Հայկազեան Համալսարանին Մէջ Տեղի Ունեցան «Լիբանանի Հայերը» Գիտաժողովի Ա. Եւ Բ. Նիստերը

1505kidajoghovԵրէկ` հինգշաբթի, 15 մայիսին Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցան «Լիբանանի հայերը» գիտաժողովի Ա. եւ Բ. նիստերը:

Առաւօտեան Ա. նիստին դոկտ. Հուտա Քասաթլի ներկայացուց «Լուսանկարիչ Յովսէփ Մատէնեանը` լիբանանահայ լուսանկարիչներու ենթախորքին վրայ» նիւթով զեկուցումը, դոկտ. Անահիտ Տօնապետեան` «Արեւմտահայերէնի վիճակը Լիբանանի մէջ այսօր. իրողութիւններ եւ պատկերացումներ» նիւթով զեկուցումը, իսկ դոկտ. Արմէն Իւրնեշլեան` «Լիբանանահայ դպրոցի հայագիտական դասանիւթերու ուսուցիչը» նիւթով զեկուցումը:

Յետմիջօրէի Բ. նիստին դոկտ. Օհաննէս Կէօքճեան ներկայացուց «Անտեսուած բնագաւառ մը` լիբանանահայութեան դերը հակամարտութեան լուծման մէջ (1975-1990)» նիւթով զեկուցումը, Ռուբէն Աւշարեան` «Լիբանանահայ երեսփոխանները Լիբանանի խորհրդարանի մէջ. Արժեւորում մը` ներսէն» նիւթով զեկուցումը, Իրինա Փափքովա` «Լիբանանահայ եկեղեցին եւ իր միջավայրը» նիւթով զեկուցումը, իսկ դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան` «Հասարակաց դատեր. լիբանանահայերը եւ Լիբանանի Մայիս 6-ի Նահատակաց եւ Անկախութեան տօները» նիւթով զեկուցումը:

Իւրաքանչիւր նիստէ ետք զեկուցումներու ներկայացման յաջորդեց անոնց քննարկումը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )