Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Կրնաք համակերպիլ մէկուն կամ միւսին ներկայութեան, խօսիլ առանց կաշկանդումի: Կրնաք որեւէ հարցի մասին ձեր կարծիքը տալ: Օրուան մէջ պիտի ունենաք հանդիպումներ:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Մի՛ ազդուիք այն անձերէն, որոնք կրնան աւելի փորձառութիւն ունենալ, քան դուք: Իւրաքանչիւր անձ կրնայ ներդրում ունենալ իր մարզին մէջ:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Պիտի կատարէք ընթերցումներ այն գիրքերէն, որուն ձեր բարեկամներուն կողմէ ձեզի նուէր տրուած են: Մեծ յափշտակութեամբ պիտի կարդաք զանոնք: Օրը հաճելի է:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Դրամական մուտք մը պիտի ունենաք, զոր չէիք ակնկալեր: Այսպիսով, պիտի կարենաք ձեր պարտքը փակել եւ հանգստանալ: Շարունակեցէք  նոյն թափով աշխատիլ եւ գոհանալ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Իրաւունք ունիք երբեմն մեկուսանալու, առանձնութեան մէջ հանգստանալու կամ կատարելու ձեր ուզած աշխատանքը, աղմուկէ հեռու: Օրը պիտի անցընէք հանգիստ վիճակի մէջ:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Պիտի ունենաք ձեզի օգնողներ` աշխատանքի մէջ, նոյնպէս` տան մէջ: Օրուան ընթացքին պիտի չունենաք հեւքոտ կամ աճապարանքով գործունէութիւն:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Հաճելի է օրը, պիտի հանդիպիք այնպիսի մարդոց, որոնք պիտի ունենան ջերմ համակրանք ձեր նկատմամբ: Անտարբեր չէք կրնար մնալ, պատասխանեցէք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ընկերային տրամադրութիւն ունեցէք, ձեր լուրերը փոխանցեցէք եւ լուրեր ստացէք: Սիրալիր վերաբերումով մասնակից եղէք հարազատներու կեանքին եւ ուրախութեան:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր օրը խաղաղ եւ ուրախ անցընելու համար մէկ միջոց կը թելադրուի ձեզի. երաժշտութիւն ունկնդրել: Մի՛ արհամարհէք նման առիթները եւ գնահատեցէք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Մի՛ խռովիք անիմաստ գնումի մը համար: Ձեր ժամերը կեդրոնացուցէք կարեւոր եւ օգտակար գործերու` ձեր անձին եւ ընկերութեան համար:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ունիք զօրաւոր զգացողութիւն օրուան պահերուն համեմատ շարժելու: Կրնաք ձեր տրամադրութիւնը ուղղել եւ կեդրոնացնել ըստ պահանջի եւ նուիրումի:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր ընկերային շրջանակին մէջ ամէնուն ուշադրութիւնը ձեր վրայ պիտի կեդրոնանայ: Օրուան դէմքը կրնաք նկատուիլ անոնց կողմէ, երբ ձեզմէ լսեն ձեր կեանքին պատմութիւնը` անկեղծութեամբ արտայայտուած:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )