութիւնը` հաստատելով, որ ցուցասրահը հերթական դրութեամբ կը հիւրընկալէ հայրենի արուեստագէտներ եւ այս ձեւով լիբանանցի ժողովուրդին կը հրամցնէ մշակութային բարձր որակ:

Յայտնենք, որ այս ցուցահանդէսին Նիկոլ Աղապապեան կը ներկայացնէ իւղաներկ 30 արուեստի գործեր:

Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 22 մայիս 2014, ամէն օր առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:30:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )