Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Պու Սաապէն պահանջեց, որ աշակերտներուն քննութիւններն ու գրաւորները ուրբաթ օրուան համար չնշանակեն: Ան շեշտեց, որ ուրբաթը տօնական օր է, ինչպէս կիրակին` խնդրելով վերջ տալ այս խտրութեան:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի շուրջ 4 միլիոն տոլարի գումար մը նուիրած է` վերանորոգելու համար Թրիփոլիի Սուրիա փողոցը:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթի հետ: Քննարկուեցան երկիրը յուզող ընդհանուր իրադարձութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավարի խորհրդական Ուեհպէ Քաթիշա շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն իր անձնական շահերուն համար կ՛արգելակէ նախագահական ընտրութիւնը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ խորհրդարանը 25 մայիսէն ետք ընտրական խորհուրդ մը չի դառնար` հերքելով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրայի կատարած յայտարարութիւնները:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամեր Սաատէ յայտնեց, որ քրիստոնեաները այլեւս չեն կրնար հանդուրժել հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան հոլովոյթի ձգձգումին:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շարպել Նահհաս կոչ ուղղեց պետական պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու աշխատավարձի յաւելումները ֆինանսաւորել կալուածատէրերու եւ դրամատէրերու շահերուն վրայ տուրքեր աւելցնելով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Ազգային ազատ հոսանքին միջեւ խորհրդակցութիւնները նորութիւն չեն արձանագրած` աւելցնելով, որ իրենք կը մերժեն նախագահական աթոռին թափուր մնալը:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան ղեկավար Տորի Շամուն հաստատեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն բնաւ չի կրնար համաձայնական կամ համախոհական նախագահական թեկնածու դառնալ, որովհետեւ ան Սուրիոյ եւ Իրանի թեկնածուն է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը պատասխանատու նկատեց նախագահական ընտրութեան հոլովոյթի արգելակումին:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա իր քաղաքացիներուն կանաչ լոյս տուած է` Լիբանան այցելելու: Ան աւելցուց, որ սէուտցիներուն Լիբանան ժամանումը գործնական գետնի վրայ սկսած է եւ անիկա փաստ մըն է Լիբանանի ապահովական կայունութեան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ օրաթերթին համաձայն, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կառչած կը մնան Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի թեկնածութեան:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ սուրիացի գաղթականներուն տագնապը լուծելու համար ի վերջոյ խիստ միջոցառումներու պիտի դիմուի:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կառչած կը մնայ նախագահական ընտրութիւնը սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախագահական աթոռին թափուր մնալը հաստատ է եւ պիտի երկարի մինչեւ յառաջիկայ սեպտեմբեր:

ՊԱՆԴՈԿՆԵՐՈՒ սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Փիեռ Աշքար յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեամբ կ՛ամրապնդուի նաեւ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Սայեղ յայտնեց, որ օրէնսդրական աշխատանքը վերջ կը գտնէ մարոնի համայնքի ներկայացուցիչին բացակայութեան պարագային:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Պքերքէի մէջ մարոնի համայնքի ղեկավարներուն միջեւ հանդիպում մը կարելի չեղաւ կազմակերպել:

ՕՐԷՆՍԳԷՏ Հասան Ռիֆայի յայտնեց, որ 25 մայիսէն ետք խորհրդարանը օրէնսդրական նստաշրջան մը կրնայ ունենալ` կառավարութեան որոշումով:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ մօտիկ աղբիւրներուն համաձայն, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ Երուսաղէմ կատարուելիք այցելութիւնը Սուրիան եւ Իսրայէլը հաւասար կը դարձնէ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներ շեշտեցին, որ Լիբանանի հանրապետութեան նոր նախագահը յաջորդ շաբթուան ընթացքին պիտի ընտրուի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահին պաշտօնավարութեան նստաշրջանը կարելի չէ երկարաձգել` աւելցնելով, որ Մուսթաքպալ հոսանքը կախարդական գաւազան մը չունի նախագահական ընտրութեան տագնապը լուծելու:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրան, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի կացութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )